Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր գիտելիքները ձեզի մի՛ պահէք, փոխանցեցէք ձեր շուրջիններուն: Մանաւանդ անոնց, որոնք կը խարխափեն անորոշութեան եւ անգիտակիցին մէջ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր դրամապանակին, աճապարանքի մը մէջ կրնաք զոհը դառնալ քսակահատի մը: Նոյն ատեն` մի՛ քաջալերէք պնակալէզ անձերը, զորս կը ճանչնաք: Օրը ուշադրութիւն կը պահանջէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մոռցուած ժամադրութեան մը պիտի անդրադառնաք այսօր եւ ներողութիւն պիտի խնդրէք: Թէեւ յանցանք մը պիտի չնկատուի, բայց ձեր անդրադարձը նկատի պիտի առնուի: Օրը ունի ուրախանալու նոր առիթ մը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կեդրոնացած էք մէկ տեսակ աշխատանքի վրայ, որ ձեր ժամանակը կը խլէ եւ օրը միօրինակ կը դարձնէ: Փոփոխութիւն մտցուցէք ձեր գործին մէջ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործունէութեան յաջող ընթացքին համար պիտի արժանանաք ձեր մեծաւորներուն գնահատանքին: Պիտի ունենաք նոր առաջարկ մը, որ պիտի ընդունուի սիրով:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երկուքով կատարուած աշխատանք մը արագ ընթացք կ՛ունենայ: Միտքերու փոխանակումով նոր լոյս կը ծագի: Օրուան ընթացքին պիտի ապրիք նոր փորձառութիւն: Խոնարհութիւնը կը յարգուի եւ պտուղ կու տայ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միջամուխ մի՛ ըլլաք ուրիշներու վէճին` կողմերը մեղմացնելու մտօք: Ձեր կեցուածքը կրնայ սխալ մեկնաբանուիլ: Ձեր խորհուրդը կրնայ իմաստ չունենալ անոնց համար:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ոեւէ մէկը պարտքի դրամ ուզէ ձեզմէ, անմիջապէս մի՛ տաք: Մտածեցէք անձին դրամական կամ աշխատանքային կարողութեան վրայ: Կրնայ չվերադարձնել ձեր գումարը: Իմաստութեամբ շարժեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Քանի մը անձերու հետ խորհրդակցական հանդիպումի մը ընթացքին կրնաք արտայայտուիլ ձեր գիտելիքներու մասին: Եթէ ընդդիմացող ըլլայ, մի՛ հակառակիք: Հարցը հաշտութեամբ դիմագրաւեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
«Շատ մի՛ սիրեր, ատել կայ, շատ մի՛ ատեր, սիրել կայ», կ՛ըսէ իմաստուն խօսքը: Այս կը նշանակէ, թէ կեանքը ունի վերիվայրումներ: Օրը ապրեցէք այնպէս, ինչպէս որ է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր նախազգացումը պիտի առաջնորդէ ձեզ: Ձեր զգացումները ճիշդ արդիւնք պիտի տան. հետեւաբար ականջ մի՛ տաք ուրիշներու տեսակէտին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տարեդարձի կամ այլ կարգի ուրախ պատահարի մը համար կազմակերպուած խնճոյքի մը պիտի հրաւիրուիք: Եթէ ձեր շուրջը տեսնէք նոր դէմքեր, յարգանքով վարուեցէք անոնց հետ, ոչ թէ մեկուսացէք:

Share this Article
CATEGORIES