Երեք Արգելափակեալներ Փախուստ Տուած Են Ռումիէի Բանտէն

roumieԵրէկ առաւօտեան երեք արգելափակեալներ փախուստ տուին Ռումիէի բանտէն, իսկ լիբանանեան բանակը իրագործեց հետապնդումի գործողութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ խուզարկեց Ռումիէի շրջապատը:

Փախուստ տուող արգելափակեալներն են լիբանանցի Մոհամետ Ժունի եւ սուրիական ինքնութիւն ունեցող քաղաքացիներ Սայիտ Սապրա եւ Մուհաննատ Ապտել Ռահման, որ անդամ է Ֆաթհ Իսլամի շարժումին:

Ըստ ապահովական տեղեկութիւններուն, Ժունի ամբաստանուած է Էլիսարի մէջ դրամատուն մը գողնալու ընթացքին լիբանանեան բանակի հարիւրապետ Ռայան Ժըրտիի դէմ կրակ բանալով զայն սպաննելու եւ այլ դրամատուներ գողնալու յանցանքով:

Բանակի մասնայատուկ ուժերը եւ ներքին ապահովութեան ուժերը Ռումիէի բանտին շրջակայքը կատարուած ընդարձակ խուզարկումներու ընթացքին կրցան դարձեալ ձերբակալել ու բանտ վերադարձնել Ժունին, ապա` Սայիտ Սապրան:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ թէեւ Ապտել Ռահման տակաւին կը մնայ փախստական վիճակի մէջ, սակայն անոր հետապնդումը տակաւին կը շարունակուի:

ՄԻՒՍ կողմէ, Զինուորական ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 21 յանցագործներ, որոնց շարքին նաեւ Նայիմ Ապպասը ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութեան մաս կազմելու յանցանքով` պահանջելով զանոնք մահապատիժի դատապարտել:

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա ի բացակայութիւն բերման գիր արձակեց Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Իտի դէմ` զայն ամբաստանելով Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն դէմ պայթում գործող յանցագործներէն մէկը փախցնելու յանցանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES