Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետը

Նախագահ Սլէյման եւ Էտմոն Ֆատել

Նախագահ Սլէյման եւ Էտմոն Ֆատել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու նպատակով երեկոյեան տեղի ունենալիք նախարարական յանձնախումբի նիստին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատելը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է զգաստ ըլլան ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նաեւ միասնականութեամբ դիմագրաւեն ահաբեկչական եւ ոճրային արարքները, որոնք թիրախ կը դարձնեն ոգիներն ու կը խախտեն երկրին կայունութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումը` դէմ դնելու համար ահաբեկչական փոթորիկներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES