Ոսկիէ Կշիռք, «Կանթեղ»-ի Մէջ

ՊՕՂՈՍ  ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

GanteghՈրքան դժուար է, երբ սիրելի ընկերոջ մը տուած խոստումդ կատարելէդ քանի մը օր առաջ այդ ընկերդ անսպասելիօրէն կը հեռանայ այս աշխարհէն:

Դասընկերներէս բժիշկ Մկօ Քէշիշեան, ամէն անգամ որ կարդար հայ մամուլի մէջ լոյս տեսած գրութիւններս, կը յանձնարարէր, որ անպայման ղրկեմ նաեւ աւելի քան կէս դար առաջ գրուած մէկ գրութիւնս «Ոսկիէ կշիռք»-ը, որ լոյս տեսած էր Նշան Փալանճեան Ճեմարանի 8-րդ դասարանի պարբերաթերթ «Կանթեղ»-ին մէջ, որուն խմբագրութեան մաս կազմած էր նաեւ սիրելի Մկոն:

Պատանի տարիքէն բացառիկ սէր ունեցած էր գրականութեան հանդէպ, իսկ բժշկական ասպարէզը ընտրելով` զարմացուց դասընկերները. իր իսկ խօսքերով` «Բժշկութիւնը արհեստս է, գրականութիւնը` սիրահարս»:

Անյարմար կը գտնէի 1962-ին գրուած դպրոցական շարադրութիւն մը մամուլին յանձնել, սակայն իր ստիպումներուն ընդառաջելով` խոստացայ ղրկել հայ օրաթերթերու` առանց որեւէ գործնական արդիւնքի:

Տակաւին համոզուած չէի: Ղրկե՞մ, թէ՞ ոչ:

Մկոյին առաջարկը պատճառ մը կ՛ըլլայ, որ դարձեալ կարդամ «Կանթեղ»-ը ծայրէ ծայր: Դեղնած էջերով այդ կապոյտ կողքով գիրքին մէջ են դասընկերներս` իրենց յօդուածներով, ուսումնասիրութիւններով ու բանաստեղծութիւններով: Հուրիկը ներկայացուցած է «Մեր դասարանի կեանքը», «Մեր դասարանի «հերոսները»: Հոն է մեր դասարանի բանաստեղծը` Յարութը իր «Երգ անմահութեան» քառեակով: Հոն են Սօսին, Զուարթը, Մհերը, Արփին, Մկոն, Եւան: Այո, բոլորը հոն են իրենց գրութիւններով: Կը կարդամ անուններ, որոնց հետ, հակառակ աշխարհի չորս կողմը ցիրուցան ըլլալնուս, կապի մէջ եմ ամէն օր, անխտիր, ե-նամակի միջոցով: Հոն գտնուող անուններէն մէկ քանին… աւա՜ղ, հեռացած են այս աշխարհէն: Քանի մը օր առաջ Մկոն ալ միացաւ հեռացածներու շարքին:

Յաճախ կը հանդիպէինք իրարու, եւ ամէն անգամ կը յիշեցնէր յօդուածիս մասին եւ ամէն անգամ նոյն պատասխանը կը ստանար: «Գալ շաբաթ անպայման», սակայն քանի անգամ «Գալ շաբաթ անպայման»-ներ մնացին միայն խոստում: Մահէն երկու օր առաջ հանդիպեցանք իրարու: Դարձեալ յիշեցուց: Այս անգամ իսկապէս որոշած էի ղրկել, ու յանկարծ անակնկալ ընկերոջս մահուան լուրը կը լսեմ «Գալ շաբաթ անպայման»-էն առաջ: Որո՞ւ մտքէն կ’անցնէր, թէ խոստումս չյարգած` պիտի հեռանար այս աշխարհէն:

Վերջին տուած խոստումս յարգեցի, սակայն ես ինծի հարց կու տամ. ե՞ս ուշացայ ղրկելու, թէ՞ ինք աճապարանքով հեռացաւ այս աշխարհէն:

Վստահաբար երկուքը:

Շա՛տ սիրելի Մկօ, կը ներես, որ յետմահու գործադրեցի քեզի տուած խոստումս:

Կանուխ պատանեկութեանս գրուած այս համեստ գրութիւնս ընդունէ որպէս սրտի խօսք իմ եւ բոլոր դասընկերներուդ կողմէ:

Ոսկիէ Կշիռք

Scale-1Չեմ յիշեր` քանի՛ տարեկան էի: Հաւանաբար` 7 կամ 8: Թաղի ընկերներուս խաղերէն տարբեր տեսակի խաղերու մասին կը մտածէի: Մոռցած գնդիկն ու հոլը, աչխփուքն ու թռուցիկ թռցնելը, ուրկէ ուր մտածեցի կշիռք մը շինելու մասին: Շատ փորձեցի: Ամէն անգամ մէկ նժարը միւսէն ծանր կու գար, իսկ մայրս տեսնելով «չարչարուիլս»` իր անուշ ժպիտով ըսաւ. «Տղա՛ս, աւելի լաւ է Յակոբ քեռիին քով երթաս եւ խնդրես, որ քեզի ոսկիէ կշիռք մը շինէ»:

Էշրեֆիէ կը բնակէինք, 12 ընտանիքներէ բաղկացած թաղամասի մը մէջ: Բոլորը` հայ: Կարծես մէկ ընտանիք ըլլայինք: Յակոբ քեռին ո՛չ քեռիս էր, ո՛չ ալ ազգական: Տարիքը առած ոսկերիչ մըն էր, որ տունը կ՛աշխատէր եւ թաղեցիներուն «Յակոբ քեռի»-ն էր: Հաւատալով մօրս կատակին` վազեցի իր մօտ ապսպրելու ոսկիէ կշիռքս: Նախ` ապշած երեսս նայեցաւ, ապա, վստահաբար հասկնալով մօրս կատակը, խոստացաւ մէկ շաբաթէն յանձնել ապսպրանքս:

Ուրախութիւնս անսահման էր: Անմիջապէս վազեցի եւ «ուրախ լուրը» հաղորդեցի ընկերներուս` շատերուն զարմանքին, ուրիշներու նախանձին արժանանալով:

Շաբաթները իրարու յաջորդեցին, սակայն կշիռքէս լուր չկար: Գրեթէ ամէն օր քովը կ՛երթայի եւ ամչնալով կը յիշեցնէի` քաջ գիտնալով, որ ամէն անգամ նոյն պատասխանը պիտի ստանամ: «Քու կշիռքիդ վրայ գիշերները կ՛աշխատիմ», իսկ ես երեւակայութեանս ուժ տալով` «տեղեկագիրը» անմիջապէս կը փոխանցէի ընկերներուս: «Ես տեսայ, միայն կոթը մնաց» եւ այլն, իսկ իրենք կը մրթմրթային, «Երանի քեզի» եւ ինձմէ աւելի անհամբեր էին:

Ամիսէ մը վերջացաւ կշիռքս: Խաղով տարուած` այդ օր մոռցեր էի հանդիպիլ Յակոբ քեռիին երբ ընկերներէս մէկը լուր տուաւ, որ ան զիս կ՛ուզէ: Լուրը ստանալս եւ քովը հասնիլս վայրկեաններու հարց էր: Շնչասպառ ներս մտայ եւ ոսկիէ կշիռքի փոխարէն` ի՞նչ տեսնեմ: Երկու թիթեղեայ տուփի կափարիչներով, դեղին դերձանով եւ դեղին ներկուած տախտակէ կոթով կշիռք մը: Կարծես վրաս պաղ ջուր մը թափեցին: Նախ` մտածեցի հոն ձգել եւ վերադառնալ, բայց մտածելով, որ Յակոբ քեռին կրնար վիրաւորուիլ, առի կշիռքը, շնորհակալութիւն յայտնեցի, եւ գլուխս կախ` դուրս ելայ: Ճամբան հազիւ կը զսպէի արցունքներս: Ի՞նչ պիտի ըսէի ընկերներուս, որոնք ինձմէ աւելի անհամբեր էին:

Հակառակ անոր որ կշիռքը վարպետ ոսկերիչի մը ձեռքով շինուած էր, դարձեալ մէկ նժարը միւսէն ծանր էր:

 

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի
«Կանթեղ» պարբերաթերթ
Պէյրութ, 1962

 

Share this Article
CATEGORIES