Ռունի Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2019

Ուէյն Ռունի (աջին)
Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի յառաջապահ Ուէյն Ռունի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2019:
Կնքուած համաձայնագիրի կէտերէն մէկը այն է, որ ֆութպոլիստի իր ասպարէզը աւարտելէն ետք Ռունի պիտի դառնայ ակումբին դեսպանը:
28 տարեկան Ռունի «Օլտ Թրեֆորտ» ժամանեց 2004-ին:
CATEGORIES Մարզական

