50 Տարի Առաջ (26 Փետրուար 1964)

«Փետրուար 18»-ի
Տօնակատարութիւնը Լոնտոնի Մէջ

Շաբաթ, 15 փետրուար 1964-ին, «Պուշ հաուզի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փետրուար 18-ի համաժողովրդական ապստամբութեան տօնակատարութիւնը:

Կազմակերպիչն էր` ՀՅԴ Լոնտոնի «Նաւասարդեան»-ը:

Օրեր առաջ գաղութիս բաժնուած էր փետրուար 18-ի շուրջ յատուկ պատրաստուած գրութիւն մը եւ տօնակատարութեան յայտարարութիւնը: Գաղութիս բաժնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ 18-րդ Ընդհ. ժողովի այդ սքանչելի, խորիմաստ եւ պատմական «Յայտարարութիւն» գրութիւնը որ յատուկ եւ գեղեցիկ ձեւով տպագրուած էր Փարիզ:

Երեկոն բացուած յայտարարեց օրուան նախագահ Հայաստան Վարդանեան եւ անցաւ օրուան յայտագրի գործադրութեան:

Արտասանեցին` Վարուժան Խըտշեան` Դ. Վարուժանի «Առկայծ ճրագ» քերթուածը, Ստեփան Քէրքեաշարեան` Ե. Չարենցի «Մահուան տեսիլ»-ը: Բժշկուհի Յասմիկ Թադէոսեան երգեց «Կիլիկեան» երգը:

Արտասանութիւնները եւ մեներգը յաջող էին եւ արժանացան ներկաներու գնահատանքին:

Մեծ թուականին պատմականն ու խորհուրդը ներկաներուն բանախօսեցին նախ` Գրիշ Դաւթեան, որ խօսեցաւ փետրուար 18-ի պատմական իրադարձութիւններուն մասին` նշելով բոլոր կարեւոր եւ իրար յաջորդող թուականները: Վաւերական փաստեր յիշելէ ետք, եկաւ այն եզրակացութեան, որ համաժողովրդական ապստամբութիւնը բառին բուն իմաստով հայ ժողովուրդի ազատ եւ համարձակ պոռթկումն էր ընդդէմ Յեղկոմի իշխանութեան:

Խորհուրդի եւ գնահատանքի մասին բանախօսեց Ժիրայր Ղարիպեան, որ մեր ներկայ իրականութեան ակնոցով վերլուծեց համաժողովրդական ապստամբութիւնը եւ շեշտեց «Փետրուար 18-ի պատմական պատգամը:

Ներկաները ծափերով ողջունեցին երկու բանախօսութիւնները:

Նախագահին փակման խօսքերով վերջացաւ օրուան յայտագիրը, եւ խրախճանքը սկսաւ: Օրուան թամատան էր Մասիս Ալեքսանդրեան, որ կրցաւ ներկաներուն խանդավառութիւնը բարձր պահել: Նուագախումբը յաջողութեամբ կը նուագէր զանազան պարանուագներ, եւ պարող զոյգերուն կը պատճառէր մեծ հաճոյք:

Անգամ մը եւս Լոնտոնի «Նաւասարդեան»-ը ներկաներուն հրամցուց համեղ կերակուրներ եւ պտուղ:

Խրախճանքի հայկական բաժնին մէջ թամատան հրաւիրեց խանդավառ երիտասարդ Անդրանիկ Թասլաքեան (այնճարցի) բարձրախօսին քով. ընկերը երգեց զանազան շուրջպարի երգեր, որոնք ոգեւորեցին երիտասարդութեան պարելու հայկական շուրջպարը, ինչպէս նաեւ երգուեցան ազգային եւ յեղափոխական երգեր:

Տօնակատարութիւնը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 1-ը:

Անգլիական հիմնով եւ «Մեր Հայրենիք»-ով, որ երգուեցաւ յոտնկայս, վերջ գտաւ երեկոն եւ ներկայ հասարակութիւնը բաժնուեցաւ սրահէն բարձր տրամադրութեամբ:

Ղ. ԺԻՐԱՅՐ

Լոնտոն

 

Տոմսեր

Սոլոնի Զաւակները Եւ «Քոպրա» Օձը

Շաբաթ եւ կիրակի օրերուն վայրկեանը վայրկեանին կը սպասուէր, որ թուրքերը զինուոր ղրկէին Կիպրոս եւ յոյները «պատասխանէին»` փոխադարձաբար զինուոր ղրկելով կղզի: Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի զօրեղ ճնշումներուն ներքեւ թուրք զինուորները բաւականացան «նաւային պտոյտ մը կատարելով Կիպրոսի մօտերը. անոնք տուն վերադարձան` առանց սակայն պարտականութիւն կատարողի գոհունակութիւնը ունենալու:

Կիրակի օր ամբողջ Յունաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան, սակայն յոյներուն խելքը-միտքը պատերազմի վրայ էր: Թո՜ղ միջամտեն թուրքերը եւ մէջը մնան: Փոքր Ասիոյ աղէտի օրերը անցա՜ծ են. այս անգամ աղէտը իրե՛նց գլխուն պիտի պայթի», կ՛աղաղակեն յունական քաղաքներու եւ գիւղերու քարե՛րն իսկ:

Արեւմտեան թղթակից մը կը գրէ. «Յոյները, քոպրա օձէն կախարդուած կենդանիի նման, պատերազմի աստուծոյն կը նային»:

Եւ ինչո՞ւ պիտի չնային, յուսախաբ ըլլալէ ետք այս աշխարհի խաղաղութեան իշխաններէն… Ո՞ր յոյնը կրնայ լքել Կիպրոսը, որ առնուազն 2500 տարուան մշակութային եւ ազգային կապեր ունի պատմական Հելլադայի հետ:

Կրէտէի մէջ ստեղծուած հելլէն փառահեղ քաղաքակրթութիւնը «որ վարդի նման ծաղկեցաւ» ու տարածուեցաւ արեւելեան Միջերկրականի կղզիներուն եւ ափերուն վրայ. իր մէկ «պուրակ»-ը ունէր Կիպրոսի մէջ: Հոն ծնաւ Զենօ, ստոյիկեան փիլիսոփայութեան հիմնադիրը:

Քրիստոսէ առաջ վեցերորդ դարուն այնտեղ հանգչած է յոյն մեծ օրէնսդիրը` Սոլոն, որ մտածեց ընկերային քաոսը օրէնքի ենթարկելու մասին, մինչեւ իր վերջին վայրկեանը: Կիպրոսի մէջ խօսուած հին լեզուն յունարէնի մէկ բարբառն էր դարեր առաջ. այսօր` յունարէնն է անշուշտ: Ո՞ւր էին թուրքերը այն օրերուն, երբ Կիպրոսի պղինձի հանքերուն արտադրութեամբ զէն ու զրահ կը շինուէր յոյն նաւորդներու համար, յունական նաւերու համար, որոնք մինչեւ Անգլիա եւ մինչեւ Իրլանտա հասցուցած են հելլենական քաղաքակրթութիւնը, որ յետոյ պիտի իւրացուէր ամբողջ Եւրոպայի կողմէ:

«Հեռանալով իրենց մայր հայրենիքէն` յոյները երբեք չլքեցին սակայն Յունաստանը եւ տարին զայն իբրեւ մշակոյթ եւ աւանդութիւն հաստատելու նոր գաղութներու մէջ»:

Ու այսօր այդ մշակո՛յթն է, որ, դարերու տեւողութեան ամրանալէ ետք Կիպրոսի բնակչութեան հոգիներուն մէջ, կը մերժէ  ընդունիլ ժանգն ու ժահրը թուրք եկուոր բարբարոսութեան, ու քաղաքակրթութի՛ւնը պիտի յաղթէ անտարակոյս: Պիտի յաղթեն անոնք, որոնք ընկերային արդարութեան դասեր սորված են մեծ Սոլոնէն` Քրիստոսէ վեց դար առաջ, երբ այսօրուան քաղաքակրթութեան նշխարները գոյութիւն իսկ չունէին:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES