Ազգային Ժողովը Այսօր Պիտի Քննարկէ «Նայիրիտ»-Ի Հարցով Ժամանակաւոր Յանձնախումբ Ստեղծելու ՀՅԴ-ի Նախագիծը

AJ_24022014Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը «Նայիրիտ»-ի հարցով ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու նախագիծը պիտի քննարկէ 25 փետրուարի նիստին: Այս մասին յայտնեց Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ սկսած քառօրեայի ժամանակ:

Աբրահամեան նշեց, որ տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն չէ տուած ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ ներկայացուած նախագիծին, որով կ՛առաջարկուէր խորհրդարանին մէջ «Նայիրիտ»-ի հարցով ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծել: «ՀՅԴ խմբակցութիւնը, սակայն, հարցը նկատեց արտակարգ եւ ներկայացուց քննարկման: Հարցը առանց քուէարկութեան ընդգրկուեցաւ քառօրեայ նիստերու օրակարգին մէջ եւ պիտի քննարկուի երեքշաբթի օրուան նիստի երկրորդ բաժինին ընթացքին», նշեց Աբրահամեան:

19 փետրուարին Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբը քուէարկութեամբ բացասական եզրակացութիւն տուաւ նախագիծին եւ մերժեց ատիկա Ազգային ժողովի նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկելու առաջարկը:

ՀՅԴ-ն շեշտեց, որ յանձնախումբը նպատակ պէտք է հետապնդէր ուսումնասիրել «Նայիրիտ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մասնաւորեցման հոլովոյթը, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ գնորդի ստանձնած պարտաւորութիւններն ու անոնց փաստացի կատարման վիճակը, մասնաւորեցումէն մինչեւ այսօր ընկերութեան բաժնետէրերու փոփոխութեան, կախեալ կամ դուստր ընկերութիւններու ձեւաւորման հոլովոյթը եւ նպատակները, «Նայիրիտ» գործարանին շուրջ բաժնետէրերու, ինչպէս նաեւ կախեալ կամ դուստր ընկերութիւններու կողմէ ստանձնուած վարկային պարտաւորութիւնները եւ անոնց օգտագործման ուղղութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES