Պութրոս Հարպ Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Էօզեըլտըզ եւ Հարպ
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Հարպ ընդունեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող հարցեր:
Ֆարաոն շեշտեց, որ աշխատանքային ծրագիրը պէտք է բովանդակէ Լիբանանի շահերը ապահովող ազգային անշեղ սկզբունքներ:
Հարպի այցելուներէն եղան նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան ընդհանուր համադրող Ֆարես Սուէյտ եւ նախկին երեսփոխան Էլիաս Աթալլա:
CATEGORIES Լիբանանեան

