Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը` Անթիլիասի Մէջ

H27A7780Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երեքշաբթի, 25 փետրուար 2014-ի առաւօտուն, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբաններուն կողքին Ս. պատարագին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը:

Օրուան պատարագիչն էր Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան, իսկ քարոզիչը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր պատգամին ընդմէջէն վեր առնելով Ղեւոնդեանց քահանայից արժանիքները ըսաւ. «Այսօր ուխտի գիտակցութեամբ կը յիշենք Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը. զայն կը յիշատակենք զուգահեռաբար Սրբոց Վարդանանց տօնին: Մենք` հոգեւորականներս, պէտք է խորհրդածենք այսօրուան խորհուրդներուն մասին` ոռոգուելով անոնցմով եւ նոր կեանք բերելով մեր ժողովուրդին»: Սրբազանը շարունակեց ըսելով. «Անթիլիասը ծառայութեան անդաստան է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ժողովուրդին կեանքին մէջ իր գոյութիւնը կ՛արժեւորէ իր ծառայութեամբ»:

Պատարագէն անմիջապէս ետք հոգեւորական հայրերը ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին: Ճաշի աւարտին վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով ըսաւ. «Հայ հոգեւորականը իր անձին ու կոչումին նկատմամբ պէտք է ցուցաբերէ առաւել խստապահանջութիւն եւ նախանձախնդրութիւն` իր աչքին առջեւ ունենալով Ղեւոնդեանց քահանայից առաքելատիպ անձնուրացութիւնն ու ծառայութիւնը»:

 

Share this Article
CATEGORIES