Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի, Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը շնորհաւորեց վարչապետ Թամմամ Սալամը` կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմակերպելու նախագահական ընտրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ամբողջանայ նախագահական ընտրութեամբ եւ ընտրական օրէնքի մը մշակումով:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Ֆատի Սուան ստանձնեց «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու պատասխանատու Նայիմ Ապպասի, երեք ձերբակալեալներու եւ արդարութենէն փախուստ տուած 21 յանցագործներու թղթածրարները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի եւ արեւելեան Պեքաայի մէջ:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ, հանդիպելէ ետք հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի հետ, յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պէտք չէ պայքարիլ միայն անոր հետեւանքները կանխարգիլելով, այլ նաեւ անոր դրդապատճառներուն առաջքը պէտք է առնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ նախագահական ընտրութիւններուն յատուկ թեկնածուի մը մասին խօսելով յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի ունենան իրենց թեկնածուն:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց կառավարութեան` ահաբեկչութեան դէմ լուրջ քաղաքականութիւն որդեգրելու:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբը տակաւին անել ճամբու մը չէ հասած:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները չսահմանափակուին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ կոչ ուղղեց կառավարութիւնը քաղաքական թիւրիմացութիւններուն եւ տարակարծութիւններուն մէջ չմխրճելու:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը ներառելու, սակայն այս փորձերը ձախողութեամբ պիտի աւարտին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ սահմանադրական առումով կառավարութեան պաշտօնավարութիւնը պիտի ըլլայ կարճատեւ` աւելցնելով, որ կառավարական կազմը վերածուած է քաղաքական կեցուածքներ արձանագրելու խմբաւորումի մը:
ԱՄԱԼ շարժումը եւ պաղեստինեան Ֆաթհը միացեալ հանդիպումի մը ընթացքին հաստատեցին, որ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնել կը նշանակէ բոլոր լիբանանցիները թիրախ դարձնել:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ ներառելու իմաստով կատարուած պնդումները կրնան լուրջ հարցեր ստեղծել:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կարեւոր է, որ կառավարութիւնը խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստանայ 5 մարտին:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը շրջանային յստակ տուեալներ ստացած են կառավարութեան թղթածրարին նկատմամբ դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս կոչ ուղղեց սուրիացի գաղթականներուն կեցութիւնը կարգաւորելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանին օժանդակելու իմաստով միջազգային ընտանիքը համոզելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը նկատելու քաղաքական յստակ նպատակներ հետապնդող կազմակերպուած պատերազմ:

