Ազգային Մտահոգութիւններ. Երիտասարդները Մեր Օգնութեան Կը Կարօտին
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Մեր ազգային կեանքին մէջ ունինք բազմատեսակ մտահոգութիւններ, որոնց մասին կը մտածենք անշուշտ, բայց կը ձգենք մոռացութեան գիրկը` առանց լուծելու: Հաւանաբար ըսուի, թէ անլուծելի խնդիրներ կան, բայց արդեօք օրակարգի վրայ դրուա՞ծ են անոնք:
Սկսինք մեր դպրոցներուն վիճակէն: Քանի որ ազգային բառը գրեցինք, սկսինք մեր ազգային վարժարաններու ահագին «բաց ունեցող» պիւտճէէն: Պատճառը անշուշտ երկրին անապահով, այլազան տագնապներ դիմակալելն է: Յստակ է: Լուծո՞ւմը:
Ունինք այլ կարեւոր հարց մը եւս. մեր շուարած երիտասարդութեան օգնութեան ձեռք երկարելը: Բնակարանային սղաճին դէմ յանդիման կը գտնուի երիտասարդութիւնը, ինչ որ գլխաւոր արգելքն է նոր ընտանիք կազմելու: Ինչո՞ւ կը նուազի մեր թիւին աճը: Կողմնակի անկիւններու մէջ կ՛արծարծենք այս եւ նման տագնապներ, բայց ճարին չենք նայիր: Տարիները կ՛անցնին, երիտասարդներուն ամուսնութեան տարիներն ալ կ՛անցնին անպտուղ:
Ամէն բանէ առաջ այս երկու հիմնական հարցերուն մասին պէտք է մտածել` սփիւռքի այս բաբախող սիրտը, Լիբանանի հայութիւնը փրկելու համար, որ ախ ու վախով չի վերջանար, այլ` գործնական միջոցառումներով:
Մեր հարուստ, ունեւոր դասակարգը հեռացած է իր ազգային շահերը պահպանելու պարտաւորութիւններէն: Ան իր գումարները կը դնէ օտար վարժարանին` պատճառաբանելով մեր վարժարաններուն տկարութիւնը (իբր թէ):
Այս վերաբերումը կը բացայայտէ նախ` մեր օտարամոլութիւնը: Օտարին ըրածը լաւ կ՛ըլլայ միշտ, մերինը` ոչինչ, ուրեմն ընդօրինակենք:
Երկրորդ կարեւոր պատճառը մեր տգիտութիւնն է, այսինքն չենք ճանչցած մենք զմեզ, մեր հայկական ինքնութեան ծանօթ չենք, ուրկէ՛ եկած ենք եւ ո՛ւր կ՛երթանք կամ պէտք է երթանք, կարեւոր չէ: Մեր երրորդ մեղքը մեր հրաշալի մշակոյթին, մեր հայու տաղանդին երես դարձնելն է: Չենք հաւատար մեր ուժին, մեր ստեղծագործական հանճարին: Մեր լեզուն կ՛անտեսենք, կ՛ուրանանք, օտարին լեզուն կը գերադասենք, որպէսզի յաչս մեր շրջապատին` նկատուինք զարգացած: Լեզուն մեր ինքնութեան անձնագիրն է, եթէ չունիս սեփական անձնագիր, չես ճանչնար նոյնիսկ ինքզինքդ:
Մեր մատնանշած անդիմագիծ դասակարգը մեծամասնութիւն դարձած է: Ամէն թերութիւն, անտարբերութիւն կը բեռցնենք մեր ապրած տագնապներուն, Լիբանանի երկարամեայ քաղաքացիական պատերազմին վրայ: Կը սպասենք, որ միշտ ուրիշը ընէ, ուրիշը օգնէ օգնութեան կարօտին, մենք դիտենք, կամ քննադատենք կատարուած բարիքը:
Արդեօք միտք պահա՞ծ ենք, թէ քանի՛ հայկական դպրոց փակուած է մեր յիշած պատերազմին եւ այդ պատճառով երկրէն գաղթած մեր ժողովուրդին բացակայութեան: 13 վարժարան: Ութ ազգային վարժարան, երկու կաթողիկէ, երկու աւետարանական եւ մէկ ՀԲԸ միութեան:
Այս վարժարաններուն մէկ մասին թափուր ձգուած կառոյցները, դասարաններ կամ սրահներ, օգտագործուեցան յարմար ձեւերով, ուրիշներ մնացին անգործածելի, դատարկ: Արդեօք կարելիութիւն չկա՞ր զանոնք օգտագործելու, շահաբեր կալուածի վերածելու: Կրնանք յիշել նման լքեալ կալուածները, բայց կը նշենք պարզապէս եղելութիւնը` յուսալով, որ անդրադարձում մը կ՛ունենայ:
Վերջին տասնամեակին, փառք Աստուծոյ, կառուցեցինք նոր եւ յարմարաւէտ հանդիսասրահներ: Մեր վարժարանները արդէն բոլորն ալ ունին իրենց սրահները, որոնք գոհացում կու տան ներքին ձեռնարկներ կազմակերպելու:
Մինչեւ 1975 թուականը երբ մեր գաղութը կը հաշուէր աւելի քան 300,000 բնակիչ, ունէինք քանի մը հանդիսասրահ, ինչպէս մայրաքաղաքի «Յովակիմեան-Մանուկեան» վարժարանի «Կիւլպենկեան» հանդիսասրահը եւ Պուրճ Համուտի «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը: Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահն ալ որոշ չափով գոհացում կու տար մեր մշակութային ձեռնարկներուն, դասախօսական կամ ճաշկերոյթի վերաբերեալ հանդիպումներու: Լիբանանի պատերազմի տարիներուն ունեցանք նոր հանդիսասրահ մը` «Յովհաննէս Պօղոսեան» (Պուրճ Համուտ):
Հանդիսասրահներով հարուստ ենք ներկայիս: Նոր կառուցուած սրահները անշուշտ աւելի արդիական են եւ յարմարաւէտ ու գրաւիչ, հարկ է արժեւորել զանոնք մեր օգտակար գործունէութեամբ եւ նպատակայարմար նախաձեռնութիւններով: Նորոգուած են նաեւ մեր ակումբներուն ներքին կառոյցը եւ սրահները: Իւրաքանչիւր շրջան կամ թաղամաս ինքնաբաւ է այս իմաստով: Հարկ է ներգրաւել երիտասարդ սերունդը, պարման-պատանիները: Կարիքը ունինք զօրաւոր դաստիարակութեան` ընտանեկան, միութենական եւ կրթական, որպէսզի կարենանք մեր մշակոյթը, մեր արժէքները փոխանցել անոնց, հաւատաւոր դաստիարակներու մատուցմամբ: Ընտանիք, եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ անհրաժեշտ գործօններով պէտք է արժեւորեն իրենց գիտութիւնը, ուսումը, հաւատքը, գաղափարականը, որպէսզի արժանի ըլլանք գոյատեւելու իբրեւ սփիւռքի սիրտը, իբրեւ լիբանանահայեր:
Մեր բաղձանքն է, որ մեր ազգային մարմինները բաղկացնող մեր վարչական, թաղական, հոգաբարձու, կուսակցապետ, ուսուցիչ, եկեղեցական, սկաուտապետ, մշակոյթի գործիչ եւ մանաւանդ` ծնողք արթուն մնան, իւրաքանչիւրը իր պարտականութիւնը կատարէ ամենայն սրտով եւ ոչ` մատին ծայրով, կամ` լսածը ականջին ետեւ նետելով:
Մեր անձնական-ընտանեկան պարտաւորութիւններուն նման մօտէն հետաքրքրուինք մեր կառոյցներուն ճակատագրով, նիւթական թէ բարոյական իմաստով, որպէսզի մէկս միւսին չըսենք` «Ո՞ւր կ՛երթանք այսպէս», չըսենք` «Ինչո՞ւ համար թմրամոլները բազմացած են», «Ինչո՞ւ օտար ամուսնութիւնները աճ արձանագրած են», «Ինչո՞ւ երիտասարդները բնակարանի տագնապի պատճառով չեն կրնար ընտանիք կազմել», «Ինչո՞ւ մեր հարուստները օտար վարժարաններ կ՛ուղարկեն իրենց զաւակները» եւ այլն…
Սրբագրենք թերիները, մանաւանդ անտարբերութիւն եւ օտարամոլութիւն կոչուած հիւանդութիւնները բուժենք արտակարգ արշաւներով, ազդու նախաձեռնութիւններով: Եթէ շարունակենք անտարբերութիւնը, մօտէն չհսկենք մեր ունեցածին, մէկ կողմ թողունք լքեալ կալուածները, երիտասարդութեան հարցերը չլուծենք գործնական միջոցներով, պիտի զարմանանք թմրամոլ երիտասարդներու եւ միասեռական երիտասարդներու աճին…
Մենք քիչ ըսինք, դուք շատ հասկցէք, յարգելի պարոնայք եւ տիկնայք լիբանանահայ մեր հիանալի գաղութին: Այսօրուան գործը վաղուան չձգենք, վաղը ուշ կ՛ըլլայ…

