ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

2010-2011 դպրոցական տարեշրջանը հասած է իր աւարտին: Ինչպէս որ պարտիզպանը հաճոյք կը զգայ իր ցանած ու հոգացած պարտէզին արդիւնքը տեսնելով, այդպէս ալ տնօրէնութիւն եւ ուսուցիչներ ամբողջ տարի մը տքնաջան աշխատելով ու հաստատ գիտնալով, որ լաւ արդիւնքի հասան, տարուան վերջաւորութեան կը քաղեն իրենց բերքը եւ հանդիսաւորապէս կը փակեն կրթական տարեշրջանը` կատարելով ամավերջի հանդէսները:

Արդարեւ, կիրակի, 12 յունիս 2011-ին, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի կրթական յանձնախումբին:

Զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ մանկապարտիզպան Սոնիա Տեյիրմենճեանը որ համառօտ կերպով ներկայացուց օրուան յայտագիրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին ու Կրթական յանձնախումբին, վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Պալէօզեան ու Սանուց միութեան վարչութեան, մանկապարտէզի անձնակազմին եւ նուիրատու ծնողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց,- որոնք սատար հանդիսացան վարժարանիս` չխնայելով իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը:

Յայտագիրին ընթացքին ներկայացուեցան հայոց պատմութենէն յատկանշական դրուագներ` Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուիլը, ապա Հայաստանի քրիստոնէացումը, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ գիրերու գիւտը, Վարդանանց ճակատամարտը. այս դէպքերը բեմադրուեցան «Մեսրոպեան տառեր» «Հայորդի եմ» արտասանութիւններով, «Այբբենարան սիրելի», «Վարդան» խմբերգներով:

Ապա ներկայացուեցաւ Պօղոս Նուպար փաշայի ուղղած հարիւրը նուիրեալ ազգայիններու, որոնց հետ կը ստորագրեն յայտարարութիւն մը, որով ամբողջ աշխարհին աւետեցին ծնունդը ՀԲԸ Միութեան: Երեխաները միաբերան բացագանչեցին. «Միութիւնը զօրութիւն է» եւ Բարեգործականի դրօշին ծածանման հետ միասին երգեցին ՀԲԸՄ-ի քայլերգը:

Մինչ յայտագրի երկրորդ բաժնի գործադրութիւնը բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալէօզեանը` փոխանցելու տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի հրամայական անհրաժեշտութիւնը միշտ եղած է հայ աշակերտը թրծել հոգեմտաւոր արժէքներով ու աւանդութիւններով, որպէսզի անոնք կառչած մնան մեր հաւատքին, մշակոյթին ու լեզուին:

«Արդարեւ, հայ դպրոցը կ՛ոգեւորէ հայ մանուկը եւ անվարան կը դաստիարակէ զայն հայկական շունչով` հեռանկար ունենալով հայապահպանման կտակը: Կը փորձենք հսկայական զոհողութիւններով գոհացում տալ պահանջներուն եւ դիւանագիտական ու դաստիարակչական նորագոյն միջոցներով ուղղել այս նորափթիթ սերունդը»:

Եզրակացնելով տնօրէնը յայտնեց. «Մեր մանկապարտէզի փոքրիկները ունեցան գործունէութեամբ բեղուն տարեշրջան մը, որուն համար շնորհակալութիւն մանկապարտիզպան Սոնիա Տեյիրմենճեանին եւ մանկապարտէզի անձնակազմին, որոնք դոյզն ճիգ չխնայեցին ու ջանացին իրենց վստահուած սերունդը կերտել առողջ մտքով ու հոգիով»:

Յայտագրի երկրորդ բաժինով ծաղիկները հրամցուցին հայկական պար մը, ու տղաքը ինքնավստահ եւ հպարտութեամբ պարեցին, մինչ աղջիկները շարժեցան նազելաճեմ, կարծես ըլլան ցորենի հասկեր, որոնք կը տարուբերին զով զեփիւռի գովերգող արտասանութիւն մը` «Հայրենի Երկիր» խորագիրով: Յաջորդաբար հանդէս եկան կոկոնները` ռուսական, ծիլերը` լատինական ու բողբոջները` ամերիկեան պարերով: Իսկապէս ակնահաճոյ էր դիտել լրջութիւնը բեմայարդարումին, գունագեղութիւնը տարազներուն եւ այլազանութիւնը պարերուն:

Փոքրերը համախմբուեցան ներկայացնելու երեք լեզուներով խմբերգներ, որոնք կը հնչեն անոյշ, անսխալ ու ճիշդ առոգանութեամբ: Հուսկ, ծաղիկները արաբական հարազատ շարժուձեւերով ներկայացուցին լիբանանեան պար մը, որ կու գար ամբողջացնելու պարերու շարանը: Անոնք յստակ շեշտաւորումով արտասանեցին անգլերէն «Փիս» ոտանաւորը` կոչ ուղղելով համայն մարդկութեան խաղաղ եւ համերաշխ ապրելու:

Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ Արաքս Էլմայեանի ու ծաղիկ դասարանի աշակերտութեան գերազանց կատարողութեամբ` «Նահնա հոն մընիիշ» երկլեզու (արաբերէն, հայերէն) խմբերգով, որ Ղասսան Րահպանիի լաւագոյն յօրինումներէն կը նկատուի:

Սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար` Վարդան Ադամեանը, որ ըսաւ, թէ մատաղ սերունդի կրթութեան հարցը միշտ ալ առաջնային տեղ գրաւած է եւ ներկայիս իր ուրոյն տեղը ունի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Այդ կը վկայեն սփիւռքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական դպրոցները, որոնցմէ մէկն ալ ՀԲԸՄիութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանն է, ուր հայեցի կրթութիւն կը ստանան մեր երեխաները: Ըստ անոր, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ հաստատուած հայութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ կրնայ ո՛չ միայն դպրոցներ հիմնել, այլ կրթական մարզին մէջ կիրառելով հանրակրթական ժամանակակից յառաջադէմ միջոցները, ապահովել հայկական դպրոցներու կրթական բարձր մակարդակը:

Վ. Ադամեան նաեւ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի կերպարին` հաւատալով, որ ժամանակակից հայ ուսուցիչի դերը կրթութեան ոլորտին մէջ ունի դարաւոր արմատներ, որովետեւ դարեր շարունակ մեր ժողովուրդը խոր ակնածանք ունեցեր է հայ ուսուցիչի նկատմամբ: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի համար մատղաշ սերունդի կրթութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը  դարերով նկատուած է ազգապահպաման սուրբ գործ, ուստի սուրբ գործն իրականացնող ուսուցիչները արժանի են երախտիքի եւ խորին յարգանքի:

Իր խօսքը եզրակացնելով սփիւռքահայ Վ. Ադամեան նշեց, թէ գաղօճախներու դպրոցաշինութեան սուրբ եւ ազգապահպանման  գործին վառ օրինակն է Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը, որ հայ մատղաշ սերունդի կրթութեան գործը տասնամեակներ արդէն պատուով կ՛իրականացնէ հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հովանիին ներքեւ:

Վերջապէս հասաւ սպասուած պահը, երբ վկայականներու տուչութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական յանձնախումբի փոխ ատենապետ` տոքթ. Միսաք Արփաճեանի, Կարմիրեան բարերար  ընտանիքի դուստր` Սոնիա Զաւզաւաթճեանի, ինչպէս նաեւ վարժարանիս տնօրէնին եւ մանկապարտիզպանին:

Մանուկներու տարուան առիթով շրջանաւարտները նուէր ստացան «Առաջին վկայական» խորագիրով գեղեցիկ ալպոմներ, նաեւ գիրքեր ու ծաղիկներ:

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան կարկանդակի հատումը բեմին վրայ եւ աւարտականներուն ցնծութիւնը Հասաւ իր գագաթնակէտին:

Վկայականաց բաշխման այս բացառիկ հանդիսութիւնը իր լրումին հասաւ ու շրջանաւարտներ հանդիսաւոր եւ յաղթական քայլերով իջան բեմէն: Հանդիսականներուն ու ծնողներուն աչքերուն մէջ նշմարելի էր հպարտանքի եւ գոհունակութեան արտայայտութիւններ:

ՍՈՆԻԱ ՏԵՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES