Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու
Հայոց Գիրերու Գիւտը
Եւ Աստուածաշունչի Թարգմանութիւնը
Ինչպէս այս յօդուածի ներածականին մէջ յայտներ էինք, այս գրութեան նպատակէն դուրս է զբաղիլ հայոց գիրերու գիւտի եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան, ինչպէս նաեւ անոնց վերաբերող զանազան բանասիրական, լեզուաբանական ու պատմական խնդիրներով: Առանց թերագնահատելու Սուրբ Մեսրոպի կատարած գործին մեծութիւնը` մեր փափաքն է այստեղ ընդգծել կարգ մը իրողութիւններ, որոնք առաւել կը բացայայտեն Ս. Սահակի անփոխարինելի դերակատարութիւնը առհասարակ Թարգմանչաց վարդապետաց երախտարժան գործունէութեան մէջ:
Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Մեծն Սահակը, եպիսկոպոսապետութեան աթոռ բարձրանալէ ետք, իր առաքինի կեանքով, աղօթանուէր ու սրբակեաց վարքով նմանեցաւ Լուսաւորչի տան պարծանքը հանդիսացող իր հայրերուն, մինչեւ իսկ աղօթքի ճամբով գերազանցելով զանոնք: Ան իր շուրջ հաւաքեց տքնաջան աղօթող եւ յարատեւ գիր ու գրականութեամբ զբաղող թիւով 60 անձնուրաց հոգեւորականներ, որոնք կը դաստիարակուէին իր շունչին տակ եւ անոնց հետ անխափան կը կատարէր եկեղեցական արարողութիւնները, նման` ճգնաւորներուն:
Հայոց գիրերու գիւտի համար թափուած ճիգերուն սկիզբը, ըստ Օրմանեան սրբազանի, պէտք է ընդունիլ 403 տարին, երբ Մաշտոց վարդապետ եկաւ Սահակ կաթողիկոսին մօտ` հայոց լեզուի նշանագրերը ձեռք բերելու յոյսով: Այդ հանդիպումին գլխաւոր նպատակն էր հնար մը գտնել դուրս գալու համար Հայ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած անել կացութենէն: Ինչպէ՞ս ընել, որ հայերէն տառերու միջոցով կարելի ըլլայ թարգմանել Աստուածաշունչը հայերէնի, ունենալ հայերէնով կատարուող ժամերգութիւններ եւ այլ ծէսեր: Սակայն այս հանդիպումին տուն տուող պատճառը հասկնալու համար նախ պէտք է համառօտ կերպով ծանօթանանք Մաշտոցի կենսագրութեան եւ յատկապէս անոր ապրած դառն փորձառութեան` որպէս արդիւնք Հայաստանի տարբեր գաւառներու մէջ` քրիստոնէական վարդապետութեան քարոզչութեան նպատակով կատարած շրջագայութեանց:
Գիրերու գիւտի, Մաշտոցի կենսագրութեան վերաբերեալ 5-րդ դարու սկզբնաղբիւրներն են` առաջին` Կորիւն վարդապետի «Վարք Մաշտոցի»-ն, երկրորդ` Մ. Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»-ը, երրորդ` Ղազար Փարպեցիի, «Պատմութիւն հայոց եւ թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան» երկը:
Ըստ վերոյիշեալ աղբիւրներու, Մաշտոց Տարօնի Հացեկաց գիւղէն էր, «Վարդան անունով երանելի մարդու որդին»: Փոքր տարիքէն դաստիարակուած էր հելլենական դպրութեամբ: Խոսրով Դ.ի (385-387/8) եւ ապա անոր եղբօր` Վռամշապուհի (388-414) թագաւորութեան ժամանակ զինք կը գտնենք Արշակունեաց մայրաքաղաք` Վաղարշապատի մէջ, արքունական դիւանատան քարտուղարի պաշտօնով, Առաւան կոչուող հազարապետի ձեռքին տակ, վայելելով բարձրաստիճան զինուորականի պատիւ:
Այս շրջանին նուիրուելով Աստուածաշունչ մատեաններու ընթերցանութեան, առաւել չափով թափանցեց քրիստոնէական վարդապետութեան էութեան մէջ եւ ի վերջոյ որոշեց հրաժարիլ իշխանական ցանկութիւններէն եւ միանալ «Քրիստոսի խաչակիր գունդին» եւ մուտք գործել միայնակեացներու` վանական կարգի մէջ: Ապրեցաւ ճգնաւորներու յատուկ խստակեաց եւ աղօթանուէր կեանք` իրեն աղօթակից եւ աշակերտ դարձնելով խումբ մը հոգեւորականներ:
Այնուհետեւ, իրեն հետ առնելով իր հաւատացեալ աշակերտները, կ՛ըսէ Կորիւն, իջաւ Գողթն գաւառ աւետարանական քարոզութեան նպատակով, ուր, ըստ Խորենացիի, հեթանոսական աղանդ մը` Արշակունեաց թագաւորութեան տկարանալուն պատճառով, կրկին երեւան եկած էր եւ` զօրացած: Հաւանական է, որ յիշեալ «հեթանոսական աղանդը», ըստ Օրմանեան սրբազանի, բորբորիտոն կոչուած աղանդը ըլլայ: Յամենայն դէպս Գողթնի բարեպաշտ իշխանի` Շաբիթի օժանդակութեամբ եւ իր աւետարանական քարոզութեամբ կը ջնջէ անոնց հետքը եւ գաւառը կը լեցնէ քրիստոնէական վարդապետութեան լոյսով եւ օրհնութեամբ:
Այսուհանդերձ, տխուր էր վարդապետը: Որպէս քարոզիչ` ժողովուրդին հետ իր ունեցած առաջին իսկ շփումը զինք դրած էր դառն իրականութեան մը առջեւ: Ժողովուրդը մը, որ չունէր իր սեփական գիրն ու գրականութիւնը, հայերէն խօսող Աստուածաշունչն ու եկեղեցական արարողութիւնները, միշտ անհաղորդ պիտի մնար պետականօրէն, ըսենք ձեւականօրէն ընդունած կրօնին: Բացայայտօրէն կար անթափանցելի, անանցանելի լեզուական պատուարը հայ հաւատացեալին եւ քրիստոնէութեան միջեւ:
Վերոյիշեալ երեք աղբիւրները, առաւել` Փաւստոս Բիւզանդ, բազմաթիւ օրինակներով նկարագրած են այն ցաւալի վիճակը, որ կը տիրէր 4-րդ դարուն Հայ եկեղեցւոյ մէջ` թէ՛ հոգեւորականներուն եւ թէ՛ ժողովուրդին համար:
Ղազար Փարպեցի (Դրուագ Ա.Ժ.) այս կապակցութեամբ հետեւեալ հետաքրքրական վկայութիւնը ունի. «Երանելի Մաշտոցը անվերջ հոգալով տրտում էր` տեսնելով Հայաստան աշխարհիս մանուկներու ջանքերը, առաւել եւս` ծախսերը, երբ անոնք անպատմելի ծախսերով, հեռագնաց ճանապարհներով եւ բազմաժամանակեայ դեգերումներով իրենց օրերը կը մաշեցնէին ասորական գիտութեան դպրոցներու մէջ: Եկեղեցական արարողութիւններն ու Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւնները Հայաստանի ժողովուրդի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուէին ասորերէն, որոնցմէ ոչինչ կը հասկնային կամ կ՛օգտուէին այսպիսի մեծ երկրի բնակիչները (հայերը). իսկ ասորերէն լեզուն չհասկնալու պատճառով եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն աշխատանքն ու ժողովուրդին ջանքերը առանց արդիւնքի կը մնային: Երանելի Մաշտոցը այս մասին երկար ժամանակ կը մտածէր եւ կու լար ներքնապէս»:
Ան լսած էր, որ հայերէն տառեր կան. ուրեմն ինչո՞ւ ոչ սեփական լեզուով, այլ «մուրացածոյ բարբառով» փորձել շահիլ Հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն սիրտերը եկեղեցիներու մէջ:
Փ. Բիւզանդ հետեւեալ տողերէն կարելի է յստակ պատկերացում մը ունենալ Մաշտոցի ունեցած դժուարութեանց մասին.
«Եթէ վարդապետները նստելով գիշեր ցերեկ ամպերու նման [քրիստոնէական] վարդապետութիւնը ինչպէս յորդ անձրեւ անոնց վրայ հոսեցնէին, անոնցմէ ոչ մէկը, ոչ մէկ խօսք, ոչ կէս խօսք, ոչ մէկ բան, ոչ մի նշոյլ իրենց լսածներէն կրնար միտք պահել կամ հասկնալ»(1):
Անհրաժեշտ է այստեղ նշել, որ պարսիկներ Հայաստանի իրենց բաժնին մէջ արգիլած էին յունարէնի գործածութիւնը, ուստի Մաշտոց պէտք էր Սուրբ Գրոց որեւէ ընթերցում նախ կատարէր ասորերէն լեզուով եւ ապա տեղւոյն վրայ թարգմանէր հայերէնի:
Այս նպատակով հայ եկեղեցականներու մէջ երկու խումբեր կազմուած էին. անոնք կը կոչուէին վերածանողներ եւ թարգմանողներ: Անոնցմէ առաջին խումբին պարտականութիւնն էր կարդալ ասորերէն բնագիրը. իսկ երկրորդինը` տեղւոյն վրայ թարգմանել հայերէնի: Կարելի է պատկերացնել ստեղծուած ձանձրանալի եւ ապարդիւն աշխատանքը. հապա ինչպէ՞ս կարելի էր թարգմանել երգեցողութիւնը եւ այլն:
Մաշտոց, երբ գիշեր ցերեկ տագնապահար եւ խռովայոյզ հոգիով կը մտածէր լուծում մը գտնել այս հարցին, կը լսէ, որ ըստ Փարպեցիի, «Գոն նշանագիրք հայերէն լեզուոյս»: Ուստի կ՛որոշէ անմիջապէս երթալ Վաղարշապատ հայոց հայրապետին մօտ` անկէ խորհուրդ եւ գործնական օգնութիւն ստանալու նպատակով: Խորհրդակցելով զինք մտատանջող խնդիրներու շուրջ, նաեւ կը յայտնէ անոր հայերէն տառերու գոյութեան մասին:
Կաթողիկոսին կողմէ Մաշտոց կ՛արժանանայ ջերմ ընդունելութեան` ցուցաբերելով ցաւակից, սրտակից եւ համախոհ վերաբերմունք. ուստի, նոյն նպատակի իրագործման համար անոնք կ՛որոշեն միասնաբար հետապնդել այս խնդիրը, բայց նախքան որեւէ գործնական քայլի դիմելը` յարմար կը տեսնեն ներկայանալ Վռամշապուհ հայոց արքային ստանալու համար անոր հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը, կարենալ ձեռք բերելու համար, այսպէս կոչուած, հայերէն նորագիւտ նշանագրերը:
Բարեբախտաբար Վռամշապուհ արքայ իր հերթին տեղեկացած էր այս հայերէն գիրերու մասին, իր Միջագետք եղած շրջանին: Ուստի, կը պատմէ անոնց Դանիէլ անունով ազնուական ասորի եպիսկոպոսի մը մասին, որ յանկարծ գտած է հայոց լեզուին նշանագրերը: Վռամշապուհի հաղորդած այս ուրախ լուրի հիման վրայ անոնք խնդրեցին թագաւորէն օր առաջ ունենալ նորագիւտ այդ գիրերը: Ուստի, հայոց արքան յատուկ հրովարտակով մը ուղարկեց Վահրիճ անուն, իրեն վստահելի անձ մը` Հաբէլ երէցի մօտ, որ ազգական էր Դանիէլ ասորի եպիսկոպոսին: Ըստ Խորենացիի, Վահրիճ եւ Հաբէլ, այցելելով Դանիէլին, ստացան անկէ վերոյիշեալ Դանիէլեան նշանագրերը: Երբ անոնք բերուեցան Հայաստան, արքան, սուրբ Սահակն ու Մաշտոցը մեծապէս ուրախացան:
Արքայի օգնութեամբ շուտով հաւաքուեցան ուշիմ մանուկներ, որպէսզի անոնց սորվեցնեն նորագիւտ տառերը. սակայն երկու տարի դասաւանդելէ ետք համոզուեցան, որ այդ տառերով կարելի չէր հայերէն վանկերն ու բառերը կազմել, նոյնպէս` հայոց լեզուին բոլոր հնչիւնները արտայայտել: Օրմանեանի կարծիքով, «Դանիէլեան նշանագրերը, ասորական կամ սեմական աղբիւրէ բխած, առանց ձայնաւորի այբուբեն մը եղած պէտք էր ըլլային, մինչ Սահակ եւ Մեսրոպ` յունական դպրութեանց հմուտ անձեր, հարկաւ արեւմտեան յունալատին այբուբենի դրութեամբ, ձայնաւորներով լրացեալ տառեր կը հետամտէին կազմել»(2): Յամենայն դէպս, դառն իրականութիւնն այն էր, որ Դանիէլեան տառերուն ձախող ըլլալը փաստուելէ ետք, Սահակ ու Մեսրոպ դարձեալ մատնուեցան խորը մտահոգութեան: Այսուհանդերձ, առանց յուսահատելու որոշեցին կրկնապատկել իրենց ճիգերը եւ բազմապատկել աղօթքները առ Աստուած` հասնելու ազգօգուտ նպատակի յաջողութեան:
(Շար. 4)
(1) Փ. Բիւզանդ, «Հայոց պատմութիւն», Գ. Դպ. Գլ. ԺԳ: Արեւելահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւն, Ներածութիւն եւ Ծանօթութիւններ, Ս. Մալխասեանց, Գահիրէ, 1954:
(2) Օրմանեան, «Ազգապատում», անդ, Թիւ 192:

