Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25-Ամեակի Արժանավայել Նշում
Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երէկ` կիրակի, 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ արժանաւոր կերպով եւ մեծ շուքով նշուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն Ճեմարանի ջահը փոխանցուեցաւ տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու` ներկայ սերունդէն ներկայացուցիչ աշակերտի մը ձեռամբ հասնելով սրահ. ջահով վառեցան բեմին վրայ տեղադրուած 25 մոմերը: Անկէ ետք Ճեմարանի աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Սանտրա Հայկ Արսլանեանի կողմէ պատրաստուած տեսերիզը, որուն մէջ իրենց վկայութիւններուն, ապրած օրերուն, Ճեմարանի իւրայատկութեան ու ջամբած դաստիարակութեան մասին խօսեցան Մկրտիչ Մկրտիչեան, Ալիս Գազանճեան, Աղաւնի Առաքելեան, Հուրի Եափուճեան, Վաչէ Ծատուրեան, Պայծառ Գարագաշեան, Տիգրան Ճինպաշեան եւ Շահան Գանտահարեան, ինչպէս նաեւ նոր սերունդէն աշակերտներ:
Ձեռնարկին առաջին խօսք առնողն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ 83-ամեայ Հայ Ճեմարանէն մինչեւ ներկայի Ճեմարանը երկարող ժամանակաշրջանի ամփոփ պատմականը կատարելով դիտել տուաւ, որ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գոյութեան 25 տարիներուն ընթացքին շինարարութիւնը երբեք կանգ չէ առած, սակայն այսօր հասած է տեղ մը, ուր նոր զարգացումներու անհրաժեշտութեան առկայութեամբ հանդերձ, տեղի իմաստով անբաւարարութիւն կայ, նախակրթարանի նոր ու առանձին շէնքի կարիք կայ, մարզական կեդրոնի եւ բազմամշակութային կեդրոնի հիմնադրութեան անհրաժեշտութիւն կայ:
Տ. Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրոցի ներկայ կացութեան` 6 բաժանմունքներ, հայկական, լիբանանեան եւ ֆրանսական կրթական ծրագիրներ, պետական քննութիւններուն պատուաբեր արդիւնքներ: Անոր համաձայն, իրերայաջորդ շրջանաւարտ սերունդներ կրցած են յաջողութիւններ կերտել եւ իրենց տեղը ունենալ միջազգային մակարդակի վրայ: Տ. Ճինպաշեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Ճեմարանը ունի արդիական դպրոցի բոլոր տուեալներն ու պայմանները, ըլլալով պատառ մը Հայաստան` Հայաստանն ու հայութիւնը բնական եւ ինքնաբուխ ներկայութիւն են դպրոցին մէջ` աւելցնելով, որ ճեմարանականը յատուկ նկարագիրի տէր անձնաւորութիւն մըն է, ազատ հայ մարդն է: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ճեմարանի յաջողութիւններուն մէջ մեծ եւ ազդու դերակատարութիւն ունեցած ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան, որուն ներդրումը անփոխարինելի եղած է դպրոցին մէջ:
Իր խօսքէն ետք Ճինպաշեան պարգեւատրեց այն ուսուցիչները, որոնք 1988-էն ի վեր կը ծառայեն դպրոցին մէջ. այս առիթով պատրաստուած յուշանուէրներ յանձնուեցան Ալիս Գազանճեանի (68 տարիէ Ճեմարանին ծառայող), Մարօ Գերիաքոյի, Պերճ Փարմաքսզեանի, Ռիթա Գրիգորեանի, Շողիկ Փելթեքճեանի, Շաղիկ Մկրտիչեանի, Անի Կէօքճեանի, Վարդուհի Մարգարեանի, Էլօ Մելքոնեանի, Ալին Քափլանեանի, Ռիթա Սայիտի, Սիլվա Թեմպելեանի, Սօսի Կէօնիւլեանի, Մարալ Իրատեանի, Ազգանուշ Գոնայեանի, Սօսի Գասապեանի եւ Սեդա Խտըշեանի:
Պարգեւատրումէն ետք վիտէոյի ճամբով Ճեմարանի մասին իրենց վկայութիւնները տուին Ճեմարանի շրջանաւարտներ Վազգէն Տէր Գալուստեան, Յարութիւն Արմէնեան, Հուրի Սուրուզեան եւ Կարօ Արմէնեան:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան
Ապա Ճեմարանի 25-ամեակը ողջունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ըսաւ, թէ հայրենիքը բարձր կը գնահատէ այն բազմածաւալ գործունէութիւնը, որ կը կատարուի այս դպրոցին մէջ` հայեցի դաստիարակութեամբ եւ նկարագիրով օժտուած սերունդներու պատրաստութեան առումով: Ան Ճեմարանին մաղթեց նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ: Դեսպանը նաեւ ընթերցեց այս առիթով յղուած շնորհաւորական ուղերձները Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարին կողմէ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Վաչէ Փափազեան, որ անդրադարձաւ վարժարանի ներկայ յաջողութիւններուն մէջ դերակատարութիւն ունեցողներուն, Ճեմարանի իւրայատուկ արժանիքներուն եւ ապագայի տեսլականներուն:
Ան հաստատեց, որ կարելի չէ Համազգայինի Արսլանեան Ճեմարանի նման բարդ ուսումնական ծրագիր ունեցող մեծ վարժարանի մը երթը անխափան պահել, կրթական մեծ իրագործումներ ձեռք բերել` առանց ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան հսկայական ներդրումներուն, նուիրումին` յատուկ կերպով առանձնացնելով 1965-էն ի վեր Ճեմարանին մէջ նախ իբրեւ ուսուցիչ, իսկ 2001-էն մինչեւ օրս իբրեւ տնօրէն ծառայած Տիգրան Ճինպաշեանը, որ նաեւ Ճեմարանի փայլուն շրջանաւարտներէն է: Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակին առիթով Վ. Փափազեան յայտարարեց, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով Տիգրան Ճինպաշեանի կը շնորհուի գնահատանքի եւ երախտագիտութեան նշանը` Համազգայինի շքանշանը:

Ճինպաշեան Փափազեանէն կը ստանձնէ Համազգայինի շքանշանը
Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրանալով ստացաւ շքանշանը` յայտարարելով, որ անիկա պարտաւորեցնող է, ուստի խոստացաւ Ճեմարանի կեանքին մէջ նոր բան մը ընել, նորութիւն բերել:
Շարունակելով իր խօսքը` Վաչէ Փափազեան դիտել տուաւ, որ 25 տարուան կեանք ունենալը արդէն խօսուն է, բաւարար է, որ ակնածանքով եւ հիացմունքով պահ մը կանգ առնենք եւ անդրադառնանք, որ երբ ունիս կամք, կորով եւ տեսիլք, հրաշքները կարելի են: Անոր համաձայն, այս առիթով պէտք է յիշել անունները հիմնադիրներուն, Փալանճեան քոյրերուն, բայց յատուկ եւ մեծ երախտագիտութեամբ` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան եղբայրներուն:
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի իւրայատկութեան անդրադառնալով` Վ. Փափազեան լուսարձակի տակ առաւ բարձր մակարդակի ուսումը, հայեցի պատրաստութիւնն ու հայկական արժէքներու կառչածութիւնը, ազգային պայքարներու առնչութեամբ յանձնառութեան ամրութիւնը, արդարութեան եւ ազատութեան սէրը, ուժեղ եւ ազատ անհատականութիւններու կերտումը, հետաքրքիր, հարցադրող ու պրպտող ուղեղներու եւ նախաձեռնելը եւ ստեղծագործելը սիրող հոգիներու կազմաւորումը: «Այո՛, Ճեմարանը ազգային եւ հանրային դերակատարութեան իմաստով ադամա՛նդ մըն է, ադամանդ մըն է, որուն պէտք է գուրգուրալ, որ պէտք է ամէն գնով պահպանել, որ պէտք է ամէն գնով զարգացնել եւ ամրացնել», յայտնեց ան:
Ապագայի նկատմամբ յոյս ներշնչող տուեալներուն մասին խօսելով` Վաչէ Փափազեան նշեց չորս հիմնական սիւները` ազատութեամբ եւ արդարութեամբ յատկանշուող որակաւոր ուսում` պատրաստելու հայութեան եւ մարդկութեան ծառայող սերունդներ, ազնիւ, նուիրուած, Ճեմարանի եւ աշակերտներուն սիրոյն տքնաջան աշխատող ուսուցիչներ, հայեցի ուսումին արժէքին սուր գիտակցութիւնը ունեցող եւ իրենց զաւակներուն ապագան լա՛ւ տեսնել ուզող արժէքաւոր հայ ծնողներ, իրենց անդադրում եւ մեծ նուիրաբերումներով Ճեմարանին նիւթական նեցուկ կանգնող եւ զարգացման ծրագիրներուն օժանդակող բարեկամներ:
Իր խօսքի աւարտին Վաչէ Փափազեան նշեց, որ Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակի նշման համար Լիբանան կը գտնուին Հայկ Արսլանեանի կինը` Շաքէ Արսլանեան, զաւակները` Արմէն եւ Սանտրա Արսլանեաններ, ինչպէս նաեւ Մելանքթոն Արսլանեանի զաւակը` Րաֆֆի Արսլանեանն ու կինը` Անելկա Արսլանեան: Ան նաեւ յայտարարեց, որ այս առիթով Րաֆֆի Արսլանեան ամոլն ու Արա Արսլանեանը պատրաստակամութիւն յայտնած են ստանձնելու արդիական եւ կատարեալ մանկամսուրի մը ծախսերը:

Արամ Ա. կաթողիկոս կը պարգեւատրէ Րաֆֆի Արսլանեանը
Ձեռնարկին աւարտին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ողջունեց բոլոր բարեկամներն ու բարերարները, որոնք մասնակից դարձած են եւ կը շարունակեն ըլլալ կարեւոր առաքելութիւն ծաւալող Ճեմարանի գործունէութեան:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը երկու յիշեցում-հաստատում կատարեց: Նախ եւ առաջ հաստատեց, որ Ճեմարանը սովորական դպրոց մը չեղաւ, եղաւ ու մնաց ոգի, ազգային արժէքները եւ ձգտումները, աւանդութիւնները վաւերական կերպով պահող, հարստացնող ու արտայայտող` անցնելով դասագիրք ու շէնք ըլլալու սովորական սահմանը եւ ըլլալով հայու ճշմարիտ տեսիլ: Ըստ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողքին Ճեմարանը եղաւ այն կառոյցը, ուր ազատ, անկախ Հայաստանի երազով, ձգտումով եւ տեսիլքով կերտուեցան սերունդներ: «Վստահ եմ, որ Հայաստանի, ազատ, անկախ Հայաստանի ոգիին ու տեսիլքին հաւատարիմ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, նոյն յանձնառութեամբ Ճեմարանը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը», յայտնեց ան:
Երկրորդ հերթին վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ երբ հայ դպրոցին մասին խօսինք, կը բնութագրենք անոր առաքելութիւնը իբրեւ հայակերտում` հայուն մէջ ճշմարիտ հայուն կերտումն ու կազմաւորումը: Ան աւելցուց, որ հայ դպրոցին կողքին հայ եկեղեցին եւ հայ ընտանիքը իրենց դերը ունին հայակերտումը իր լրումին հասցնելու մէջ` հպարտութեամբ նշելով, որ հայ եկեղեցիներուն կողքին կան հայկական դպրոցներ: «Այսօր մեր դպրոցներուն մէջ այս համապարփակ մօտեցումով մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին, այսպէս եղած է հայ դպրոցը մեր պատմութեան ընթացքին, մեր հոգեւոր¬մշակութային ու ազգային արժէքներու ներդաշնակ ամբողջութիւնը: Հետեւաբար, ես վստահ եմ, որ Ճեմարանը նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Արսլանեան ընտանիքին նախաձեռնութեան անդրադառնալով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ դպրոց շինելը աստուածահաճոյ գործ է, որովհետեւ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, այլ սրբարան է` քրիստոնեայ հայը պատրաստող: Այս առիթով գնահատեց Արսլանեան ընտանիքի վերջին նուիրատուութիւնը` հաստատելով, որ ազգին օժանդակելով ազգը կը հզօրանայ, իսկ անոր ընդմէջէն մենք կը հզօրանանք:
Արամ Ա. կաթողիկոսը լիբանանահայութեան մասին խօսելով հաստատեց, որ անիկա կը մնայ կենսունակ, փաստ` Ճեմարանի ընդարձակումն ու հզօրացումը, Պուրճ Համուտի մէջ հիմնադրութիւնը Ազգային միացեալ վարժարանին: «Լիբանանահայութիւնը ահաւասիկ ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով կու գայ ցոյց տալու մեր հայրենիքի եւ ամբողջ սփիւռքի հայութեան, թէ աւելի քան երբեք Լիբանանի հայութիւնը կը մնայ սիրտը սփիւռքահայութեան, նոյն ոգիով, նոյն առաքելութեան գիտակցութեամբ մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը: Պատիւ բոլոր անոնց, ներկայ եւ բացակայ, որոնք նիւթապէս, բարոյապէս, ամէն իմաստով զօրակից ու գործակից կը դառնան լիբանանահայութեան»:
Այս առիթով իբրեւ գնահատանքի շօշափելի արտայայտութիւն` Արամ Ա. կաթողիկոս Րաֆֆի Արսլանեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի շքանշանով:

