Հայութիւնը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Հարիւրամեակին (Ա. Մաս )

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Hayoutioune-Hamashkharhayin2014-ին համայն մարդկութիւնը պիտի նշէ Մեծ Պատերազմին հարիւրամեակը:

1914-1918, չորս տարիներու ընթացքին եւրոպական ցամաքամասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին Դաշնակիցները` Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ ցարական Ռուսիա մէկ կողմէ եւ Գերմանիա եւ Օսմանեան կայսրութիւն` միւս կողմէ, իրարու դէմ մղեցին իր վայրագութեամբ եւ տարողութեամբ ամբողջ դար մը նախընթաց չունեցող պատերազմ մը:

Պատմութիւնը, անշուշտ, հետագային ցոյց պիտի տար, որ այն առաջինն էր միայն երկու համաշխարհային պատերազմներու, որոնց արդիւնքով եւրոպական մեծ պետութիւնները պիտի դադրին միջազգային ուժային հաւասարակշռութեան որոշիչները ըլլալէ: Բայց պատմաբաններուն համար 1914-ն էր, որ վերջ պիտի տար, այն ինչ Քարլ Փոլանյի բնութագրած էր «19-րդ դարու եւրոպական քաղաքակրթութիւնը»: Ամբողջ հարիւր տարիներու ընթացքին, կը հաստատէ 1944-ին գրուած իր «Մեծ փոփոխութիւնը» աշխատասիրութեան թեզը, ուժերու հաւասարակշռութեան մեքանիզմի, ազատական պետութեան, ազատ շուկայի եւ բարձր ֆինանսներու չորս հիմնասիւներու վրայ հաստատուած աշխարհակարգ մը աննախըթաց խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման պատմական ժամանակաշրջան մը ապահոված էր մարդկութեան: Դրամատիրական զարգացման այս հանգրուանը, սակայն, իր ներքին հակասութիւններու տրամաբանութեամբ անխուսափելիօրէն յառաջացուցած էր հասարակական ցնցումներ, դիմադրութիւն եւ զանգուածային հակազդեցութիւն` յանգելով ի վերջոյ համընդհանուր բախումի, որուն ծաւալն ու խորքային հետեւանքները ոչ ոք նախատեսած էր: Պատերազմները ուժերու միջազգային հաւասարակշռութեան ճշդումներու մեքանիզմի տրամաբանութեամբ ծրագրելու վարժ վեհաժողովներու Եւրոպան չէր հասկնար, թէ ինչպէ՛ս չէր յաջողեր վերահսկողութեան տակ առնել զինուորական գործողութիւնները, որոնք դուրս եկած էին քաղաքական բանականութենէն եւ գերի դարձած` ազգայնականութեան կիրքին: Ի վերջոյ, Դաշնակիցները ստիպուած` դիմեցին ամերիկեան ցամաքամասի ամենաարագ ճարտարարուեստականացող եւ արդէն Քարայիպեան ծովուն թէ Խաղաղականին մէջ ուժային ծաւալումի իր առաջին քայլերը տուած նոր հսկային` Միացեալ Նահանգներուն: Հոգ չէ, թէ Վուտրօ Ուիլսընի տեսլականը, որ բանաձեւուեցաւ Քոնկրեսէն Գերմանիոյ դէմ պատերազմ հռչակելու արտօնութիւն խնդրող իր տասնչորս կէտերու ելոյթին մէջ, եւրոպացի դիւանագէտներուն համար քիչ մը անհասկնալի էր, եթէ ոչ` պարզապէս միամիտ: Ի՞նչ ըսել էր «ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք» կամ «աշխարհը ապահով դարձնել ժողովրդավարութեան համար»…

Առաջին Համաշխարհային պատերազմով բնութագրուած 19-րդ դարու աւարտն ու 20-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին համար բերաւ իր հաւաքական գոյութեան շարունակման ամէնէն արմատական հարցադրումը: Երբ հոկտեմբեր 29-ին Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմին մէջ կը մտնէր Սեւ ծովու ռուսական նաւահանգիստներու ռմբակոծումով, ոչ ոք կրնար իմանալ, որ Իթթիհատական կառավարութիւնը իր համաթրքական ծրագրին հետամուտ` կը պատրաստէր Հայկական հարցին լուծումը ի դէմս հայ ժողովուրդի բնաջնջման: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին, հետեւաբար, արժէ կանգ առնել Ա. Համաշխարհային պատերազմի որպէս երեւոյթ անդրադարձին հայ ժողովուրդի ճակատագրին վրայ եւ բաղդատական մը ընել այսօրուան իր գոյութենական կացութեան հետ:

Վերլուծական այս փորձը կ՛իմաստաւորուի, մասնաւորաբար եթէ նկատի ունենանք, որ 2014-ը ե՛ւ հայութեան համար ճակատագրական տարի է, ե՛ւ համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութեան իմաստով կրնայ նոր դարափոխումի ազդանշանը տալ: Այսպէս, 2014-ը արցախեան պատերազմի զինադադարի քսանամեակն է, այն տարին, երբ Մինսքի խումբի միջնորդական պայմանաժամը կ՛աւարտի: 2014-ին սպասելի է նաեւ սուրիական տագնապի հանգուցալուծում մը, որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ սփիւռքի թերեւս ամենատոկուն համայնքներէն մէկուն ապագային վրայ: Ինչ կը վերաբերի աշխարհաքաղաքական իմաստով դարափոխութեան` Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան ապագայի ճշդումն ու Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան զարգացման ընթացքը շատ հաւանաբար որոշիչ դեր ունենան որոշ վերլուծաբաններու բանաձեւած «ոչամերիկեան» աշխարհակարգի ձեւաւորման վրայ:

21-րդ դարը սահմանող միաբեւեռ աշխարհակարգին պահը…

Եթէ միջազգային քաղաքական մտածողներուն համար գրեթէ յստակ է, որ 1989-1991 տարիներուն կատարուեցաւ համակարգային փոփոխութիւն մը, որուն առընթեր ուժերու երկբեւեռային կառոյցը փուլ եկաւ, ոչ որպէս հետեւանք երկու գերպետութիններու բախումին, ինչպէս ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան, կամ կը նախատեսուէր, որ տեղի ունենան համակարգային փոփոխութիւնները, եւ 20-րդ դարը հասաւ իր «աւարտ»-ին, այդ իրադարձութենէն աւելի քան քսանամեակ մը ետք, տակաւին յստակ չէ` ճիշդ ե՛րբ պէտք է բնութագրել 21-րդ դարու սկիզբը:

Ճիշդ է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւ անոր եօթանասունամեայ պատմական փորձառութեան ձախողութեան փաստին լոյսին տակ գաղափարախօսական հակադիր բնորդը` ազատական ժողովրդավարութիւնն ու շուկայակական յարաբերութիւններու տնտեսակարգը ոչ միայն կը ներկայանար որպէս միակ այլընտրանք, այլ անուղղակիօրէն կը պարտադրուէր Ուաշինկթընի մէջ տրուած շարք մը որոշումներու գործնականացման քաղաքականութեան ընդմէջէն: Զուգահեռաբար, 1996-էն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան պիւտճէն աւելնալու սկսաւ այնպիսի թափով մը, որ աշխարհի միակ գերուժին պիտի ապահովէր միջազգային համակարգի մէջ ռազմական բացարձակ տիրակալութեան դիրքը: Մինչ այսօր Միացեալ Նահանգներու զինուորական հզօրութիւնը այնպիսին է, որ ոչ մէկ այլ պետութիւն, եւ ոչ իսկ` պետութիւններու ռազմական դաշնադրութիւն մը, կրնայ հաւասարակշռել: Այս մէկը, անշուշտ, նաեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բոլոր կողմերու զօրակցութիւնը վայելող քաղաքական որոշում մըն է, այսինքն` Հանրապետական-Դեմոկրատ երկկուսակցական համախոհութիւն մը, որ հիմնուած է տակաւին 1989-ին բանաձեւուած յետվիեթնամեան զինուորական վարդապետութեան վրայ, ուր Միացեալ Նահանգներ օժտուած պէտք է ըլլան զինուորական ուժերով, որ կարող ըլլան միաժամանակ երկու շրջանային պատերազմներ մղել: Մէկ խօսքով, ուժերու հաւասարակշռութեան հայեցակէտով յետպաղ պատերազմեան աշխարհակարգը յատկանշուեցաւ միաբեւեռութեամբ, եւ, գէթ ռազմական կարողութիւններու բաժանման իմաստով, այն կը մնայ միաբեւեռ` ի տարբերութիւնը հարիւր տարի առաջուան բազմաբեւեռ աշխարհակարգին, որուն սպառման բարացուցական փաստը եղաւ Մեծ Պատերազմը:

Պատմականօրէն աննախընթաց ուժային ծաւալման այն կարողականութիւնը, որ Պաղ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Միացեալ Նահանգները ձեռք բերին որպէս համաշխարհային միակ գերուժ, անխուսափելիօրէն յանգեցաւ այսպէս կոչուած Նոր աշխարհակարգի մը կառուցման ծրագիրներու յղացման: Համատարած համոզումը, կամ ենթադրութիւնը այն էր, որ պատմականօրէն աննախընթաց պահն ու Միացեալ Նահանգներու գրաւած դիրքը որպէս Պաղ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած գերհզօր ուժ` թոյլ կու տան նման իրականացում: Նախընթացներ կային անշուշտ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին իսկ Ազգերու ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնը, որ այն ժամանակ իսկապէս Նոր աշխարհակարգ մը կը նշանակէր, Ուիլսընինն էր: Հակառակ Բ. Համաշխարհային պատերազմին, նախաձեռնութիւնը վերապրեցաւ եւ ապրեցաւ իր զարգացումը` վերածուելու համար Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան: Պաղ պատերազմին յաջորդած պատմական ոլորտը, սակայն, նախորդներէն կը տարբերէր անով, որ Ուաշինկթընի գրաւած ուժային դիրքը այնքան ալ անհրաժեշտ չէր դարձներ ո՛չ դաշնակիցներու հետ աշխատիլը դիւանագիտական փրոթոգոլներէն անդին, ո՛չ ալ մասնաւորաբար ուժերու հաւասարակշռութեան ազդակի նկատառումը: Մէկ խօսքով, համաշխարհային միակ գերուժը կրնար միակողմանի նախաձեռնութիւններու դիմել առանց անոնց գինին մասին այնքան ալ մտահոգուելու:

Յետպաղ պատերազմեան այդ բացառիկ պահը Ուաշինկթըն չփախցուց` աշխարհին հրամցնելու/պարտադրելու համար քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման «միակ» բնորդը, որուն բացարձակ գերակայութեան` Հերկելեան «Ժամանակի ոգի»-ի իմաստով ճշմարտութեան «փաստ»-ը տրուած էր 1989-1991 թուականներու իրադարձութիւններով: Եւ, իրօք, եւրասիական ամբողջ աշխարհատարածքը այսպէս կոչուած «ռէալ սոցիալիզմ»-ի փլատակներուն վրայ ընդունեց ազատ-շուկայական յարաբերութիւնները` ազատականացնելով տնտեսութիւնը, սեփականաշնորհելով ամէն ինչ, եւ այդ ամէնը ամենաժողովրդավար կարգով… Հոգ չէ թէ քիչեր կրնային տարբերել սեփականաշնորհման կտրօններն ու ամէնուրեք իրականացուող ընտրութեանց քուէները: Խորքին մէջ, կ՛ըսէին ազատ շուկայական կրօնի նոր վարդապետները, սեփականաշնորհման կտրօնը (որ հետագային պիտի վերափոխուէր սակարանի բաժնետոմսի) եւ ժողովրդավարական քուէն զիրար կ՛ամբողջացնեն: Քիչեր այն ժամանակ հասկցան, թէ դրամատիրական զարգացման մարքսեան վերլուծումը որքան ճիշդ էր եւ որքան ստուգելի` եւրասիական տարածքին դրամագլուխի առաջին կուտակման թատերական գործընթացին ընդմէջէն… Այսպէս, գոնէ 1990-ական «անցումային» տարիներուն կասկած չկար, որ 21-րդ դարը սկսած էր, պիտի յատկանշուէր համաշխարհայնացման գործընթացով եւ անոր շարժակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն էին:

… եւ անոր աւարտը` 2008-2011

Այս տեսլականով 21-րդ դարը, սակայն, «պահ» մըն էր միայն, ինչպէս 1999-2001 թուականներու իրերայաջորդ տնտեսական տագնապները եւ, անշուշտ, սեպտեմբեր 11, 2001-ը պիտի փաստարկէին: Եւ թէեւ մինչեւ 2008 Միացեալ Նահանգներու զինուորական գերակայութիւնը, որ բռնադատող ձեւով ինքզինք արտայայտեց «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»-ով ընդհանրապէս եւ Աֆղանիստանի (2001) եւ Իրաքի (2003) զինուորական ներխուժումներով ու գրաւումներով մասնաւորապէս, 2008-ի ֆինանսական ճգնաժամէն եւ 2011-ին Իրաքէն Միացեալ Նահանգների զինուորներու հեռացումէն ետք արդէն կարելի է միաբեւեռ աշխարհակարգի արագ մաշումի նախանշաները աւելի յստակօրէն տեսնել: Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, թէ հակառակ Միացեալ Նահանգների տակաւին որոշ  ժամանակին համար շարունակուող զինուորական ուժային գերակայութեան, 21-րդ դարը ուրուագծուելու սկսած է որպէս աշխարհակարգ մը, որ հիմնականօրէն տարբեր պիտի ըլլայ 1648-ին Ուեսթֆալիայի դաշնագրով ծնունդ առած եւրոպայակեդրոն աշխարհակարգէն աշխարհաքաղաքական երկու կառուցային տեղափոխումներու պատճառով: Մինչ ուժերու հաւասարակշռութեան կշիռը հետզհետէ աւելի կը թեքի դէպի Ասիա-Խաղաղական տարածաշրջան, բնապաշարներով հարուստ երկիրները հետզհետէ աւելի զգալի դարձնելու սկսած են իրենց կարեւորութիւնը` տնտեսական զարգացման համար: Այս զոյգ տեղափոխումները կ՛իրականանան ոչ թէ աշխարհի գերհզօր միակ պետութեան հակակշիռ ուժի մը, կամ դաշնակիցներու հանդէս գալով, այլ` տարածաշրջանային հզօր պետութիւններու դերակատարութեան աճով:

Դարափոխութի՞ւն

2014 թուականը կրնայ անկիւնադարձային ըլլալ 21-րդ դարու աշխարհակարգի ամրագրման համար:

2014 թուականին Միացեալ Նահանգների զինուորական ներկայութիւնը Աֆղանիստան փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Ուաշինկթըն-Քապուլ համաձայնութեան մը պարգային, Աֆղանիստան պիտի վերածուի ամերիկեան զինուորական խարիսխի: Առանց այդ համաձայնութեան` ամերիկեան ուժերը պիտի հեռանան այնպէս, ինչպէս ըրած էին անգլիացիք 19-րդ դարուն եւ ռուսերը` 20-րդ դարու վերջաւորութեան: Ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ յարակից տարածաշրջանին մէջ, գումարած` Հնդկաստանի հետ տակաւին 2005-ին Ուաշինկթընի հաստատած դաշինքին, վերահսկողութեան տակ պիտի պահէ արմատական իսլամականութեան կեդրոնատեղիներէն Փաքիստանը, բայց նաեւ անմիջական դրացնութիւն պիտի հաստատէ եւրասիական տարածաշրջանի համարկումով իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան գօտին ամրագրելու հետամուտ Ռուսիոյ հետ: Առանց այդ ներկայութեան` կարելի է նախատեսել ե՛ւ տարածաշրջանային բախումներու հեռանկար, ե՛ւ միաժամանակ եւրասիական տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան աւելի անարգել ամրագրում:

Երկրորդ իրադարձութիւնը, որ 2014-ը բեկումնային տարուան կրնայ վերածել, Իրանի հետ հիւլէական հարցով պատմական համաձայնութեան զարգացումն է տարուան առաջին կէսին: Դրական զարգացման պարագային, Միացեալ Նահանգներ-Իրան զգուշաւոր մերձեցումը կրնայ հակակշիռ հաստատել 2011-էն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ ինքզինք պարտադրող սիւննի իսլամականութեան վրայ: Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը վստահաբար իր անդրադարձը պիտի ունենայ նաեւ սուրիական քաղաքացիական պատերազմին վրայ, եւ այդ պատերազմը, կարելի է ըսել` առանց շատ սխալելու, Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական նոր քարտէսն է, որ կը սահմանէ…

Հայաստանն ու հայութիւնը 2014-ին

2014-ը 20-ամեակն է արցախեան զինադադարին, այն տարին, որ Մինսքի խումբի լիազօրութիւններու պայմանաժամը իր լրումին կը հասնի: Երեւանի համար անշուշտ լաւագոյնը գործընթացի շարունակման ապահովումն է, սակայն դժուար չէ անդրադառնալ, որ խորքին մէջ Ազրպէյճանն է, որ պիտի որոշէ պատերազմի վերսկսումը կամ զինադադարի շարունակումը: Աւելի՛ն. նոյնիսկ եթէ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումը մեծ ռիսք է Ազրպէյճանին, հաւանականութիւնը շատ է, որ Պաքու հակամարտութեան լուծման գործընթացը դուրս բերէ Մինսքի խմբակէն եւ տեղափոխէ ՄԱԿ, ուր, ի տարբերութիւն հայկական դիւանագիտութեան, Պաքու արդէն իր քայլերը առած է Հայաստանին ճնշումի տակ դնելու համար:

Միւս իրադարձութիւնը, որ ճակատագրական անդրադարձ պիտի ունենայ հայութեան 21-րդ դարու ապագային վրայ, անշուշտ սուրիահայութեան կացութիւնն է: Երկու տարի առաջ, երբ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը մագլցում կ՛արձանագրէր եւ հայրենի պետութիւնն ու սփիւռքեան համայնքները մէկ օրէն միւսը դէմ յանդիման գտնուեցան սուրիահայութեան գոյապայքարին օժանդակութեան հրատապ հարցին, իրենք իրենց բնականաբար պարտադրեցին օրուան խնդիրները: Այս կացութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ սուրիական տագնապը իր լուծումին չէ հասած: Սակայն արդէն օրակարգի վրայ ինքզինք կը պարտադրէ 21-րդ դարու սփիւռքեան գոյավիճակի սահմանումը, սփիւռքեան գոյավիճակի նոր տեսութեան մը յառաջացումը` որպէս մեկնակէտ վերակազմակերպական նոր գործընթացի մը:

Կարճ` Համաշխարհային Ա. պատերազմէն հարիւրամեակ մը յետոյ միջազգային յարաբերութիւնները դարափոխութեան գործընթացի մը ազդանշանները կու տան: Միաբեւեռ աշխարհակարգի հազիւ քսանամեայ «պահ»-էն ետք ուժերու հաւասարակշռումի գործընթացը աշխարհաքաղաքական նոր կացութիւն մը կը ձեւաւորէ: Հայաստանն ու սփիւռքի ամենահիմնարար համայքներէն մէկը կը գտնուին ուժերու հաւասարակշռումի գործընթացի ամենաթէժ տարածաշրջաններուն մէջ: Հայութեան ճակատագիրը 21-րդ դարուն սերտօրէն առնչակից է անոնց: Ինչպէս որ էր հարիւր տարի առաջ…

Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, թէկուզ եւ ամենափոքր ժողովուրդներու պարագային, սեփական ճակատագրի որոշումը կարեւոր չափով կախում ունի իր ներքին կազմակերպական կուռ ըլլալէն, խոցելիութեան սահմաններէն եւ մանաւանդ` աշխարհի մէջ իր տեղը որոշելու կարողութենէն: Այս բոլորը կրնանք սահմանել որպէս քաղաքական մտածողութիւն` հաւաքական գոյավիճակի ծրագրման կարողութեան իմաստով: Առ այդ, հաւաքական գոյավիճակի ծրագրման իմաստով ո՞ւր էր հայ քաղաքական մտածողութիւնը հարիւր տարի առաջ եւ ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր:

Հայութիւնը 20-րդ Դարէն 21-րդ Դար

Հարիւր տարի առաջ հայութիւնը բաժնուած էր երկու կայսրութիւններու միջեւ, եւ հաւաքական ճակատագիրը որոշուեցաւ այդ կայսրութիւններու փլուզման գործընթացներով: Արտասահմանեան համայնքներ կային անշուշտ, բայց չէին կազմակերպուած, ոչ ալ քաղաքականապէս աշխուժ էին այնպէս, ինչպէս ինքզինք որպէս սփիւռք ճանչցած արտասահմանեան հայութիւնը պիտի ընէր 21-րդ դարու կէսերէն սկսեալ: Հայ քաղաքական մտածողութիւնը այն ժամանակ ձեւաւորուած էր արեւմտահայ եւ արեւելահայ զոյգ զարթօնքներով, Արեւմտահայաստանի մէջ կեղեքումներու դէմ տարերային ըմբոստութիւններով, եւրոպական պետութիւններու միջամտութեամբ փրկութիւն ակնկալող նախաձեռնութիւններու ձախողութեան դասերով եւ, մանաւանդ, 19-րդ դարու վերջին քառորդին ծնունդ առած ազգային ազատագրական շարժումով: Պատճառաբանութեան բարդ շղթայ մը կայ այս բոլոր իրադարձութիւններուն միջեւ, եւ այս իմաստով սխալ չէ բանաձեւել ազգային ազատագրական շարժումը որպէս հայութեան արդէն կազմաւորուած հաւաքական գիտակցութեան արտայայտութիւնը: Արմէնականներու նախաձեռնութեամբ սկզբնական շրջանին, բայց շուտով նախ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարութեամբ, ապա Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ մղուած ազգային ազատագրական պայքարը քաղաքական մտածողութիւնը ամբողջական իմաստով յեղափոխեց հայը, որ այլեւս Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ ընդմէջէն ինքզինք ճանչցող քրիստոնեան չէր միայն, այլ` իր ճակատագիրը իր ձեռքերով կերտելու ելած գիտակից հաւաքականութիւն մը: Ինչ որ իւրայատուկ էր, 19-րդ դարու վերջին քառորդին ընթացք առած ազգային ազատագրական պայքարին անոր էապէս յառաջդիմական բնոյթն էր:

Այսպէս, ծրագրային թէ գործելաոճային իրենց բոլոր տարբերութիւններով, ՍԴՀ կուսակցութիւնը եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը հայկական յեղափոխութիւնը գաղափարախօսական թէ պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքով տեղադրեցին համայն մարդկութեան ազատագրութեան մեծ դատին, իմա՛` ընկերվարական շարժման ոլորտին մէջ: Հայկական յեղափոխութիւնը ազգային ինքնութեան ճակատագրի կերտումը սահմանեց բացառաբար ձախակողմեան, այսինքն` ընկերային արդարութեան եւ հաւասարներու հասարակարգի ստեղծման պրիսմակին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, հայկական յեղափոխութիւնը այն ժամանակ գրեթէ բացառաբար դասակարգային պայքարով կլանուած եւրոպական ընկերվարական շարժման օրակարգին կը բերէր կայսրութիւններու մէջ ճնշման ենթարկուած հաւաքականութիւններու ազգային դատերուն իմաստն ու արդարութիւնը: Հայկական յեղափոխութիւնը, անշուշտ, առանձին չէր այդ նախաձեռնութեան մէջ: Սիոնական շարժումը, վրաց մենշեւիկները եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պայքարող քրիստոնեայ ժողովուրդներ, ինչպէս` սերպերն ու մակեդոնիացիները, իրենց քաղաքական մտածողութիւնը նոյն ուղղութեամբ կը զարգացնէին, թէեւ, հասկնալիօրէն, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պայմաններուն մէջ: Ազգային ազատագրական պայքարը ձախակողմեան գաղափարախօսական հասկացողութեամբ սահմանելու եւ կազմակերպելու ճիգը երեւոյթի պիտի վերածուի միայն 20-րդ դարու երկրորդ կէսերուն. Չինաստանի մէջ Մաոյի զօրաշարժը ընդդէմ ճափոնական գրաւման եւ Չան Քայ Չեքի բռնատիրութեան, Քուպայի յեղափոխութիւնը Ֆիտել Քասթրոյի առաջնորդութեամբ, Ասիոյ, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ հակագաղութատիրական եւ հակակայսերական ազատագրական շարժումները 1960-1970-ական թուականներուն, ինչպէս նաեւ` Հիւսիսային Իրլանտայի եւ պասքերու պայքարները: Աւելի ժամանակակից նման մտածողութեան ոլորտին մէջ կարելի է տեղադրել Վենեզուելայի Հուկօ Չաւեսն ու սկովտիացի մտածող եւ քաղաքական գործիչ Սթեֆըն Մաքսուել, ի շարս այլոց:

 

(Շարունակութիւնը` երեքշաբթի, 4 մարտի Հայ դատի մեր էջով )

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES