Նախարարական Յանձնախումբը Այսօր Երեկոյեան Պիտի Շարունակէ Մշակել Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը

Անժելինա Ժոլի` վարչապետարանին մէջ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 6:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբին չորրորդ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Պութրոս Հարպ, Ժըպրան Պասիլ, Սըժաան Քազզի եւ Նուհատ Մաշնուք եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Նիստը վերջ գտաւ ժամը 7:40-ին` առանց աշխատանքային ծրագիրին մշակումը աւարտելու:
Յանձնախումբը իր հինգերորդ նիստը պիտի գումարէ այսօր, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, վարչապետարանին մէջ:
Նախքան նիստին սկսիլը, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ մաղթեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը վերջ գտնէ` յոյս յայտնելով, որ այդ ծրագիրին մշակումը միասնականութեամբ աւարտի` ապահովելու համար խորհրդարանին վստահութեան քուէն:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ նախարարական յանձնախումբը այսօր աւարտէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ դատախազ Անթոնի Լոճը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձրագոյն յանձնակատարի բարի կամեցողութեան դեսպան, ամերիկացի հանրածանօթ դերասանուհի Անժելինա Ժոլի, որ նախանցեալ օր այցելած էր Պեքաայի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն:
Հանդիպումէն ետք Ժոլի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու ազնուութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը մեծագոյնն է, եւ իբրեւ այդպիսին միջազգային ընտանիքն ու կազմակերպութիւնները պէտք է օժանդակութիւն ապահովեն Լիբանանին:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը:
Քննարկուեցան երկրին տնտեսական եւ առեւտրական իրադարձութիւնները:
Շքէյր շեշտեց, որ ինք վարչապետ Սալամը տեղեակ պահած է 5, 6 եւ 7 ապրիլին Ժետտայի մէջ տեղի ունենալիք լիբանանեան շաբթուան մանրամասնութիւններէն:

