Վկայարան Եւ Ներշնչարան Գալիք Սերունդներուն (Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութիւն» Հատորի Խմբագիր Վիգէն Աւագեանի Խօսքը` Գիրքի Շնորհահանդէսին)

Vicken-Avakian_Mikayel-VarantianՈրքան կը մօտենանք Եղեռնի 100-ամեակին, այնքան աւելի նկատելի կը դառնայ ճիգ մը պեղելու եւ հասկնալու 100-ամեակը կանխած ժամանակաշրջանի պատմական անցուդարձերը, որոնք մեր ժողովուրդը առաջնորդեցին Ցեղասպանութեան մեծ ոճիրին:

100-ամեակը կանխած ժամանակաշրջանը մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական մէկ հանգրուանն է, ուր հայկական կուսակցութիւններու ստեղծումով, նոր հայու եւ նոր Հայաստանի կերտումն է, որ ծնունդ կ՛առնէ: Պատմակշիռ դէպքերը իրարու կը յաջորդեն. Զարթօնք, Հայկական հարցի միջազգայնացում, յեղափոխութիւն, օսմանեան սահմանադրութիւն եւ  Ցեղասպանութիւն: Կարծէք չորսհազարամեայ մեր պատմութիւնը խտացած է այդ երեք-չորս տասնամեակներուն մէջ:

Պատմական այս հանգրուանին մասին շատ բան գրուած է ու դեռ պիտի գրուի: Վերջին տարիներուն լոյս տեսան նորանոր հատորներ. Գէորգ Խուդինեան, Աշոտ Մելքոնեան, Աշոտ Ներսիսեան բաւական լոյս սփռեցին այս ժամանակաշրջանի անցուդարձերուն վրայ: Լիբանանի մէջ, 2009-ին, Հրաչ Տասնապետեանի «Պատմութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան» գործին հրատարակումով կարեւոր բաց մը գոցուեցաւ: Անշուշտ` առանց մոռնալու Երուանդ Փամպուքեանի «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» հատորներու շարքը, որոնք պատմական աղբիւրներու հարուստ շտեմարան մը հրամցուցին մեզի:

Մեր նշած բոլոր գործերը ուսումնասիրական աշխատանքներ են, գրուած` մեզի ժամանակակից հեղինակներու կողմէ, աղբիւրներու եւ փաստաթուղթերու հիմամբ: Բոլորն ալ արժէքաւոր գործեր են, սակայն պակասաւոր կը մնան, այնքան ատեն որ դէպքերու եւ դէմքերու ներկայացումէն, պատճառ-հետեւանքներու բնորոշումէն անդին չեն խորանար մեր հաւաքական անհատականութեան ու մեր ենթակայական աշխարհին յայտնաբերման մէջ:

Եւ ճիշդ հո՛ս կը կայանայ Միքայէլ Վարանդեանի գործին արժէքը: Գործ մը, որ կու գայ որոշ բաց մը գոցելու:

Միքայէլ Վարանդեան, Ղարաբաղի բարձունքներէն եկած Դաշնակցութեան տեսաբանը, պատմագիտական իր հմտութիւններուն կողքին, ենթակայական աշխարհի մարդ է, ապրումներու, զգացումներու արտայայտիչն է: Տեղեկութիւն, վերլուծութիւն, գիտական խստութիւն եւ բծախնդրութիւն ներկայ են իր գործին մէջ, բայց նաեւ անոնց կողքին կան հայութեան որակը, հայկական յեղափոխութեան եւ այս պարագային` ՀՅ Դաշնակցութեան ինքնուրոյն դիմագիծը ներկայացնելու յստակ ճիգն ու շեշտը:

Պատասխանատու եւ մեծակշիռ գործ է այս մէկը. լուսարձակի տակ առնել եւ ըստ այնմ վերլուծել եւ վերարժեւորել ազգի մը կեանքը, անոր հոգեմտաւոր, քաղաքական-գաղափարական աշխարհը, հարազատ նկարագիրը, ճակատագի՛րը` եթէ կ՛ուզէք: Այս մէկը կը պահանջէ թէ՛ արուեստ եւ թէ՛ գիտութիւն, ինչ որ ներկայ է Վարանդեանի մօտ: Արդարեւ`

Ա) Միքայէլ Վարանդեան Դաշնակցութեան պատմահայրն է: Առաջին պատմիչը, որ գրի առած է 1870-1910 երկարող հանգրուանին պատմութիւնը: Պէտք է ըսել, որ ան քաջածանօթ է այդ հանգրուանը կանխող եւ յաջորդող ժամանակաշրջաններուն, որովհետեւ առանձին գործեր ունի նաեւ անոնց նուիրուած, ինչպէս` «Հայկական շարժման նախապատմութիւն»-ը (հրատարակուած` երկու հատորով):

Ան բեղուն գրիչի տէր մարդ է եւ իր ստեղծագործական կեանքի 31 տարիներուն ընթացքին (1903-1934) գրած է 16 գիրք, երկուքը` երկու հատորով: Ունի նաեւ ֆրանսերէնով երկու գիրք` «Հայաստան ու Հայկական հարցը» եւ «Հայ վրացական վէճն ու Կովկասի պատերազմը»:

Բ) Վարանդեան հրապարակագիր է ամէն բանէ առաջ: Երկար տարիներ ան վարած է «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը, յատկապէս` Քրիստափորի նահատակութենէն ետք (1905): Երկրի թղթակցութիւններու հսկողն ու վերամշակողն է: Թերթին առաջնորդող յօդուածներու եւ խմբագրականներու հեղինակը: Յաճախ «Դրօշակ»-ի թիւերը առանձինն լեցնողը:

Գ) Վարանդեան հմուտ է լեզուներու եւ գիտութեանց մէջ` ուսանած ըլլալով եւրոպական ոստաններու մէջ  (Գերմանիա, Ժընեւ): Ան Քրիստափորի ծաւալած եւրոպական քարոզչութեան մասնակից է` դասախօսութիւններով, յօդուածներով եւրոպական մամուլին եւ «Փրօ Արմէնիա»-ին մէջ ներկայացնելով Դաշնակցութիւնը: 1914-ին Պօղոս Նուպարի պատուիրակութեան գործակից է, հետագային` Փարիզի պատուիրակութեան աջակից: ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն է Ընկերվարական միջազգայնականին մօտ, իսկ Ա. հանրապետութեան շրջանին` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը Հռոմի մէջ:

Այս բոլորը ընդհանուր բնութագիր մը կու տան Վարանդեան մարդուն եւ դաշնակցականին`

1. Լայն մտահորիզոնին,

2. Հայ իրականութեան խոր ծանօթութեան,

3. Եւ այդ իրականութիւնը օտարներուն եւ յատկապէս կուսակցութեան ընդդիմախօսներուն ներկայացնելու մեծ ճարտարութեան:

Հետեւաբար, առաջին հերթին կարելի է եզրակացնել, որ «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն»-ը հիմնականին մէջ կը կրէ կնիքը հրապարակագիր եւ քարոզիչ Վարանդեանին:

«ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն» գիրքին առաջին հատորը լոյս տեսած է 1932-ին, Վարանդեանի մահէն երկու տարի առաջ, Փարիզ, մինչ երկրորդ հատորը հրատարակուած է մահէն 16 տարի ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, Գահիրէ, 1950-ին: Երկու հատորներն ալ հետագային վերահրատարակութեան չեն արժանացած (փորձեր կատարուած են պատճէնահանումով օրինակներ շրջանառութեան մէջ դնելու) եւ հրապարակէն շատոնց սպառած են:

Վարանդեանի մահուան 80-ամեակին առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը շնորհակալ գործ կը կատարէ այս երկու հատորները լոյսին բերելով: Իսկ շնորհակալութեան կարեւոր մէկ բաժին մըն ալ կ՛երթայ հրատարակութեան մեկենասներուն` տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններուն: Գիրքը նուիրուած է հաւատաւոր դաշնակցական Մատթէոս Պէրպէրեանի յիշատակին:

Իբրեւ Ձեւ

1. Այս հատորը մէկ հրատարակութեան մէջ կը համախմբէ Վարանդեանի երկու հատորները եւ կը միօրինականացնէ հրապարակագրական հեւքով գրուած տարբեր հատորներու եւ երբեմն նոյն հատորի տարբեր գլուխներուն մէջ տարբեր ձեւերով գրուած անունները, տեղանունները եւ կարգ մը ըսելաձեւեր:

Վարանդեան հրապարակագիր մարդ է եւ կը սիրէ ընդգծումներ եւ շեշտադրումներ կատարել: Վերամշակման ժամանակ ան յաճախ լրացումներ կը կատարէ էջատակի մատնանշումներով, որոնք երբեմն իրենց կարգին էջեր կը լեցնեն: Այս բոլորը խմբագիրէն կը պահանջեն բծախնդիր եւ համբերատար աշխատանք` պատմութեան թելը չկորսնցնելու եւ հիմնականը երկրորդականէն կարենալ զանազանելու համար:

2. Այս հատորը կը ներկայացնէ անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկ, ինչ որ դաստիարակչական իմաստով կը դիւրացնէ անոր օգտագործումը բանասէրներու եւ պատմութեամբ հետաքրքրուողներու համար: Նման ցանկի մը պատրաստութիւնը (1000 անձնանուն եւ 250 տեղանուն) սեւ աշխատանք է եւ հատորը խմբագրելու չափ ճիգ ու ժամանակ կը պահանջէ:

3. Հատորը կը բացուի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի վկայակոչական խօսքով` նուիրուած Հայ դատի խոնարհ հերոս Մատթէոս Պէրպէրեանի յիշատակին: Կը յաջորդեն հատորի խմբագիրին հրատարակութեան արժեւորման խօսքը եւ Միքայէլ Վարանդեանի յառաջաբանը:

Իբրեւ Մօտեցում

Ինչո՞ւ այս գիրքը հարցումին, Վարանդեան ի՛նք կու տայ պատասխանը իր յառաջաբանին մէջ, երբ կ՛ըսէ. «Գրե՜նք պատմութիւնը: Անցեալի պաշտամունքը հերոսներու եւ հերոսական գործերու պաշտամունքը ամենազօրաւոր խթաններէն է ազգերու յառաջդիմութեան»:

Քիչ անդին ան կ՛աւելցնէ. «Գալոց սերունդներու համար ազնիւ ներշնչումներու անսպառ աղբիւր պիտի լինի այն տիտանեան սերունդը, որ իր ձեռքն առաւ հայ ազատագրական շարժման գութանը եւ անվհատ քալեց իր ճամբան անդունդէ անդունդ, տագնապէ տագնապ, հերկեց, տնքաց ու նահատակուեցաւ ամէնէն նուիրական գաղափարին համար, ամէնէն դժնդակ միջավայրում…»:

Ուրեմն` Վարանդեան իր գործով սոսկ պատմագիտական նպատակ չի հետապնդեր, այլ նաեւ` դաստիարակչական. «Աղբիւր նոր սերունդներուն», «Խթան` ազգի յառաջդիմութեան»:

Վարանդեան կ՛անդրադառնայ նաեւ գիրքի հեղինակման դժուարութիւններուն: Նպատակը սահմանելէ ետք ան կը խոստովանի, որ`

1. «Խիզախ գործ  մըն է մէկ երկու հատորի մէջ ամփոփել քառասուն տարուան պատմութիւն: Պէտք են թերեւս 40 հատորներ»:

2. «Հայկական յեղափոխութեան շրջանը դեռ չէ գոցուած: Ի՞նչ պիտի լինի շարժման վախճանը, ինչպէ՞ս պիտի ներկայանայ վերջին դրուագը … մեր զաւակները եւ թոռները կ՛իմանան այդ»:

Հետեւաբար ան կ՛որոշէ.

«Կանգ առնել միայն գլխաւոր հանգրուաններուն վրայ, ցուցադրել պատմութեան կարեւորագոյն դրուագները եւ ջանալ քիչ-շատ ամբողջական գաղափար մը տալ կուսակցութեան կատարած պատկառելի աշխատանքին մասին… հրաժարելով մանրամասն նկարագրութիւններէ»:

«…Հրաժարիլ տեղ տալէ` կուսակցութեան մեծ ու փոքր հաւաքոյթներու արձանագրութիւններուն (…) Ընդհանուր ու Շրջանային ժողովներու երկարաշունչ, ստէպ ամբողջ ամիսներ տեւող, տենդային վիճաբանութիւններուն»:

Ըստ Բովանդակութեան

Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն» երկհատոր գիրքին միացեալ այս հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 30 գլուխներէ:

Գիրքին առաջին վեց գլուխները կը ներկայացնեն հայկական յեղափոխութեան սկզբնաքայլերը. «Հայկական շարժումը նախքան Դաշնակցութիւնը», «ՀՅ Դաշնակցութեան ծնունդը», «Առաջին տարիներ», «Ղեկավարները», «Ծրագիր, տակտիկ, աշխարհահայեացք» եւ «Պարսկաստանը որպէս խարիսխ»:

Պատմագիտական առումով առաջին վեց գլուխները կը կազմեն Վարանդեանի գործին ամէնէն թոյլ բաժինը, որովհետեւ անոնք աւելի յուզական եւ դաստիարակչական բնոյթ ունին, քան` պատմագիտական:

Չմոռնանք, որ այս երկը Վարանդեանի վերջին հնգամեակի արտադրութիւնն է եւ կը կրէ դրոշմը ֆիզիքական եւ հոգեկան անոր ընկճուածութեան: Ան պարտաւորուած էր հետազօտական լայն աշխատանք կատարել 40 տարի առաջ պատահած դէպքերու մասին, ինչ որ ի վիճակի եղած չէ ըստ երեւոյթին, եւ մասամբ անբաւարար կը թուին ըլլալ իր հաւաքած տուեալները` այս բաժնին մշակման համար:

7-9-րդ գլուխները կը ներկայացնեն Սասնոյ Ա. ապստամբութիւնը, Պանք Օթոմանի գրաւումը եւ Խանասորի արշաւանքը: Առաջին վեց գլուխներու մտահոգութիւնը չկայ այստեղ, որովհետեւ Վարանդեան  մօտէն առնչուած է դէպքերու մանրամասնութիւններուն` իբրեւ «Դրօշակ»-ի խմբագիր եւ իրադարձութիւններուն մօտէն ծանօթ: Պատմագիտական մեթոտը աւելի հաւասարակշիռ է եւ կուռ:

10-րդ գլուխը` «Տեղատուութիւն»-ը, 1896-ի յաջորդող մտայնութիւնները եւ 1900-ականներու Օսմանեան կայսրութեան եւ մեծ պետութեանց դիրքերը ներկայացնող, գիրքին ամէնէն արժէքաւոր բաժինն է: Շահեկան են թէ՛ եւրոպական դիւանագիտութեան կեցուածքներու վերլուծումը եւ թէ՛ Ապտիւլ Համիտի նախաձեռնած բանակցութիւններու փորձերուն ներկայացումը:  Նիւթը Վարանդեանի կալուածն է, հետեւաբար` շատ լայն եւ լաւ ձեւով ներկայացուած:

11-րդ եւ 14-րդ գլուխները կը ներկայացնեն Տարօնի կացութիւնը Սասնոյ Ա. եւ Բ. ապստամբութիւններուն միջեւ: Միջանկեալ գլուխները` 12-րդը եւ 13-րդը նուիրուած են հայ-քրտական եւ հայ-մակեդոնական գործակցութեան:

15-րդ եւ 16-րդ գլուխները կրկին կը վերաբերին Սասնոյ շարժումին եւ կը ներկայացնեն ապստամբութեան կապուած Կովկասի հայութեան ճիգը եւ քաղաքական-դիւանագիտական աշխարհի կեցուածքը:

17-րդ գլուխը կը պարզէ Դաշնակցութեան մարտական ճիգերուն մէկ արտայայտութիւնը` «Փոթորիկ» շարժումը:

Յաջորդող եօթը գլուխներով, 18-24-րդ, կը ներկայացուին դէպքերու եւ մտայնութիւններու հոլովոյթը «Նոր ճակատ»-ի մը` կովկասեան հողի վրայ:

25-րդ գլուխը կ՛անդրադառնայ Դաշնակցութեան Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ գործունէութեան եւ կը խօսի սուլթան Ապտիւլ Համիտի մահափորձին մասին: Մինչ 26-րդ գլուխը կը վերադառնայ «Համառուսական իրարանցում»-ին:

Այնուհետեւ կը յաջորդեն Բ. հատորին բովանդակութիւնը կազմող չորս գլուխները, որոնք կը ներկայանան կիսատ եւ վերախմբագրուելիք վիճակի մէջ: Բ. հատորի առաջին հրատարակութեան ՀՅԴ Բիւրոյի «Երկու խօսք»-ը կ՛ըսէ թէ` «Դաշնակցութեան գերագոյն մարմինը որոշեց հրատարակութեան տալ, թող թէ իր թերի վիճակին մէջ»:

Յիշեալ չորս գլուխները (նոր հրատարակութեան 26-30-րդ գլուխները), նուազ հռետորական են եւ աւելի փաստագրական-ուսումնասիրական շեշտ ունին, այդ ալ կը պարտինք իրենց այսպէս ըսուած «թերի վիճակին»: Գլուխները կը ներկայացնեն` «Սահմանադրական Թուրքիան եւ հայութիւնը», «ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Կիլիկիա», «Դաշնակցութիւնը Իրանի ազատագրական շարժման մէջ» եւ «Ցարական ռէակցիան եւ Դաշնակցութեան դատը»:

Վարանդեանի «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն»-ը պատմագիտական արժէքաւոր սկզբնաղբիւր մը ըլլալու կողքին, դաստիարակչական իմաստով ու արժէքով գրուած հերոսապատում մըն է, տեսակ մը վկայարան եւ ներշնչարան գալիք սերունդներուն, որմէ կ՛արժէ, որ օգտուին բոլո՛րը, բայց յատկապէս` այսօրուան երիտասարդները, որպէսզի ծանօթանան պատմութենէն մեզի եկող հայութեան ներքին ձայնին եւ այդ ձայնին հարազատ արձագանգը հանդիսացող ՀՅ Դաշնակցութեան յարատեւ ու անսահման զոհաբերութիւններուն,

Ի խնդիր հայութեան պատմական իրաւունքներուն տիրացման,

Եւ հայ մարդուն քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային իրաւունքներուն լիակատար նուաճման:

 

Share this Article
CATEGORIES