Դեսպան Յովհաննիսեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Գերմանիոյ Նախագահին

Դեսպան Յովհաննիսեան եւ նախագահ Կաուք
Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Եոահիմ Կաուք ընդունեց Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննիսեանը` հաւատարմագիրներու յանձնումին առիթով:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ «Պելեվիու» նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Կաուք եւ դեսպան Յովհաննիսեան քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւնը, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան սերտացման, գիտակրթական եւ մշակութային կապերու յաւելեալ զարգացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման եւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող տարբեր հարցեր:
Շնորհաւորելով դեսպանը` նախագահ Կաուք յոյս յայտնեց, որ Վահան Յովհաննիսեան իր փորձառութիւնը եւ գիտելիքները ներդնէ` ի նպաստ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը վստահեցուց, որ ինք ջանք պիտի չխնայէ երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ:

