Տեսակէտ. Անհեթեթ Առասպել Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Մեր ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունի հրեաներու մասին առասպել մը: Մենք անտեղի կերպով հրեաներուն կը վերագրենք այն բոլոր յատկութիւնները, որոնց մենք կը ձգտինք: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ անոնք մեզմէ այնքան ալ տարբեր չեն: Եթէ մեր մօտ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններ գոյութիւն ունին, անոնց մօտ պահպանողական, ուղղափառ եւ բարեկարգչական յարանուանութիւններ գոյութիւն ունին: Եթէ մեր մօտ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գոյութիւն ունի, անոնց մօտ ալ աշքենազի եւ սեֆարտիմ գոյութիւն ունի: Եթէ մեր մօտ տարբեր կուսակցութիւններ գոյութիւն ունին, անոնց մօտ եւս իրարու մրցակից բազմաթիւ կուսակցութիւններ գոյութիւն ունին: Մեր մօտ հայրենիք եւ սփիւռք գոյութիւն ունի, իսկ անոնց մօտ` պետութիւն եւ սփիւռք:
Հրեաներուն վերագրուած առաւելութիւնը անճիշդ ըլլալու կողքին վատառողջ մտածողութեան մը պտուղն է: Ի վերջոյ այն բոլորը, որոնք անտեղի կերպով միասնականութեան արգելք կը նկատենք, մեր ժողովուրդը հարստացնող բնական ազդակներ են, որոնց հայ ժողովուրդի միասնականութեան արգելք չըլլալը բազմիցս փաստուած է, վկայ Սարդարապատը, Արցախը, Հայաստանը հարուածած երկրաշարժին յառաջացուցած զօրաշարժը եւ տարեկան թելեթոն-ռատիոթոնները:
Միացեալ Նահանգներու հրէական մեծագոյն կազմակերպութեանց նախագահներու խորհրդաժողովին ընթացքին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի ներկայացուցած տուեալներէն յստակ կը դառնայ, որ հրէական եւ հայկական սփիւռքները կը դիմագրաւեն միեւնոյն մարտահրաւէրները` խառն ամուսնութիւններ, օտար վարժարաններ յաճախող ստուար թիւով աշակերտներ, իրենց ազգէն օտարացած մարդոց թիւի աճ, երիտասարդներու մօտ մայր հայրենիքին նկատմամբ անտարբերութիւն:
«Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Լիպըրման նաեւ յայտարարած է, որ իր նպատակը սփիւռքէն յաւելեալ 3.5 միլիոն հրեայ յառաջիկայ տասնամեակին Իսրայէլ բերելն է, որպէսզի Իսրայէլի բնակչութեան թիւը աւելի քան 10 միլիոն ըլլայ: Ան նաեւ հրէական կրթական կեդրոնացեալ ծրագիր մը առաջարկած է` իբրեւ «ձուլումի, խառն ամուսնութեան եւ անտարբերութեան» դէմ պայքարելու միջոց, սակայն այդ ծրագիրին յաջողութիւնը խիստ կասկածելի է` նկատի ունենալով, որ հրէական յարանուանութիւններուն յարաբերութիւնները այնքան վատ են, որ անոնք զիրար հրեայ չեն նկատեր: Այս առումով հայերս հրեաներուն վրայ առաւելութիւն կը վայելենք:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պետութիւնը հրեաներու տարեկան ներգաղթ կը կազմակերպէ եւ, ըստ երեւոյթին, այդ հոլովոյթը աշխուժացնելու փափաք մը գոյութիւն ունի: Հայաստանի համար հարցը ներգաղթը չէ, այլ` արտագաղթը, որուն կասեցումէն առաջ զանգուածային ներգաղթի մասին մտածելը հրեաներուն վայելած առաւելութեան առասպելին նման անհեթեթութիւն է: Նախ եւ առաջ պէտք է տեղւոյն բնակչութիւնը երկրին մէջ պահելու պայմաններ ստեղծել, որմէ ետք միայն կարելի է մտածել ուրիշներ ներգրաւելու պայմաններ ստեղծելու մասին: Այս առումով երկքաղաքացիութեան տուչութիւնը ներգաղթի նախապատրաստական քայլ մը կրնայ ըլլալ, սակայն առանց մեծաթիւ ներգաղթեալներու հիւրընկալման պատշաճ պայմաններու ստեղծման, նկատառելի թիւով սփիւռքահայերու Հայաստանի մէջ հաստատուելու երազի իրականացումը սահմանափակ եւ պարագայական պիտի մնայ:

