Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

DAV_314521 փետրուարին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էր «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան¬սփիւռք յարաբերութիւնները, համագործակցութիւնը շարունակելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, այս իմաստով ՀՄԸՄ¬ի ունեցած դերակատարութիւնն ու ներդրումը: Արծարծուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի աշխատանքներուն ընթացքը:

Նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նաեւ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ¬ի Բիւրականի բանակավայրի կացութեան, զայն բարեկարգելու եւ ընդարձակելու վերաբերող ծրագիրներուն: Նախագահ Սարգսեան դրական մօտեցում ցուցաբերեց այս ծրագիրներուն նկատմամբ` զանոնք նկատելով շինիչ ու կարեւոր եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու:

Նախագահ Սարգսեանի եւ Գառնիկ Մկրտիչեանի այս տեսակցութիւնը նաեւ առիթ եղաւ անդրադառնալու ՀՄԸՄ¬ի ծաւալած բազմաճիւղ եւ աշխարհատարած գործունէութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES