Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ամշիթ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի վերջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 25 փետրուարին: Անոր ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ամշիթը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումներուն, Ռիատի, որ հիւրընկալեց Հուփսը, 74-37 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 17-9, 41-13, 55-23 եւ 74-37:
Ինչ կը վերաբերի Պըժժէ – Թատամոն մրցումին, անիկա աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 83-80 արդիւնքով (17-14, 44-30, 66-52 եւ 83-80): Էյվըրի Ճոնաթըն (Պըժժէ) նշանակեց 28 կէտ, մինչ Ճերիտ Ֆէյմս (Թատամոն)` 30 կէտ:

Պըժժէ – Թատամոն մրցումէն
PROFOTO

