Անդրադարձ. Ուքրանիա Մասնատման Վտանգ Կը Դիմագրաւէ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Շաբաթ օր երկրի ռուսամէտ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչը Քիեւէն վտարելէ ետք, ուքրանացի երեսփոխանները խորհրդարանի նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինովը նշանակեցին ժամանակաւոր նախագահ: Վերջինս երեսփոխաններուն մինչեւ երեքշաբթի օր պայմանաժամ ճշդեց ազգային միութեան կառավարութիւն մը կազմելու համար: Սակայն ի՞նչ ազգային միութեան կառավարութեան մասին է խօսքը, երբ երկրին շուրջ կէսը նկատուող ռուսախօս արեւելեան շրջաններուն մէջ Եանուքովիչի զօրակցող բողոքի ցոյցեր տեղի կ’ունենան, իսկ այդտեղ ապաստանած վերջինս կը յայտարարէ, թէ կը շարունակէ մնալ երկրին օրինական նախագահը: Ուքրանիա կը դիմագրաւէ մասնատման լուրջ վտանգ: Ռուսախօս Խրիմի շրջանի իշխանութիւնները արդէն յայտարարած էին, որ պիտի անջատուին Ուքրանիայէն, եթէ յեղաշրջում մը կատարուի:

Ուրբաթ օր Եանուքովիչի եւ ընդդիմադիր 3 ղեկավարներու միջեւ եւրոպական միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնութեան արագ տապալումը ցոյց տուաւ, որ հարցը դուրս եկած է եւրոպացիներուն վերահսկողութենէն, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր ճամբարին մէջ գոյութիւն ունեցող ճեղքերը ընդգծեց: Ուքրանախօս շրջաններուն մէջ ստեղծուած է իշխանութեան վտանգաւոր բաց մը եւ յստակ չէ, թէ տարբեր ընդդիմադիր խմբաւորումներուն միջեւ յարաբերութիւնը ի՛նչ ընթացք պիտի ստանայ. իշխանութեան շուրջ պայքար տեղի պիտի ունենա՞յ, թէ՞ ոչ:

Քաղաքականութեան մէջ թայմինկը ամէն ինչ է: Եանուքովիչ ճիշդ որոշում տուաւ, երբ ուրբաթ օր եւրոպական միջնորդութեամբ համաձայնութիւն գոյացուց կանխահաս նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ազգային միութեան կառավարութիւն կազմելու եւ 2004¬ի սահմանադրութեան վերադառնալու, սակայն այդ յայտարարութիւնը ուշացած քայլ մըն է, որովհետեւ ցոյցերու սկիզբէն չորս ամիս անցած է, եւ հարցերը այնքան մը յառաջ ընթացած են, որ փոխզիջումի կարելիութիւնը չքացած է, եւ «ամբողջը կամ ոչինչ» մտայնութիւնը արմատացած է ցուցարարներուն մօտ, որոնք արդէն ընդդիմադիր կուսակցութեանց հակակշիռէն դուրս եկած են եւ կը գտնուին ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու վերահսկողութեան տակ: Ազգայնական շարժումները միշտ ալ ուժեղ եղած են ուքրանախօս արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ: Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին անոնք նացիներուն հետ գործակցեցան, որուն համար ալ ուքրանացիները հետագային սուղ գին վճարեցին:

Ուքրանիոյ մէջ գոյութիւն ունի Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ աշխարհաքաղաքական պայքար մը, եւ տեղի ունեցած յեղաշրջումը մեծ հարուած մըն էր Եւրասիական միութեան ստեղծման համար աշխատանք տանող Ռուսիոյ: Վերջինս նախ եւ առաջ կրնայ չեղեալ յայտարարել Ուքրանիոյ խոստացած իր 15 միլիառ տոլարի վարկը եւ բնական կազի գինը բարձրացնել: Ուքրանացիներուն համար բարեբախտութիւն մըն է, որ արդէն գարնան դռները հասած ենք, այլապէս կազի գինի բարձրացումը շատ աւելի ծանր հետեւանքներ պիտի ունենար: Ռուսիա կատարուած իրողութեան հետ պիտի չհաշտուի եւ պիտի փորձէ «Նարնջագոյն յեղափոխութենէն» ետք իր դիրքը վերականգնածին նման այս յեղաշրջումէն ետք ալ իր ազդեցութիւնը վերականգնել: Մինչ այդ, նկատի ունենալով, որ աշխարհը «ճատրակի տախտակ» մըն է` Ռուսիա այլուր իր կեցուածքը պիտի կարծրացնէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )