Ուալիտ Նասսար – Սամի Ժեմայէլ Հանդիպում
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար` ընկերակցութեամբ ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահ Ֆարես Մտաուարի, նախորդ շաբաթավերջին այցելեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի` Պիքֆայայի անոր բնակարանին մէջ:
Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սաժես ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ:
Հանդիպումին ընթացքին բնականաբար խօսակցութեան նիւթ դարձաւ պասքեթպոլի մարզաձեւին վիճակը, ներառեալ` տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան պարզած վիճակը, ինչպէս նաեւ համակիրներուն գծով կատարուած դասաւորումը, որ տուած է իր դրական արդիւնքը:
Երեսփոխան Ժեմայէլ որոշ լուսաբանութիւններ ստացաւ Սաժեսի նախագահէն, թէ ի՛նչ ձեւով խումբը կը պայքարի ախոյեանութեան տիտղոսին համար:
CATEGORIES Մարզական

