Պըրրի Ընդունեց Էխհորեսթն Ու Ժորժ Ժրէյժը

Էխհորեսթ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը` ներկայութեամբ Մահմուտ Պըրրիի եւ Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժրէյժը` ընկերակցութեամբ սենտիքայի նախկին նախագահներուն:
Հանդիպումին ընթացքին Ժրէյժ յայտնեց, որ սենտիքան պիտի զօրակցի պետական հաստատութիւններուն եւ օրէնքի պետութեան, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի երկրին ապահովական եւ քաղաքական կայունութեան` դատապարտելով Լիբանանը թիրախ դարձնող ահաբեկչութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ սենտիքային կապուած շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ օրէնքներ բարեփոխելու կարելիութիւնները:

