Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ժամանակ տրամադրեցէք, որպէսզի ձեր ծրագրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղէք զայն լաւագոյն ձեւով իրագործելու համար: Կը շահիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր հաշիւին մէջ սխալ մը կրնաք ունենալ, հետեւաբար անգամ մը եւս հաշուելու պարտաւոր էք: Փոքր թիւրիմացութիւն մը մեծ հոգ կը բանայ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ կ՛ուզէք անձի մը նկարագիրը լաւ հասկնալ, անոր հետ ճամբորդեցէք կամ միասնաբար սեղան նստեցէք ճաշկերոյթի: Ձեր բարեկամները ընտրեցէք միշտ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անհարկի մտահոգութիւն մը պիտի ունենաք, որ պիտի վնասէ օրուան ընթացքին ձեր կատարելիք աշխատանքին: Սին մտածումները հեռացուցէք ձեզմէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անհանգստութեան մը պատճառով անկողին պիտի մնաք: Թէեւ լուրջ հարց մը չունիք, բայց նոյնիսկ թեթեւ կարծուածներն ալ հարկ է կանխել լուրջ տրամադրութեամբ: Ձեր մարմնին հսկիչը եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր կարողութենէն աւելի գործերու մէջ մխրճուած էք, հետեւաբար ժամանակը եկած է անդրադառնալու եւ մէկ կողմ ձգելու ձեզի չվերաբերող գործերը: Ձեր ծառայասիրութիւնը կրնան օգտագործել ոմանք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ճամբորդութեան մը կը պատրաստուիք: Եթէ ընկերովի կատարէք, աւելի հաճոյք պիտի առնէք: Նոյն ատեն խնայած կ՛ըլլաք որոշ գումար մը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նուէր մը ընծայելու պիտի ստիպուիք ուրախ առիթի մը համար: Ձեր ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ յարմար` նուէրը ստացողին: Նկատի առէք անոր ճաշակը եւ նկարագիրը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր կատարած բարիքը եթէ նկատի չառնուի, լուռ մնացէք, ժամանակը կու գայ ինքնաբերաբար ձեր միտքը արտայայտելու եւ զգաստութեան հրաւիրելու անզգամները:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լռութիւնը ոսկի է կ՛ըսեն, բայց երբեմն ալ` անիմաստ: Խօսքը արտայայտելու առիթը միշտ կու գայ իր ժամանակին: Անտեղի խօսելու փոխարէն` լուռ մնացէք: Շատախօսութիւնը կը զզուեցնէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուր որ երթաք, նկատի առէք օրուան եղանակը, առիթը եւ ձեր հոգեկան տրամադրութիւնը: Աշխատանքի օրը արժեւորեցէք առանց ձանձրանալու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի վայրին մէջ ջանացէք ձեր գործակիցներուն հետ սիրով ըլլալ: Եթէ նոր պարտականութիւն մը յանձնեն ձեզի, ընդունեցէք առանց տրտունջի:

Share this Article
CATEGORIES