Վերջին Ժամ. Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծեց Հիւսիսային Պեքաան

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէս գիշերին ռմբակոծեց հիւսիսային Պեքաայի Պրիթալ եւ Խրայպէ գիւղաքաղաքներու լեռնային շրջանները:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռմբակոծումը թիրախ դարձուց լիբանանեւսուրիական սահմանին վրայ գտնուող Հըզպալլայի դիրք մը:

Հըզպալլա իր կարգին հերքեց, թէ լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող իր դիրքերէն մէկը իսրայէլեան ռմբակոծումին ենթարկուած է:

Share this Article
CATEGORIES