Արամ Ա. Կաթողիկոս Պարգեւատրեց Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը

Zaven-MesserlianԿիրակի, 23 փետրուար 2014-ի առաւօտեան, սուրբ եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը:

Յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ Ժիրայր Դանիէլեան արտասանեց բացման խօսք մը, որուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, ապա անդրադարձաւ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի կրթական, մշակութային ու հասարակական մարզերուն մէջ ունեցած ներդրումին:

Ապա վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց դոկտ. Մսըրլեանին: Ան բարձրօրէն գնահատեց Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ անոր ունեցած երկար  տարիներու կրթական-մշակութային ծառայութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ կրթական ասպարէզին մէջ սերունդներու դաստիարակութեան կողքին, Զաւէն Մսըրլեան իբրեւ բանասէր իր տուած շինիչ դասախօսութիւններուն կողքին, մեր գրադարանները հարստացուցած է հայ քաղաքական մտածողութեան եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած շահեկան հրատարակութիւններով:

Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքէն ետք Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան ընթերցեց վեհափառին կոնդակը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը պարգեւատրեց դոկտ. Մսըրլեանը: Աւարտին խօսք առնելով` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին իր` հայրապետական գնահատանքին համար:

Share this Article
CATEGORIES