Պրն. Մուշեղը (Մուշեղ Իշխանի Ծննդեան 100-Ամեակի Առթիւ)
ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Մուշեղ Իշխան
Երբ միջնակարգը աւարտեցի, Սեն Կրեկուարի դասընկերոջս` Յարութիւն Ժամկոչեանին հետ որոշեցինք մեր երկրորդական ուսումը շարունակել Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: 1963-1964 կրթական տարեշրջանի վերամուտին Յարութին հետ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ փողոցի անկիւնէն նստանք դէպի քաղաքին կեդրոնը գացող ինքնաշարժ մը, որ մեզ հասցուց մինչեւ Տպպաս հրապարակ: Հազիւ 16 տարեկան ըլլալու էինք եւ առաջին անգամն էր, որ առանձին Էշրեֆիէէն դուրս կ’ելլէինք` երթալու քաղաքին արեւմտեան թաղերը գտնուող մեր նոր դպրոցը:
Պուրճի հրապարակէն անցնելով, Լազարիստներու շէնքին առջեւէն, «Սինեմա Քափիթոլ»-ին կողքով, բարձրացանք Ս. Նշան եկեղեցւոյ վերելքը, Զոքաք Պլաթի մզկիթին քովէն դարձանք աջ, դէպի Հիւսէյն Պէյհում փողոց, ուր թիւ 10 հասցէին կը գտնուէր Ճեմարանը:
Երբ երկաթէ մեծ դարպասէն ներս մտանք, առջեւս բացուեցաւ 18-րդ դարու լիբանանեան ճարտարապետական ոճով կառուցուած, կանաչ փեղկերով եւ կարմիր կղմինտրէ տանիքով եռայարկ հսկայ շքեղ կառոյց մը, դիմացը` բոլորակաձեւ կանաչազարդ պարտէզով:
Բակի մուտքին բարձրաբերձ կաղնիի ծառերու շուքին գտնուող ծառի կոճղերէ կազմուած նստարաններու վրայ քանի մը աշակերտներ նստած` կը խօսէին իրենց վերաքննութեան արդիւնքներուն մասին:
Պարտէզը եզերող պարիսպներուն կողքով համաչափօրէն տնկուած արմաւենիի հսկայ ծառերը յատուկ գեղեցկութիւն մը կու տային միջավայրին: Պարտէզի վերի մասին, շէնքին դիմաց, մեղրագոյն մարմարեայ երկու սիւնանման պատուանդաններու վրայ զետեղուած Շանթի եւ Աղբալեանի պրոնզէ կիսանդրիները կեանք ու դիմագիծ կու տային համայնապատկերին:
Առաջին յարկին վրայ գտնուող, դէպի շէնքին կեդրոնական մուտքը առաջնորդող պայտաձեւ լայն աստիճաններէն բարձրացանք քարտուղարութեան գրասենեակը, որ կը գտնուէր ընդարձակ սրահի մը խորքին` կոնաձեւ կամարներով բաժնուած մասին մէջ: Կրթական նոր տարեշրջանի մեր կարգը ճշդելու համար պիտի հանդիպէինք Ճեմարանի կրթական տեսուչ պրն. Մուշեղ Իշխանին, որ քիչ վերջ մեզ ընդունեց իր գրասենեակը:
Հաստ շրթունքներ, ուռած քիթ, յոգնած աչքերուն վրայ ծանրացող կոպեր կ’արտացոլային պրն. Մուշեղի բարի ժպիտով դէմքին վրայ: Իսկ ճաղատ գլխամաշկը ծածկելու համար ձախէն դէպի աջ սանտրուած մազերը իւրայատկութիւն մը կու տային անոր խոշոր եւ քիչ մը դէպի աջ հակած գլխուն:
Մեր հանդիպումը եղաւ կարճ: Քանի մը պարզ հարցումներ` հայերէնագիտական մեր մակարդակը գնահատելու համար, եւ քանի որ յաջողութեամբ անցուցած էինք ֆրանսական պըրըվէի քննութիւնները, որոշեց, որ անցնինք 10-րդ դասարան, Ճեմարանի հասկացողութեամբ` Բ. լսարան:
Երեք տարի յաճախեցի Ճեմարան եւ պրն. Մուշեղը ունեցայ իբրեւ հայերէն գրականութեան ու գրաբարի ուսուցիչ:
Ամէն առաւօտ ձեռքերը ետեւը կապած, իրանը քիչ մը դէպի առաջ, դանդաղ քայլերով, միշտ նոյն ժպիտը դէմքին պրն. Մուշեղ կը մտնէր իր ու մեր բոլորին «Ուխտավայրը Ճեմարան»-ի մայր դռնէն: Եթէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար Օննիկ Մելիքսէթեանի գրասենեակին դուռը բաց գտնէր, պահ մը կանգ կ՛առնէր` քանի մը խօսք փոխանակելու, ապա նոյն կշռոյթով կը յառաջանար` ընդունելով բարեւը ուշացած աշակերտներուն, որոնք վազելով` քովէն կ’անցնէին. կը բարձրանար «Միւթէվէլեան» սրահ` լսարանի աշակերտներուն հետ առաւօտեան հաւաքական աղօթքին մասնակցելու: Լսարանական կարգերու դասարանները «Միւթէվէլեան» սրահին վրայ կը բացուէին եւ Ճեմարանի մէջ սովորութիւն էր, որ ամէն առաւօտ, դասարան մտնելէն առաջ, աշակերտները հաւաքուէին սրահ ու խմբովին «Հայր մեր»-ը կամ «Առաւօտ լուսոյ»-ն աղօթէին:
Այդ տարի Բ. լսարանի առաջին պահերը յատկացուած էին հայ գրականութեան: Դասերու ծրագիրը կ’ընդգրկէր «Զարթօնքի շրջան»-ը` Խաչատուր Աբովեան, Միքայէլ Նալպանտեան, Պերճ Պռօշեան եւ «Քնարական բանաստեղծութեան շրջան»-ը` Նաղաշ Յովնաթան եւ Սայաթ Նովա:
Դասագիրք չունէինք, պրն. Մուշեղը կը խօսէր, մենք կը նոթագրէինք: Գրքունակ, պարզ դասաւանդ ուսուցիչ մը չէր պրն. Մուշեղը, այլ ուսուցանող, որ իր գրականագիտական լայն ծանօթութիւնները պարզ ու յստակ լեզուով աշակերտին կը փոխանցէ:
Երբ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստան»-ին կը վերլուծէինք, հեղինակին ազատագրական գաղափարները լաւագոյնս բացատրելու համար պրն. Մուշեղ լայնօրէն անդրադարձաւ այդ ժամանակաշրջանի Կովկասի աշխարհագրական կացութեան, ընկերատնտեսական պայմաններուն, Կովկասի հայ ազգաբնակչութեան պարզած վիճակին, բացատրելով Ներսէս Աշտարակեցիի, Գրիգոր Արծրունիի, անոր հրատարակած «Մշակ» թերթին, Մոսկուայի «Հիւսիսափայլ»-ին, Թիֆլիսի Ներսէսեան վարժարանին, Լազարեան ճեմարանին ու Դորպատի համալսարանին ունեցած կարեւոր նպաստին` հայ քաղաքական մտքի ձեւաւորման մէջ:
Սայաթ Նովայի գործերու վերծանման ընթացքին պրն. Մուշեղին դէմքը լուսաւորուեցաւ, մանաւանդ` աշուղի սիրային տաղերու բացատրութեան ատեն: Անոր` բանաստեղծի հոգին հրճուեցաւ, կարծէք ինքն ալ վերապրեցաւ իր անցեալի պղատոնական սէրերն ու անկատար տենչերը, բացատրելով, որ Սայաթ Նովայի զգացած, երգած ու պատկերացուցած սէրը բեռ մըն է, խոր, հպարտ ու ազնիւ, եւ մէջբերեց.
– «Ես էս տարտին վո՞ւնց դիմանամ, մատամ սիրտս ունիմ քարած». ու շարունակեց` ըսելով, որ աշուղական երգերը պարսկական չափով ու երաժշտութեամբ, սակայն հարիմեան սէրերէն տարբեր, հայու սէրն է, որ կը խօսի, ուր յարգանք կայ կնոջ նկատմամբ, եւ աւելցուց.
– «Դուն պատուական ճավահիր իս, էրնէկ քու առնողին ըլլի.
Դուն կըրակ, հագածըդ կըրակ, վո՞ւր մէ կըրակին դիմանամ»:
Պրն. Մուշեղին ձայնը կը դողար, կարծէք յուզուած էր:
Պաքալորէայի դասարանի` Գ. լսարանի հայերէնի ծրագիրը կ՛ընդգրկէր արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ շրջանը` Դուրեան, Մեծարենց, Վարուժան եւ ուրիշներ: Երբ Մեծարենցին հասանք, պրն. Մուշեղ խնդրեց, որ մեզմէ մէկը կարդայ անոր «Հիւղը» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք բացատրեց հեղինակի ծննդավայր Ակնայ Բինկեան գիւղին գեղեցիկ բնութեան ազդեցութիւնը բանաստեղծին հոգիին վրայ.
– Մեծարենցի հոգին բնապաշտ է, դաշտը, հիւղը, ծառաստանները, ջրտուքը եւ աղբիւրէն դարձող աղջիկները անոր մանկութեան ստացած տպաւորութիւններն են, որ երգի կը վերածուին:
– Բնութեան պահերէն Մեծարենց կը սիրէ իրիկունը, երբ գոյները կը մարին ու ձայները կը մեղմանան.
«Յուշիկ փախչող իրիկուան ծիրանի լոյսն է զուարթ…»:
Մանաւանդ գիշերը, որ իր աստղազարդ երկինքով ու զով շունչով կարծէք կը բուժէ բանաստեղծին հիւանդ հոգին.
«Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին,
Հաշիշով օծուն ու բալասանով»:
– Տղա՛ք, լսեցի՞ք շ-երու, ծ-երու եւ ս-երու այս գեղեցիկ մեղեդին:
Այդ պահուն, Մեծարենցէն աւելի, Պիթըլզներու երգերը եւ Ժաք Պրելի խռպոտ ձայնն էր, որ մեզ կը հետաքրքրէր: Սակայն վստահաբար պրն. Մուշեղի որդեգիր մանուկ հոգին, գիշերուան մութին հետ, Սիրվիհիսարի իրենց մարմարաշէն տունէն տարագիր, կը փախչէր Դամասկոս ու զովանալու համար կը ծծէր գլգլացող Պարատայի ջուրերէն բարձրացող խոնաւութիւնը, ուր իբրեւ պատանի չոր ու տաք գիշերին սովոր էր գետի եզրին քալել` հասնելու համար Լիբանանի կանաչազարդ լեռներուն թառած ամարանոցները, հաւանաբար իր նախընտրած գիւղը` Մէյրուպա, ուր բանաստեղծին մուսաները կ՛արթննային շնչելու համար մայրիներու պուրակէն փչող զով քամին, որ հեռուներէն իրեն հետ կը բերէր աստղածորան գիշերներուն պտոյտի ելած հայ գիւղագնացներու երգերուն ելեւէջները:
Պրն. Մուշեղ բացառիկ հմտութեամբ մեր հոգիներուն մէջ բացաւ հայ դասական գրողներու երկերէն ընտիր հատուածներ` խոր ապրումով վերլուծելով զանոնք եւ մեզի ծանօթացուց հայ հոգեմտաւոր գանձերը:
Երբեմն սակայն դասերու այս լուրջ մթնոլորտը մեր անմեղ չարաճճիութիւններով կը խանգարէինք, եւ պրն. Մուշեղ համբերութեամբ ու իրեն յատուկ հիւմուրով մեզ կարգի կը հրաւիրէր:
Օր մը, առաւօտեան աղօթքի ատեն, Յարութը, որուն վիճակուած էր աղօթքը սկսիլ` քահանայի տղայ եւ դպիր ըլլալուն համար, «Հայր մեր»-ի փոխարէն, «Յառաջ նահատակ»-ի ազդանշանը տուաւ, եւ մենք հետեւեցանք, զայրացնելով լսարանական դասարաններու հսկիչ օրդ. Ռոզեթը: Պրն. Մուշեղ սպասեց, որ երգը վերջացնենք եւ ապա խնդրեց աղօթել:
Ֆիլոյի դասարանը կը գտնուէր «Վասպուրական» սրահին վեցերորդ յարկը: Զբօսանքի ժամերուն, փոխանակ վար իջնելուն, դասարան կը մնայինք: Սագոն, Նազոն եւ Էլին կը ծխէին եւ դասարանը ծուխով կը լեցուէր: Պրն. Պալեան տեսնելով, որ իր դիտողութիւնները նկատի չեն առնուիր, երեւոյթը փոխանցեց տնօրէնութեան: Յաջորդ առաւօտ պրն. Մուշեղը դասարան եկաւ մեզ կարգի հրաւիրելու:
– Տղա՛ք, գիտէք, որ դպրոցէն ներս ծխելը արգիլուած է, եթէ անպայման պիտի ծխէք, գոնէ տանիք ելլէք, որ դասարանը չապականի,- ըսաւ:
Ուրիշ օր մը որոշեցինք դասարանով հայերէնի պահուն չներկայանալ: Յաջորդ օրը պրն. Մուշեղ, երբ բակը մեզ տեսաւ, բարի ժպիտը դէմքին ըսաւ.
– Տղա՛ք, երէկ զիս յոգնեցուցիք, որ վեց յարկ բարձրանամ, յաջորդին, եթէ դասարան պիտի չներկայանաք, խնդրեմ, կանխաւ զիս տեղեակ պահեցէք:
Մեր անկարգապահութիւններուն նկատմամբ պրն. Մուշեղին մօտեցումները եւ խօսքերը կը դրսեւորեն անոր մանկավարժական հասկացողութեան ինքնատպութիւնը: Համբերատար, աշակերտներուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերող, հայրական ու դաստիարակիչ, որ աշակերտին սէր ու յարգանք կը պարտադրէ:
Դպրոցը աւարտելէս ետք պրն. Մուշեղին հանդիպած եմ պարագայաբար «Վասպուրական» սրահ, Համազգայինի կազմակերպած դասախօսութիւններու աւարտին կամ հրապարակային տօնակատարութիւններու ընթացքին:
1981-ին, երբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մաս կազմեցի, յաճախ պրն. Մուշեղին կը հանդիպէի, շաբաթ, կէսօրէ ետքերը, պրն. Բանեանին գրասենեակը: Միշտ նոյն անմեղ ժպիտը դէմքին, գործիս մասին, դասընկերներուս մասին հարցումներով խօսակցութիւն կը ծաւալէր: Ուրախ էր, որ իր աշակերտներէն քանի մը հոգին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմեն: Այդ տարիներուն ան հայերէն գրականութիւն կը դասաւանդէր միայն Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ ու ազատ պահերուն պրն. Բանեանին կը հանդիպէր, որ Կեդրոնական վարչութեան գործավարն էր: 1986-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով երբ Ճեմարանն ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը վերջնականապէս Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոն փոխադրուեցան, պրն. Մուշեղին հետ կապս կտրուեցաւ, իր լուրերը կը ստանայի պարբերաբար արեւմտեան Պէյրութէն եկող ժողովական ընկերներէն: Առողջութիւնը լաւ չէր:
12 յունիս 1990-ին, երբ պրն. Մուշեղը մահացաւ, գործով Եւրոպա կը գտնուէի ու չկարողացայ յուղարկաւորութեան ներկայ ըլլալ: Պէյրութ վերադարձիս, «Ազդակ»-ի մէջ թաղման թղթակցութիւնը կարդալով` մտածեցի, որ պրն. Մուշեղի հոգին պէտք է ուրախ ըլլայ, որ Ճեմարանական սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու իր աշխատանքը եւ ճիգը եղած են արգասաբեր: Պուրճ Համուտի հայոց գերեզմանատունը, ուր ՀՅԴ պանթէոնին մէջ թաղուած է պրն. Մուշեղ, լիբանանահայ կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ դամբանախօսները եղած են իր աշակերտները: Այսօր անոնք ու անոնց դասընկերներուն մէկ կարեւոր մասը սփիւռքահայ կեանքէն ներս լծուած են կրթական, հրապարակագրական, գիտական եւ կազմակերպական բեղուն աշխատանքի:
Տրտմութիւն մը պատեց զիս, նեղուեցայ, որ չէի կրցած յուղարկաւորութեան ներկայ ըլլալ ու վերջին յարգանքս մատուցել իրեն:
Ամիս մը ետք, յուլիսին, երբ Աթէնքի ծովեզերեայ պանդոկներէն մէկուն մէջ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի հանգամանքովս Համազգայինի առաջին Պատգամաւորական ժողովին բացումը կը կատարէի, ժողովին ներկայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներէն եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն եկած պատգամաւորներէն խնդրեցի վայրկեան մը յոտնկայս յարգել վերջին տարիներուն մահացած համազգայնականներուն եւ յատկապէս պրն. Մուշեղին յիշատակը:
Հոգիս թեթեւցած էր:
16 փետրուար 2014
Պէյրութ

