«Ներկայ Տագնապը Ծայրայեղականութեան Որջեր Յառաջացուց Եւ Քաղաքական Իսլամութիւնը Տապալեց» Ըսաւ Ասատ

Assad_25022014Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ Պաաս կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ներկայ տագնապին ընթացքին մայրաքաղաք Դամասկոսի կանգուն մնալը պատճառ դարձաւ, որ ամբողջ երկիրը չտապալի»:

Ան ըսաւ, որ Պաաս կուսակցութիւնը դասալքութիւններէն ետք աւելի զօրացած է եւ ներկայ հանգրուանը ինքնամաքրման հանգրուան մը եղած է:

Ան ըսաւ, որ Դամասկոս աշխարհի այլ մայրաքաղաքներէն տարբեր է եւ իւրայատկութիւն մը ունի` անիկա պահպանած է թէ՛ իսլամական եւ թէ՛ քրիստոնէական ժառանգութիւնը:

Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ «ներկայ տագնապը ծայրայեղականութեան որջեր յառաջացուց եւ նոյն ատեն քաղաքական իսլամութիւնը տապալեց»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը` յղում կատարելով «Կլոպըլ Ռիշըրչ» կայքին, հաղորդեց, որ ըստ տեղեկութեանց, Սուրիական ազատ բանակի նոր հրամանատար Ապտալլա Պաշիր Նուհէյմի Իսրայէլի մէջ պատրաստուած եւ մարզուած է:

Օրաթերթը նշեց, որ Պաշիր անցեալ տարի Իսրայէլի մէջ դարմանումի ենթարկուած է, երբ Սուրիոյ բանակին հետ բախումի մը ընթացքին վիրաւորուած է: Օրին վիրաւորուիլը, մահանալը եւ Տարաայի մէջ թաղուիլը յայտարարուած է` Իսրայէլի մէջ անոր գտնուիլը ծածկելու համար, սակայն Սուրիական ազատ բանակի բարձրագոյն սպայակոյտը քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ զօր. Սալիմ Իտրիս պաշտօնազրկուած է եւ անոր տեղ Պաշիրը նշանակուած է:

Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի ՏԱՀԵՇ-ին 5 օրուան պայմանաժամ տուաւ սանձարձակութիւնները դադրեցնելու եւ իսլամական օրէնքին յարելու: Ան յայտարարեց մահը Ապու Խալետ Սուրիի, որ Քայիտայի նախկին անդամ, Ուսամա պըն Լատենի եւ Զարքաուիի գործընկերն էր, Զաուահիրիի դեսպանը: Ան երկու օր առաջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սպաննուած էր:

Share this Article
CATEGORIES