Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Հայաստանի Քաղաքական Վիճակը
Սահակի Կաթողիկոսական Գահ Բարձրանալը
Հայաստան դարեր շարունակ ռազմադաշտ եղած է իր հարեւան երկու հզօր կայսրութեանց միջեւ: Իր աշխարհագրական, ռազմավարական եւ քաղաքական դիրքին կարեւորութեան պատճառով դարձած է կռուախնձոր նախ Հռոմէական կայսրութեան եւ Պարթեւական Պարսկաստանի եւ ապա Բիւզանդական եւ Սասանեան կայսրութեանց միջեւ, որուն պատճառով Հայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը քարուքանդ եղած են, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ սպաննուած կամ գերի տարուած են: Այն հարեւան կայսրութիւնը, որ կը տիրապետէր Հայկական Բարձրաւանդակին եւ որպէս դաշնակից կամ վասալ թագաւորութիւն` Հայաստանը ունէր իր կողքին, վստահ էր, որ իր երկրի սահմանները աւելի լաւ պաշտպանուած են իր հակառակորդ կայսրութեան ծաւալապաշտական, քաղաքական եւ ռազմատենչ ձգտումներուն դէմ:
Այսպէս եղած էր Հայաստանի ճակատագիրը տակաւին նախաքրիստոնէական շրջանին, իսկ հայ ժողովուրդի քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունելէ ետք Պարսկաստան առաւել չափով կ՛աշխատէր ամէն կերպ հեռու պահել հայերը քրիստոնեայ կայսրութեան քաղաքական, կրօնական ու մշակութային ազդեցութենէն: Ժամանակակից յունահռոմէական եւ հայկական աղբիւրները խօսուն են իրար մրցակից այս զոյգ կայսրութեանց Հայաստանը իրենց ենթարկելու եւ մինչեւ իսկ որպէս անկախ թագաւորութիւն ու պետականութիւն ամբողջութեամբ վերացնելու մասին:
Պարսկաստանի եւ Հռոմի միջեւ երկարատեւ պատերազմներու եւ յատկապէս 380-ական թուականներէն սկսեալ անոնց միջեւ տեղի ունեցող բանագնացութեանց որպէս արդիւնք, 387 թուականին Հայաստան աշխարհ բաժնուեցաւ երկուքի: Այդ բաժանումով առիւծի բաժինը` մօտաւորապէս երկրի չորս հինգերորդը խլեց Պարսկաստանը, իսկ մնացեալը բաժին ինկաւ Բիւզանդիոնին:
Ղազար Փարպեցի, որ գրած է Հայաստանի բաժանումէն (387) մինչեւ 485 թուականի «Հայոց պատմութիւն»-ը, այդ մասին կը վկայէ հետեւեալ կերպով.
«Հայոց աշխարհի մեծ մասը` լաւը, պիտանին եւ արգաւանդը բաժին ինկաւ պարսից թագաւորին: Թէեւ բազմաթիւ գաւառներ իբրեւ ժառանգութիւն տրուեցան յունաց բաժնի թագաւորին, սակայն անոնք բոլորը համաչափ էին Այրարատեան գաւառին, որ պարսկական բաժնին մէջ էր»*:
Այստեղ յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է յիշել, որ այս բաժանումի ընթացքին հայկական զանազան գաւառներ վերցուած էին Հայաստանէն եւ ուղղակի կցուած` Սասանեան Պարսկաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան երկրամասերուն:
Անդամահատուած Հայաստանի երկու բաժիններուն մէջ թէեւ մի առժամանակ պահպանուեցան Արշակունի երկու թագաւորներ` Խոսրով Դ.ը պարսկական բաժնի, իսկ Արշակ Գ.ը հռոմէական Հայաստանի մէջ, սակայն հայ ժողովուրդը այլեւս կորսնցուցած էր իր միասնականութիւնը եւ դարձած` առաւել չափով ենթակայ հարեւան կայսրութեանց քաղաքական եւ մշակութային ազդեցութեան: Այսու նաեւ վտանգուած էր իր ազգային իւրայատուկ նկարագիրը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի երկուքի բաժնուելէն ետք, երբ երկու Արշակունի հայոց թագաւորները ճշդեցին իրենց սահմանները, անոնք իրարու հետ ապրեցան հաշտ ու համերաշխ: Սակայն Արշակ Գ.ի կեանքը երկար չեղաւ. 389-ին կամ 390-ին երբ մահացաւ, Բիւզանդիոնի Թէոդոսիոս կայսրը ջնջեց հայկական թագաւորութիւնը. այլ խօսքով, Արշակ Գ.ի տեղը նոր Արշակունի թագաւոր մը չբարձրացուց գահ, այլ Հայաստանի յունական բաժինը այնուհետեւ կառավարեցին կայսեր կողմէ նշանակուած կուսակալներ: Հայաստանի պարսկական բաժնին մէջ շարունակեցին թագաւորել Արշակունի արքաներ մինչեւ 428 թուականը, երբ պարսկասէր հայ նախարարներու արքայից արքային կատարած խնդրանքով եւ ազգուրաց դաւաճանական արարքով այստեղ եւս վերջ գտաւ Արշակունեաց թագաւորութիւնը: Այս առիթով նաեւ գահընկէց եղաւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս: Այս խնդրի մանրամասնութեանց պիտի անդրադառնանք իր տեղին:
Մեծն Ներսէս Ա. հայրապետի անակնկալ վախճանէն ետք (373), երբ հազիւ 45 տարեկան էր, հայրապետական աթոռին բարձրացեր էին յաջորդաբար Մանազկերտցի Շահակ Ա. (373-377), Զաւէն Ա. (377-381) եւ վերջինը` Ասպուրակէս, որ իր մահկանացուն կնքեց 386-ին:
Խոսրով հայոց թագաւորի նախաձեռնութեամբ Սահակ Պարթեւ ընտրուեցաւ հայրապետ Հայ եկեղեցւոյ, 387-ին, ճիշդ այն տարին, երբ Հայաստան երկու մասի բաժնուեցաւ: Ան իր կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնն ու իշխանութիւնը ստացաւ հայոց եպիսկոպոսներէն` առանց Կեսարիա կամ այլուր երթալու:
Լուսաւորչի ազգատոհմէն, գիտնական, կորովի եւ իմաստուն նոր հոգեւոր պետի մը կրկին Հայ եկեղեցւոյ, գլուխ կանգնիլը մեծապէս ոգեւորեց Հայ եկեղեցւոյ զաւակները, որոնք Լուսաւորչի Տան շառաւիղին վերընձիւղման մէջ կը տեսնէին հայ ժողովուրդի համազգային ձգտումներուն քաջարի առաջնորդը: Ճիշդ է որ Հայաստան արդէն բաժնուած էր երկու հարեւան կայսրութեանց միջեւ, սակայն Հայաստանեայց եկեղեցին գալիք տասնամեակներու եւ դարերու ընթացքին պիտի շարունակէր իր հովանիին տակ պահել ողջ հայութիւնը:
Կ՛արժէ այստեղ նշել հետեւեալ հետաքրքրական զուգադիպութիւնը: 387 թուականը եթէ մէկ կողմէ կը գուժէ Արշակունեաց թագաւորութեան կորստեան սկիզբը, հայ ժողովուրդի միասնականութեան թուլացումը, որպէս քաղաքական եւ զինուորական ուժ, միաժամանակ սակայն կ՛աւետէ Սահակ Պարթեւի կաթողիկոսական գահ բարձրանալը, որուն պիտի յաջորդէին գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, ազգային մշակոյթի ու հայ գրականութեան ոսկեդարու կերտումը:
Քաղաքական այս նոր պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին պէտք է պայքարէր եւ գոյատեւէր պարսկական սալի եւ բիւզանդական մուրճի միջեւ, բնականօրէն հայոց նորընտիր հայրապետին կաթողիկոսական տարիներն ալ պիտի ըլլային մերթ խաղաղ եւ յաճախ փոթորկալից:
——————————
*Դրուագ Ա. Գլ. Զ, էջ 18և19: Տեսնել` Ղազար Փարպեցի, «Հայոց պատմութիւն», «Թուղթ Վահան Մամիկոնեանին», գրաբար բնագիր, աշխարհաբար թարգմանութեամբ եւ ծանօթագրութիւններով. Բագրատ Ուլուբաբեան, Երեւան, 1982:
(Շար. 2)

