Համահայկական Ձմեռնային Առաջին Խաղերը Սկսան Ծաղկաձորի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Եւ Զաքարեան Յաջողութիւն Մաղթեցին Մասնակցողներուն
Ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ ջահավառութեամբ երէկ սկիզբ առին Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը, որոնք 7 օր իրարու մօտ պիտի համախմբեն շուրջ 400 մասնակցողներ, որոնք պիտի պայքարին 39 մետալի եւ 1 բաժակի համար:
Երէկ` երկուշաբթի, 24 փետրուար 2014-ին, Ծաղկաձորի մէջ սկսան Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը:
Ողջունելով մասնակցողները` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ես ջերմութեամբ կ՛ողջունեմ բոլոր մասնակցողները եւ հիւրերը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք նախաձեռնեցին եւ այս 15 տարիներուն ընթացքին ջանք եւ եռանդ չխնայեցին, որ խաղերը տեղի ունենան:
«Համահայկական խաղերը մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունին, որովհետեւ անոնք կ՛ամրապնդեն Հայաստան – սփիւռք կապը: Բոլորին կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ փափաքս է, որ մրցակցութիւնը ըլլայ արդար: Յաջողութիւն` բոլորին»:
Ողջունելով ներկաները` Համահայկական խաղերուն կազմակերպչական կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ըսաւ.
«Իսկապէս, որ զարմացած եմ այսքան շատ մասնակցողներու ներկայութեամբ, որովհետեւ 22 քաղաքներու եւ 11 երկիրներու շուրջ 400 մասնակցողներ ներկայ են հոս: Ջերմօրէն կ՛ողջունեմ ձեզ Մայր հայրենիքի այս գեղատեսիլ վայրին` Ծաղկաձորի մէջ: Կ՛ուզեմ, որ դուք շատ սիրէք իմ, ձեր եւ համայն հայութեան յոյսի կեդրոն Հայաստանը»:
Համահայկական ձմեռնային խաղերուն կրակը վառեց ողիմպիական խաղերու ախոյեան Իսրայէլ Միլիտոսեան, իսկ մարզիկներուն անունով ողիմպիականի երդում տուաւ Սոչիի ձմեռնային խաղերուն մասնակցած Արման Սերեպրաքեան:
Այս խաղերուն նկատի առնուած են 39 մետալներ եւ 1 բաժակ:
Խաղացանկին մէջ ընդգրկուած մարզաձեւերէն երեքը` դահուկարշաւ, լեռնադահուկարշաւ եւ սնոպորտ, տեղի պիտի ունենան Ծաղկաձորի մէջ, իսկ հոքիի մրցաշարքը` Երեւանի մէջ: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:

