«Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի Նախկին Սան. Րաֆֆի Միքայէլեան Արժանացաւ «Լաւագոյն Խմբավար» Մրցանակին

Raffy-Mikayelian1_2002201420 փետրուարին Պիելոռուսիոյ Կրոնտօ քաղաքին մէջ Սուրբերու տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Քոլոշսկի պլակովեսթ» 13-րդ միջազգային փառատօնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ «Հաւատամք» երգչախումբը` լիբանանահայ Րաֆֆի Միքայէլեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ: Անոնք կրցան պատուաբեր արդիւնք արձանագրել այս փառատօնին:

Փառատօնին կը մասնակցէին տարբեր երկիրներէ 37 երգչախումբեր:

«Հաւատամք երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասեան պատարագէն «Բարեխօսութեամբ մօր քոյ», «Միայն սուրբ, միայն տէր» եւ «Ամէն հայր սուրբ», «Օրհնեայ է Աստուած», «Սուրբ Աստուած» եւ «Գովեա Երուսաղէմ զՏէր» հատուածներ, Րաֆֆի Միքայէլեանի մշակումով` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի «Անկանիմք առաջի քո» շարականը, Վահէ Բեգոյեանի մշակումով` «Նայեա ի մեզ» եւ «Թագ պարծանաց» պսակադրութեան շարականները եւ Աշոտ Ղազարեանի մշակումով «Խնկի ծառի նման ես» միջնադարեան տաղ կատարումները:

«Հաւատամք» երգչախումբի ելոյթը այնքան տպաւորիչ եւ յուզիչ էր, որ ելոյթի աւարտին երկար ատեն չդադրեցան ծափահարութիւնները:

Raffy--Mikayelian2_2002201422 փետրուարին նոյն քաղաքի դրամատիքական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնի պաշտօնական մրցանակաբաշխութիւնը:

«Հաւատամք» երգչախումբը արժանացաւ «Եկեղեցական երգչախումբեր» բաժինի առաջին մրցանակին, իսկ երգչախումբի ղեկավար Րաֆֆի Միքայէլեանը` «Լաւագոյն խմբավար» մրցանակին:

Րաֆֆի Միքայէլեան երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի մէջ` ուսուցիչ ունենալով վաստակաւոր խմբավար Զաքար Քէշիշեանը: Այնուհետեւ, աւարտելով Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը մեկնած է Հայաստան, ու երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է` աւարտելով Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցի խմբավարական եւ նուագավարական ամպիոնները` յաջորդաբար ուսուցիչներ ունենալով Իվան Վարդանեանը եւ Ռուբէն Ասատրեանը:

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ փառատօնի կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին եւս ելոյթ ունեցաւ «Հաւատամք» երգչախումբը` արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին:

Նշենք, որ 2011-ին Րաֆֆի Միքայէլեանի խմբավարած «Փարոս» երգչախումբը եւս Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Պրաթիսլաւայի «Միուզիքա Սաքրա» 6-րդ միջազգային մրցումին արժանացաւ 3 պրոնզէ մետալներու:

Share this Article
CATEGORIES