Հռոմի Մէջ . Ռայի Պատրիարք – Զօր. Քահուաժի Հանդիպում

Հռոմի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ներկայ գտնուեցան Հռոմի մէջ Լիբանանի դեսպան Շարպել Էսթեֆանի սարքած ընթրիքին:

Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան բանակը եւ բանակի հրամանատարը, ինչպէս նաեւ բանակին նահատակները, որոնք կը զոհուին ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան ապահովումին:

Ռայի պատրիարքը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բանակի բոլոր վիրաւորներուն եւ ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը եւ նորակազմ կառավարութիւնը:

Անդրադառնալով Հերմելի մէջ գտնուող բանակի անցարգելը պայթումի թիրախ դարձնելու արարքին` Ռայի պատրիարքը նշեց, որ բանակի իւրաքանչիւր նահատակին հետ անոր հրամանատարութիւնը կը զօրանայ, «եւ մենք աւելի կը համոզուինք, որ միայն բանակն է, որ կրնայ պահպանել լիբանանցիները եւ անոնց արժանապատուութիւնը, եւ միայն բանակն է, որ կրնայ դառնալ զանոնք պաշտպանող պատնէշը»:

Իր կարգին, զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ իրենց հիմնական նպատակն է արգիլել, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմը փոխադրուի Լիբանան:

Ան դիտել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ ֆինանսաւորումով բանակին տրամադրուելիք ֆրանսական զէնքերուն համաձայնագիրը յաջողութեամբ կ՛ընթանայ:

Share this Article
CATEGORIES