Այցելութիւն` Զուիցերիոյ Դեսպանատուն

DSC09095Երէկ` երկուշաբթի, 24 փետրուարին, լիբանանահայ գաղութը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանէ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հ. Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանէ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանէ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեանէ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանէ, ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչ Սիւզան Օհանեանէ, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն Պերճ Թորոսէ, ՌԱԿ-ի Փորթուգալեան ուսանողական միութենէն Մասիս Լեփեճեանէ եւ ՍԴՀԿ-ի «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութենէն Տիգրան Միհրանեանէ, այցելեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպանատան հաւատարմատար Պորիս Ռիչարտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի արձակած վճիռը թուրք ազգայնական քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի հարցով: Լիբանանահայութեան ներկայացուցիչները զուիցերիական պետութենէն պահանջեցին բողոքարկել եւրոպական դատարանին վճիռը:

Share this Article
CATEGORIES