Ուքրանիոյ Ժամանակաւոր Նախագահը «Անջատողականութեան Լուրջ Վտանգէն» Կը Զգուշացնէ

Ուքրանական խորհրդարանը
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին անջատողականութեան վտանգէն զգուշացուց: Ան ըսաւ, որ իրաւապահ մարմիններուն հետ պիտի քննարկէ մեծաթիւ ռուսերով բնակուած շրջաններու մէջ անջատողականութեան վտանգին մասին` աւելցնելով, որ անջատողականութիւնը «լուրջ վտանգ» մըն է:
Մինչ այդ, ազգային միութեան կառավարութեան կազմութիւնը յետաձգուեցաւ հինգշաբթի օրուան:
«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի, եւրասիական համարկման եւ համերկրացիներու հետ կապերու հարցերով յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի յայտարարած է, որ Ռուսիա կ՛ուզէ պահպանել Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն Ռուսիոյ միանալու մասին Խրիմի որոշումին պարագային պատրաստ է այդ որոշումը քննարկելու: «Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ իրավիճակին գծով մեր դիրքորոշման, ընդհանուր առմամբ մենք կ՛ուզենք պահպանել Ուքրանիոյ ամբողջականութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ այսօր ատիկա կարելի է… Երկիրը կարելի պիտի ըլլայ պահպանել», ըսած է ան եւ ընդգծած. «Մենք պիտի ուսումնասիրենք այդ իրավիճակը, եւ հաւանաբար, զայն կ՛ուսումնասիրենք բաւական արագ… Հաւանաբար, մենք պիտի կարենանք միասին ատիկա իրականացնելու իրական քայլեր գտնել»:
Եանուքովիչը Միջազգային
Դատարանին Առջեւ Դատելու Որոշում
Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատան առաջին ընթերցումով որդեգրեց նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչը իր գործած «լուրջ ոճիրներուն» համար Միջազգային քրէական դատարանին առջեւ դատելու որոշում մը:
Որոշումին թեր քուէարկած է 339 երեսփոխան: Որոշումը որդեգրուելու համար անհրաժեշտ էր 226 քուէ:
Լաւրով. «Ռուսիա Չի Պատրաստուիր
Ուքրանիոյ Գործերուն Միջամտելու»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց այլ երկիրները Ուքրանիոյ մէջ «միակողմանի առաւելութիւններու» ձգտելէ, սակայն ըսաւ, որ Ռուսիոյ «միջամտութիւնը մերժող քաղաքականութիւնը» պիտի շարունակուի:
«Վտանգաւոր եւ ապարդիւն է Ուքրանիոյ պարտադրել փորձել կամ մեզի հետ կամ մեզի դէմ սկզբունքին վրայ հիմնուած ընտրանք մը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մեր շահերէն կը բխի, որ Ուքրանիա եւրոպական ընտանիքին մաս կազմէ», սակայն Ռուսիոյ շահերուն դէմ է «արտօնել արմատականներն ու ազգայնականները, որոնք յստակօրէն կը փորձեն տիրելու համար առաջնակարգ դերակատարութիւն ստանձնել»:
Մինչ այդ, երէկ ընթացք առաւ 25 մայիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական ընտրութեան ընտրարշաւը: Նախագահի թեկնածուներու առաջադրումը պիտի տեւէ մինչեւ 30 մարտ:
Ըստ «Քոմերսանթ»-ի, նախագահի պաշտօնի առաւել հաւանական թեկնածուներն են Վիթալի Քլիչքօ, Արսէնի Եացենիուք, ծայրայեղ աջակողմեան ղեկավար Օլէկ Թիակնիպոք եւ «Եւրամայտան»-ի գործիչ, յայտնի գործարար Փիոթր Փորոշենքօ:

