«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սիմոն Վրացեանի Համազգային Վեհաշուք Յուղարկաւորութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սիմոն Վրացեան
Ազգային եւ հասարակական, յեղափոխական, պետական ու քաղաքական ականաւոր գործիչ, հայ մշակոյթի սպասարկու, կրթական մշակ եւ գրագէտ Սիմոն Վրացեան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին:
Պատմութեան բախտորոշ օրերուն, հայութեան համար վճռական եւ ճակատագրական ամէնէն մեծ դէպքերու ընթացքին, անսակարկ զոհաբերութեամբ ան ինքզինք ի սպաս դրաւ հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան: Հայ ազատագրական շարժման դրօշակիր, ան հարազատ վկան եղաւ իր ժամանակին, դարձաւ խորհրդանիշ հայութեան դարաւոր երազներուն` ազատութեան եւ անկախութեան, եւ իր կնիքը դրաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ:
Յեղափոխական պայքարի թոհուբոհէն անցած, հայ-թրքական ռազմաճակատին վրայ պայքարած, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ եւ յետոյ` Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն, Սիմոն Վրացեան մահացաւ 21 մայիս 1969-ին: Մահուան եւ յուղարկաւորութեան առիթով «Ազդակ» 22, 23, 24, 26 եւ 28 մայիս 1969-ի թիւերով լայնօրէն անդրադարձած է անոր կեանքի հանգրուաններուն, գործունէութեան, վաստակին եւ համազգային վեհաշուք յուղարկաւորութեան:
***
Հայ ժողովուրդին ապրած ազգային, քաղաքական ու մշակութային բուռն զարթօնքին իրենց մասնակցութիւնը բերած երախտաշատ գործիչներէն մէկը եղաւ Սիմոն Վրացեան, մէկը բազմակողմանի, բազմաշնորհ, եռանդայորդ այն ընտիրներէն, որոնք անհատական կեանք չունեցան բնաւ, շնչեցին ու տքնեցան ժողովուրդին ու հայրենիքին համար, իրենց բովանդակ անձը ընծայաբերելով իրենցմէ դուրս ուժերու, իրենցմէ վե՛ր ուժերու խորացման, հմայքին, փառքին:
Վերջին դարուն հայ կեանքին մէջ երեւցած կոչեցեալներու պայծառանուն փաղանգին պէս, Սիմոն Վրացեան ինք եւս կտոր կտոր ըրաւ ինքզինք, մոռցաւ իր եսը, սեփական եսը ընդխառնեց իր ժողովուրդի հաւաքական եսին, իր ժողովուրդին հաւաքական եսը խորացնելու եւ անոր ինքնուրոյն որակը ուռճացնելու անդիմադրելի տարփանքով:
Քսաներորդ դարու անկիւնադարձային երեւոյթներուն մէջ չկա՛յ վճռական փուլ մը, ուր կարեւոր դեր մը վստահուած չըլլայ Սիմոն Վրացեանին,- պաշտօն` կամաւորական շարժումին առնչութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, Փետրուարեան ժողովրդական ապստամբութենէն ետք Փրկութեան Կոմիտէի վարիչ դէմք ու սփիւռքի մէջ նո՛ր գործ, եւ ամէնէն առաջ` մօտիկ անցեալի վերիվայրումներուն համագումար արձանագրութիւնը, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անուն կոթողական գործը, «Խարխափումներ»-ը, «Վէմ» հանդէսի 24 հատորները, «Կեանքի ուղիներով»-ի վեց հատորեակը եւ ուրիշ աշխատութիւններ եւ մեր անմիջական կեանքին վերաբերեալ հազարաւոր յօդուածներ:
Հարուստ շրջանի մը հարուստ դէպքերը պատկերացնող ու դէպքերուն աւագ դերակատարները կարելի մանրամասնութեամբ կենսագրող այս գործերը թանկագին նպաստ մը կը բերեն մեր պատմութեան եւ մշակութային կալուածներուն եւ ունին իրենք զիրենք պարտադրելու անհերքելի արժանիք մը:
***
Սիմոն Վրացեան ծնած է Հիւսիսային Կովկաս, Նոր Նախիջեւանի շրջանի Մեծ Սալա գիւղը:
Յաճախած է իր ծննդավայրի ռուսական եւ հայկական նախակրթարանները, ապա` Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը:
1900-ի սեպտեմբերին կ՛ընդունուի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, զոր կ՛աւարտէ 1906-ին: Ապա կ՛անցնի Փեթերսպուրկ, ուր կը հետեւի համալսարանի իրաւաբանութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղին:
1910-ին, ուսումնական տարեշրջանի վախճանին, մանկավարժական Ճեմարանը աւարտած Ս. Վրացեանը կ՛անցնի Մոսկուա: Նոյն տարին իսկ, խուսափելու համար ոստիկանական հետապնդումներէն, կ՛անցնի Պաթում, ապա` Տրապիզոն եւ վերջապէս Կ. Պոլիս:
Երկար չի տեւեր Ս. Վրացեանի գործունէութիւնը Պոլսոյ եւ շրջակայքին մէջ: Ռոստոսի հրահանգով, Պոլիսէն կ՛անցնի Տրապիզոն:
Ապա` Տրապիզոնէն Կարին, ուր էր նաեւ Ռոստոմ: Վրացեան Կարնոյ մէջ կը վարէ «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը, եւ կը դասաւանդէ Սանասարեանի վարժապետանոցին եւ Հռիփսիմեան օրիորդաց վարժարանին մէջ:
1911-ի աշնան, Սիմոն Վրացեան Պոլսոյ վրայով կը մեկնի Ամերիկա, ուր շուրջ երեք տարի կը վարէ «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագրութիւնը:
1914-ին զինք կը գտնենք Կարնոյ 8-րդ Ընդհանուր ժողովին, իբրեւ Ամերիկայի պատգամաւոր: Ընդհանուր ժողովէն ետք, կ՛անցնի Կովկաս, ուր հետագային, Թիֆլիսի Ազգային Բիւրոյի որոշումով, կը մտնէ հայ կամաւորական խումբերու կարգադրիչ մարմնի կազմին մէջ, իբրեւ ընդհանուր քարտուղար եւ գործավար:
Ռուսական յեղափոխութենէն ետք, կը նշանակուի Թիֆլիսի «Հորիզոն» թերթի խմբագիր: Ապա` կ՛ընտրուի անդամ Անդրկովկասեան Սէյմի: 1918-ին կը նշանակուի պատուիրակ Պաթումի թուրք-անդրկովկասեան հաշտութեան խորհրդաժողովին:
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Վրացեան կ՛ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Օհանջանեանի ղեկավարած կառավարութեան մէջ, Վրացեան գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարար է: Հայ-թրքական պատերազմին, երբ վտանգուած էր երկիրը, Վրացեան կը նշանակուէր վարչապետ: Եւ իրեն կը վիճակուէր, դէպքերու գահավէժ ընթացքին հրամայականի բերումով, 1920-ի դեկտեմբեր 2-ին Հայաստանի իշխանութիւնը յանձնել համայնավար յեղկոմին:
Սիմոն Վրացեան բաւական երկար ժամանակ կը մնայ Փարիզ, ուր 1933-էն մինչեւ 1938, կը հրատարակէ «Վէմ» մշակոյթի եւ պատմութեան հանդէսը: Լեւոն Շանթի մահէն ետք, Սիմոն Վրացեան կը նշանակուի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն,- պաշտօն մը` զոր կը վարէ մինչեւ մահը, 21 մայիս 1969:
***

Սիմոն Վրացեանի վերջին լուսանկարը
Շաբաթ, 24 մայիս 1969-ին Պէյրութի հայութիւնը հողին յանձնեց Սիմոն Վրացեանը: Անհամար բազմութիւնը, որ հետեւեցաւ դագաղին եւ անոնք` որ ճամբուն երկու կողմերը պատ կազմած` յարգանքի իրենց մասնակցութիւնը բերին, փութալէ առաջ Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը, համրանք չունէր:
Առաւօտուն, երբ մեծ հանգուցեալին մարմինը տարուեցաւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան, իր այնքան սիրած կրթական հաստատութեան վերի կարգերու աշակերտութիւնը, պատուոյ շարք կազմած, խոր յուզումով դիմաւորեց իր տնօրէնը: Նոյն օրը արդէն, ազգային իշխանութեանց հրահանգով, փակ կը մնային Լիբանանի ազգային բոլոր վարժարանները, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Էշրեֆիէի միւս յարանուանութեանց վարժարանները:
Առտուան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30, Ճեմարանի Տէր Մելքոնեան սրահին մէջ, ուր կը հանգչէր Վրացեանի յոգնատանջ մարմինը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու պատուոյ պահակութեամբ, ծայր չունեցաւ շարքը անոնց, որոնք յարգանքի իրենց վերջին այցելութիւնը տուին հանրային բազմավաստակ գործիչին:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, պատասխանատու գործակիցներու խումբ մը Սուրբ Նշան եկեղեցի տարաւ Վրացեանի մարմինը, ուր եւս յարգանքի այցելութեան գացին ու հետզհետէ յուղարկաւորներու բազմութիւնը սկսան կազմել բոլոր տարիքի երկսեռ հայորդիներ:
Ժամը 3:30-էն սկսեալ հետզհետէ հասան պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնց համար, եկեղեցւոյ աջակողմեան դասին մէջ, յանձնախումբի կարգադրութեամբ, յատկացուած էր առանձին բաժին մը: Յուղարկաւորութեան կարգի արարողութիւններուն ներկայ եղան առողջապահութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեան, որ այս առթիւ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը, հայ կաթողիկէ Պաթանեան պատրիարքի ներկայացուցիչ Մեսրոպ Եպս. Թերզեան, հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Արամ Հատիտեան, կրթական նախարար Ժոզէֆ Ապուխաթեր, Փաղանգաւորներու կուսակցութեան նախագահ եւ Պէյրութի երեսփոխան Փիեռ Ժըմայէլ, ժողովրդավարական ժողովրդական ճակատի ընդհանուր քարտուղար եւ Հերմելի երեսփոխան Անթուան Հըրաուի, փաղանգաւոր երեսփոխաններ Ժոզէֆ Չատեր, Լուի Ապու Շարաֆ, Ապտօ Սաապ եւ Սամիր Իսահակ, Պէյրութի հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Յարութիւն Ճերեճեան եւ Աւետիս Տէմիրճեան, վեթերան Հնչակեան եւ հանգուցեալին ժամանակակից Արսէն Կիտուր, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծանօթ ազգայիններ կրթական մշակներ, զանազան միութիւններու պատուիրակներ ու վերջապէս` բազմութիւնը սգակիրներու, որոնք լեցուցած էին եկեղեցին, շրջափակը ու վարժարանի բաց դաշտը:
Արարողութիւններուն նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, շրջապատուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր միաբաններով, գլխաւորութեամբ Դրան եպս. Գարեգին եպս. Սարգիսեանի, ինչպէս նաեւ քահանայ հայրերով: Երգեցողութիւնները կը կատարէր Ս. Նշանի դպրաց դասը:
Արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ դասէն, յանուն Լիբանանի Ազգային իշխանութեանց, բոլոր մարմիններուն եւ խորհուրդներուն, դամբանական խօսեցաւ առաջնորդ սրբազանը, վեր առնելով հանգուցեալ մեծ հայուն հանրային գործիչի, քաղաքական առաջնորդի, պետական մարդու, կրթական մշակի եւ գրագէտի բազմակողմանի արժանիքները:
Յուղարկաւորութեան կարգի արարողութիւններէն ետք, Վրացեանի դագաղին շուրջ, որուն առջեւ պատուոյ պահակ կեցած էին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններու ցաւակցութիւնները ընդունեցին Ատուր Գապաքեան, Կարօ Սասունի, Վահան Փափազեան, Վահէ Սէթեան, Յակոբ Գարաօղլանեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ Անթուան Քեհեայեան:
Ժամը 5:00-ին, յուղարկաւորներու թափօրը շարժեցաւ: Մեռելակառքին ետեւէն կ՛երթային առաջնորդ սրբազանին եւ Դրան եպիսկոպոսին ինքնաշարժները, ապա այլ ինքնաշարժներ, որոնց մէջ տեղ գրաւած էին պետական երեսփոխանները եւ պատասխանատու դէմքեր: Ապա, անվերջանալի շարքը բազմահարիւր կառքերու, տպաւորիչ թափօրով մը, որ անցաւ Ռիատ Սոլհ հրապարակէն, ուղղուելու համար Պուրճ: Ոստիկանութիւնը շրջագայութիւնը կեցուցած էր ոչ միայն այն գլխաւոր պողոտաներուն վրայ, ուրկէ պիտի անցնէր թափօրը, այլ նաեւ քովնտի փողոցներու մէջ, եւ այս` մինչեւ մայրաքաղաքին ելքը:
Ինքնաշարժներու շարքը, անցնելով Պուրճի կեդրոնէն, մտաւ Կուրօ փողոց, անցաւ Ժըմմէյզէէն, հասաւ Մար Մխայէլ, ուր արդէն բոլոր խանութները փակ էին: Փակ էին նաեւ Նոր Հաճըն եւ Խալիլ Պետեւի թաղերուն խանութները եւ մեր հայրենակիցները, մայթերուն վրայ կեցած, իրենց յարգանքը մատուցին մեծանուն հայուն:
Երբ թափօրը անցաւ Նահրի կամուրջէն, հասաւ «Հայաստան»: Ժողովուրդն էր այլեւս, Պուրճ Համուտի հայութիւնը որ ակնդէտ կը սպասէր` յարգանքի իր իւրայատուկ տուրքը տալու համար: Պուրճ Համուտի գլխաւոր պողոտային վրայ, կամուրջէն մինչեւ Տորայի բոլորակը, անհամար բազմութիւն մը պատ կազմած, երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ դագաղին անցքին: Շրջանի բոլոր վարժարաններուն աշակերտները, երկսեռ խիտ շարքերով, պատ կազմած էին ճամբուն երկու կողմերը, իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ: Նոյնպէս, ճամբուն երկու կողմերը սեւ ժապաւէններ սուգի երիզ մը կը կազմէին: Տեղ տեղ, պարզուած էին սեւ դրօշակներ: Մինչեւ Փոլիքարփոս թափօրը այս ընթացքով շարունակեց ճամբան: Փոլիքարփոսէն անդին, անհամար երիտասարդութիւնը որ կը քալէր թափօրին կողքին, ալ չհամբերեց: Պարտադրեց իր կամքը, հակառակ բոլոր պատուէրներուն: Երիտասարդութիւնը պիտի թաղէր գաղափարական իր առաջնորդը ու կ՛ուզէր թաղել ինչպէս որ ինք կը փափաքի: Ջլապինդ երիտասարդներ, մեռելակառքէն առին դագաղը եւ սկսան ձեռամբարձ քալել դէպի գերեզմանատուն: Կարգադիր յանձնախումբը ակամայ համակերպեցաւ այս սրտաբուխ պոռթումին առջեւ: Ու այսպէս, սկսաւ յամրընթաց երթը հայ մարդոց եւ կիներու, պատանի, երիտասարդ, չափահաս ու ծեր, բազմութիւնը ժողովուրդին, որ կը տանէր թաղելու իր վարչապետը:
Գերեզմանատան մատրան մէջ, թաղման կարգի արարողութիւններուն նախագահեց առաջնորդ սրբազանը, դարձեալ շրջապատուած Կիլիկեան միաբանութեան անդամներով եւ քահանայից դասով:
Այնուհետեւ, երբ արդէն մութը սկսած էր կոխել, աւելի տպաւորիչ դարձնելով այս վեհաշուք թաղումը. դագաղին առջեւ յաջորդաբար խօսք առին Գարեգին եպիսկոպոս Սարգիսեան, Հրաչ Տասնապետեան, Սարգիս Զէյթլեան, Մուշեղ Իշխան եւ Կարօ Սասունի:
Վերջապէս հասաւ գերագոյն վայրկեանը, երբ մեծ հանգուցեալին անմիջական գործակիցները, մնացորդացը հին սերունդին, որ Հայաստանի մէջ գործի վրայ տեսած էր Վրացեանը, այդ սերունդէն երկու հոգի, Կոմս եւ Սասունի, այլ պատասխանատուներու հետ, Դաշնակցութեան պանթէոնը փոխադրեցին Վրացեանի մարմինը: Հոն, պանթէոնին առջեւ, ամէնէն յուզումնալի պատը վերապահուած էր ժողովուրդին: Կոմս, Սեւանի ափերէն բերուած ափ մը հող եւ Աղթամարէն քաղուած բուռ մը անթառամ ծաղիկ ցանեց իր մտերիմ ընկերոջ դագաղին մէջ, արտասուքներ խլելով աչքերէն:
Մութը կոխած էր արդէն երբ յանկարծ գերեզմանատան չորս կողմերէն, բարձրացաւ բորբ ձայնը երիտասարդութեան.
«Վէրքերով լի ջան ֆետային» եղաւ վերջին աղօթքը:

