Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Նախարար Ժըպրան Պասիլի
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Պասիլը մանրամասնութիւններ ներկայացուց Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մասին:
Պասիլի կողմէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը ստանձնելու առիթով Ա. Քոչարեան անոր փոխանցեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի ջերմ շնորհաւորութիւնները: Ա. Քոչարեան համոզում յայտնեց, որ բարեկամ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ սերտ եւ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը երկկողմանի եւ բազմակողմանի մակարդակներով կը շարունակէ զարգանալ եւ խորանալ փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ:
Հանդիպումին ընթացքին Ա. Քոչարեան եւ Պասիլ քննարկեցին հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային շարք մը հարցեր:

