Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սփիւռքի Նախարարը Կարեւոր Կը Նկատէ Մայրենի Լեզուի
Երկու Ճիւղերու Պահպանման Հարցը

Mayreni-Lezou1Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ «Արեւմտահայերէնի հարցեր եւ հեռանկարներ» խորագրով քննարկումը հանրապետութեան լեզուաբանները համախմբեց մայրենի լեզուի պահպանման հարցերը քննարկելու նիւթին շուրջ: Ողջունելով քննարկման մասնակիցները` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, թէ մեծ խորհուրդ կայ այն բանին մէջ, որ Մայրենի լեզուի օրուան նուիրուած քննարկումը տեղի կ՛ունենայ գիտութեան մայր տաճարին մէջ:

«Մենք պէտք է քննարկենք այն հարցադրումները, որոնք կը թեւածեն լեզուական մթնոլորտի մէջ գտնել լուծումներ եւ կարենանք առաւել տարածել մայրենի լեզուն», յայտնեց Յակոբեան:

Անոր համաձայն, ընդամէնը որոշ ժամանակ առաջ արեւմտահայերէնի մասին խօսիլը լարուածութիւն կը յառաջացնէր, սակայն պէտք է յիշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ, «Լեզուի մասին օրէնքով` մեր երկրի պետական լեզուն հայերէնն է իր բոլոր ճիւղերով, բարբառներով եւ ուղղութիւններով»:

Mayreni-Lezou6Արեւմտահայերէնը ցեղասպաննուեց, մենք կորսնցուցինք հայրենիք, ոչ միայն հայրենակիցներ, մշակոյթ, այլեւ` լեզու: Մեր պապերը կրցան ուժ գտնել, աշխարհի տարբեր հատուածներու մէջ համախմբուիլ, միաւորուիլ եւ փորձեցին պահել-պահպանել լեզուն», ըսաւ սփիւռքի նախարարը:

Ըստ անոր, ի տարբերութիւն արեւելահայերէնի, արեւմտահայերէնը չունի պետական պաշտպանութիւն, փոխարէնը` այդ առաքելութիւնը իրենց ուսերուն վերցուցած են համահայկական կառոյցները, կուսակցութիւնները, հոգեւոր թեմերը եւ անհատները:

Ան շեշտեց, որ մօտաւորապէս վերջին 100 տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը դարձած է մարդոց, հայկական կառոյցներու մտահոգութեան առարկան:

«Լեզուին ուժ, ֆինանսներ տուողը բարերարներն են, նաեւ կառոյցները եւ կազմակերպութիւնները: Կը  ցանկամ պետականօրէն շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումներով օգնեցին արեւմտահայերէնի պահպանմանը», ընդգծեց Հ.  Յակոբեան` աւելցնելով, որ վերջին տարիներուն կը  տպագրուին արեւմտահայերէն գիրքեր, ուսումնական ձեռնարկներ:

Հ. Յակոբեան դիտել տուաւ, որ պէտք է շնորհակալ ըլլալ նաեւ մամուլին, որ արեւմտահայերէնով լոյս տեսնելու շնորհիւ կը նպաստէ լեզուի պահպանման:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայաստանի մէջ աշխատող այն քիչ թիւով լեզուի մասնագէտներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են արեւմտահայերէնի պահպանման:

«Մենք պարտաւոր ենք պետականօրէն վերաբերմունք ցուցաբերել ազգային մեծագոյն արժէքին` արեւմտահայերէնի պահպանմանը եւ տարածմանը: Արեւմտահայերէնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ դասուած է մեռնող լեզուներու շարքին, սակայն պէտք է քայլեր ձեռնարկենք այս վտանգէն հեռանալու համար», ըսաւ սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով, որ լեզուի հարցերը պէտք է բարձրացուին Հայաստանի  կառավարութեան մակարդակով: Ան նաեւ ըսաւ, որ նախարարութիւնը իր կարելին կ՛ընէ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ի խնդիր:

«Հայոց լեզուն ինքնութեան ամենավառ բաղադրիչն է, իւրաքանչիւր հայու էութիւնը», դիտել տուաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատվալեանը` աւելցնելով, որ մայրենի լեզուի հարցերը պէտք է մնայուն կերպով արծարծուին:

«Լեզուն ազգը միաւորող ուժն է, մեր պետականութեան հիմնասիւներէն մէկն է: Պէտք է նկատի ունենալ, որ հայերէնը միայն արեւելահայերէնը չէ, այլ արեւմտահայերէնի հետ միասին երկուքը ուս-ուսի տուած պէտք է ընթանան առաջ», յայտնեց Վ. Կատվալեանը:

Անոր համաձայն, արեւելահայերէնին որեւէ վտանգ չի սպառնար Հայաստանի մէջ, մինչդեռ արեւմտահայերէնը վտանգուած է:

«Հարցերը բազմաթիւ են: Առաջինն այն է, որ արեւմտահայերէնը ոտքին տակ չունի սեփական հող, հայրենիքէն դուրս է եւ տարանջատուած` տարբեր երկիրներու մէջ», ըսաւ լեզուաբանը` աւելցնելով, որ չկայ լեզուի միասնական կանոնակարգման կարելիութիւն:

«Բազմաթիւ հարցեր կան, որոնք պէտք է լուծուին: Պէտք է կարենանք գնահատել մեր արժէքները: Աւանդական ուղղագրութիւնը արժէք մըն է, որ պէտք է գնահատենք», շեշտեց ան:

Քննարկման ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ մայրենիին նուիրուած տեսանիւթեր, որոնց յաջորդեցին սուրիահայ աշակերտներու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան լեզուաբաններու եւ գրականագէտներու ելոյթները:

Մայրենի լեզուի օրուան նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ սփիւռքի նախարարը եւ շարք մը մտաւորականներ 21 փետրուարին այցելած են Օշական, ծաղիկներ զետեղած` Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին վրայ, Օշականի դպրեվանքին մէջ ներկայ եղած են մայրենի լեզուին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին` Օշական գիւղի դպրոցի աշակերտներու, սուրիահայ դպրոցականներու եւ սփիւռքահայ ուսանողներու մասնակցութեամբ:

Յայտնենք, նախաձեռնութիւններուն շարքը աւարտեցաւ «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ կայացած տօնական ելոյթով:

«Հայաստան» Հիմնադրամի Բրիտանիոյ Մարմինը
Կը Հովանաւորէ Սասունկի Մանկապարտէզի Կառուցումը

sasoun«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Բրիտանիոյ տեղական մարմինի ֆինանսաւորումով, Արագածոտնի մարզի Սասունիկ գիւղին մէջ մանկապարտէզ կը կառուցէ: Ծրագիրի նիւթականին մէկ մասը կը հոգայ Սասունիկի գիւղապետարանը:

Երկյարկանի մանկապարտէզը իր երդիքին տակ կրնայ ընդունիլ մինչեւ 90 փոքրիկ: Ընթացքի մէջ են արդէն հիմերը փորելու աշխատանքները:

Գիւղի նախկին մանկապարտէզը 1998-էն ի վեր չի գործեր: Շրջանի հարցերուն մասին խօսելով` գիւղապետը կարեւոր նկատած է նաեւ ոռոգման ջուրի համակարգի հաստատումը եւ գիւղամիջեան ճամբաներու վերանորոգութիւնը: Իբրեւ ձեռքբերում` գիւղապետը յիշած է, որ տարեսկիզբէն գիւղին մէջ կնքուած է 23 ամուսնութիւն:

Սասունիկ շրջանին մէջ կը գտնուի նաեւ Պաքուի գաղթականներով վերաբնակեցուած Կարին գիւղը: Համայնքի մօտաւորապէս 4000 բնակիչները հիմնականին մէջ կը զբաղին խաղողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Աւելի քան 100 մարդ կ՛աշխատի Սասունիկի «Արմինիա ուայն» գինիի գործարանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ վերջին տարիներուն Բրիտանիոյ մարմինին նուիրատուութիւններուն շնորհիւ նորոգուած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի ծննդատան բաժինը, Կապանի բժշկական կեդրոնի մանկական բաժանմունքը, Շէնգաւիթի գիշերօթիկ մանկապարտէզը: Բրիտանահայ համայնքի շարունակական աջակցութեան շնորհիւ Հայաստանի շուրջ երկու տասնեակ սահմանամերձ դպրոցներ ստացած են դպրոցական գոյք:

Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» Հեքիաթը`
Շարժանկարի Տեսքով

Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» հեքիաթի հիման վրայ «HY Pictures»-ի գործադիր արտադրող` Արեւիկ Աւանէսեանը եւ բեմանկարիչ Մայտա Շանդեզ Աւագեանը նկարահանած են «Ծիտը» գծանկարային ժապաւէնը:

Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած է Արեւիկ Աւանէսեանը:

«Գաղափարը ծնաւ անցեալ տարի, երբ աշնան գացինք Շուշի եւ սկսանք փոքրիկներու հետ տիկնիկներ պատրաստել` օգտագործելով մանրանկարչութեան տարբեր նմուշներ: Այդ ժամանակ ալ մտածեցինք կարճ գծանկարային ժապաւէն նկարահանելու մասին: Որոշեցինք ընտրել Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն որեւէ մէկը, որովհետեւ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը մեծ գրողին 145-ամեակին ընդառաջ` Թումանեանական տարի յայտարարած է», նշեց Արեւիկ Աւանէսեանը:

Գծանկարային ժապաւէնին տեւողութիւնը 8 վայրկեան է: Կը նախատեսուի նաեւ ստեղծել անոր ֆրանսերէն եւ անգլերէն տարբերակները:

«Շատ լաւ կ՛ըլլար, որ գծանկարային ժապաւէնը թարգամանուէր օտար լեզուներով, որովհետեւ այսպիսով անիկա հասանելի պիտի ըլլայ շատ մը փոքրիկներու: Երբ ժապաւէնին անգլերէն տարբերակը պատրաստ ըլլայ, թերեւս մասնակցինք արտերկրի մէջ կայացող փառատօներու», ըսաւ ժապաւէնը արտադրողը` աւելցնելով, որ մեր երկրին մէջ գծանկարային ժապաւէններու զարգացման հեռանկարներ կը տեսնուի:

«Ճիշդ է, որ դեռ շատ պէտք է աշխատինք, որպէսզի որակով համեմատուինք արտասահմանի գծանկարներուն հետ, բայց նշեմ, որ մեր գծանկարները խրատական, դաստիարակչական բնոյթի են, բան մը, որ արտասահմանի շատ մը գծանկարներու մէջ չենք գտներ: Միանշանակ չեմ կրնար ըսել, որ իրենցը վատ է: Մեր քով ալ կան լաւ եւ վատ գծանկարներ», նշեց Արեւիկը:

Գծանկարի հեքիաթասացը Կարէն Ջանգիրովն է, իսկ ծիտը մարմնաւորած է 5-ամեայ Աւետիս Իսկենեանը, որ նոյնպէս ներկայ էր ասուլիսին: Ան տպաւորութիւններ կը ներկայացնէր, կ՛երգէր ու կ՛արտասանէր: Փոքրիկ Աւետիսը շատ կը սիրէ գծանկար դիտել, իսկ անոր ամէնէն սիրելի հեքիաթը «Չախ-չախ թագաւոր»-ն է: Ան յայտնած է. «Պիտի շարունակեմ ձայնագրել գծանկարներ, Բայց երբ մեծնամ, բժիշկ պիտի դառնամ», ըսաւ Աւետիսը:

Նշենք, որ «Ծիտը» հեքիաթի հիման վրայ նկարահանուած գծանկարը համադրած է Գայեանէ Խաչատրեանը, հնչիւնային բեմադրիչը` ձայնի պատասխանատուն Արմէն Եգանեանն է, իսկ երաժշտութեան հեղինակը` Արտօ Թունճպոյաճեանը:

Հայաստանը Եւ Արցախը Իրար Կապող
Նոր Ճամբան Կը Կառուցուի

Hayasdan_artsakhՀայաստանը եւ Արցախը շատ աշխատանք տարին եւ իրականացուցին երկու հանրապետութիւնները իրարու կապող ռազմավարական, ընկերային-տնտեսական կարեւորութիւն ունեցող ճամբու կառուցումը:

Այս նպատակին համար արդէն հանգանակութիւն կատարուած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2013-ի տարեկան հեռուստամարաթոնին ընթացքին, իսկ 2014-ի սկիզբը արդէն սկսած էին եւ սահուն կերպով կ՛ընթանային Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու շինութեան աշխատանքները: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շինարարական բաժինէն լրագրողնեերուն յայտնած են, որ ներկայիս շինարարական աշխատանքներուն կը մասնակցի վեց շինարարակական կազմակերպութիւն: «Եղանակը բարենպաստ է, եւ արդէն 10-15 օր է, ինչ շինարարակական կազմակերպութիւնները կ՛իրականացնեն հողային աշխատանքները», յայտնած են հիմնադրամէն` աւելցնելով, որ աշխատանքները յատկապէս կը կատարուին Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու արցախեան հատուածին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին ունի 116 քիլոմեթր երկարութիւն, նոր ճամբուն տակ պիտի տեղադրուին ջրահեռացման համակարգեր` ճամբան անձրեւէն քայքայուելէ պաշտպանելու համար: Վաթսուն թոն բեռնատարողութեան համար նախատեսուած ճանապարհին մերձակայ լեռնալանջերը պիտի ամրացուին: Պիտի կառուցուին արտաքին եւ ներքին արգելապատնէշներ, մէկ կողմէ ժայռի մը եւ ճամբուն միջեւ` քարաթափումներէն պաշտպանելու համար, միւս կողմէ` ճամբուն եւ ձորերուն միջեւ: Ճամբու երկայնքին կը գտնուի 30 գիւղ, պիտի կառուցուի 16 կամուրջ:

Հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հայերը «Դէպի Արցախ» խորագրով 16-րդ տարեկան հեռուստամարաթոնին ընթացքին` 29 նոյեմբեր 2013-ին, հանգանակեցին աւելի քան 22 միլիոն 661 հազար 372 տոլար:

Արցախի Հադրութը Ֆրանսայի Վիեն Քաղաքի Հետ
Բարեկամութեան Հռչակագիր Կը Ստորագրէ

hadrut-vienneԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հադրութ եւ Ֆրանսայի Վիեն քաղաքներուն միջեւ 21 փետրուարին ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր: Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Վիենի քաղաքապետարանին մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն, Հադրութ քաղաքին անունով հռչակագիրը ստորագրած է աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, Վիեն քաղաքին անունով` քաղաքապետ Ժաք Ռեմիլիէն:

Հռչակագիրը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն հետեւողական քայլերը` ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու առնչութեամբ եւ անընդունելի կը նկատէ Արցախի ժողովուրդին մեկուսացումը: Անոր նպատակն է զարգացնել երկու քաղաքներուն միջեւ բարեկամական կապերը եւ խրախուսել համագործակցութիւնը` կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Ժապաւէններու
Բեմագրութեան Մրցում

«Փիւնիկ» հիմնադրամը եւ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի զարգացման հիմնադրամը յայտարարած են Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով 4-6 վայրկեան տեւողութեամբ խաղարկային եւ վաւերագրական ժապաւէններու բեմագրութեան մրցում` նուիրուած Մեծ եղեռնի հարիւրամեայ տարելիցին:

Մասնագէտներէ կազմուած դատական կազմը ընդունուած դիմումներէն պիտի ընտրէ 10 ներկայացում: Բեմագրութիւնները կրնան ունենալ գրական հիմք: Լաւագոյնը նկատուած երեք բեմագրութիւններ պիտի պարգեւատրուին 1000 տոլարի համարժէք հայաստանեան դրամով, իսկ միւսները` 500 տոլարի համարժէք դրամով: Ընտրուած 10 բեմագրութիւններով ժապաւէններ պիտի նկարահանուին:

Բեմագրութիւնները պէտք է ներկայացնել «Ոսկէ ծիրան»-ի զարգացման հիմնադրամին` Երեւան, Մոսկովեան 3 հասցէով կամ ուղարկել [email protected] ելեկտրոնային հասցէին, մինչեւ 30 յունիս 2014:

Գիրք Նուիրելու Օր. Ոստիկանները 12 Հազար
Գիրք Նուիրած Են, 2500-ը` Ծերանոցին

Հայ ոստիկանները 19 փետրուարին` գիրք նուիրելու օրը, հանրապետութեան մարզերու եւ մայրաքաղաքի դպրոցներու գրադարաններուն նուիրած են` 12 հազար գիրք, որուն  2500-ը`  ծերանոցին:

Ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ այդ օրը ոստիկանները այցելած են Երեւանի թիւ 105 դպրոց: Ոստիկաններուն նուիրած գիրքերը տեղ գտած են նաեւ թիւ 29 աւագ դպրոցի գրադարանին մէջ: «Ոստիկանութեան հետ մեր սերտ համագործակցութիւնը նոր չէ, մեր համագործակցութենէն կը շահի եւ դպրոցը, եւ փոքրիկները», ըսած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան նախագահ Նարինէ Յովհաննիսեանը: Իսկ դպրոցի տնօրէնը եւ աշակերտները հաստատած են, որ անչափահասները միշտ ալ յատուկ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի արժանացած են ոստիկանութեան կողմէ:

Ոստիկանութեան ուշադրութենէն չէ վրիպած նաեւ Նորքի ծերանոցը: Տարեցները իրենց հիւրերը լաւապէս կը ճանչնան եւ յաճախ կ՛արժանանան անոնց հոգատար վերաբերմունքին ու հաճելի անակնկալներուն: Այս այցելութենէն յուզուած են ծերերը. գիրք կարդալ անհրաժեշտ է բոլորին, բայց իրենց տարիքին եղողներուն համար ատիկա ամէնէն լաւ զբաղումն է:

 

Share this Article
CATEGORIES