Այն Թինէի Մէջ. Պըրրի Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Մախզումի եւ Պըրրի

Մախզումի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրավիճակը:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Մարուան Շարպել եւ Միխայէլ Տահեր, որոնք քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի:

Քննարկուեցան Պըրրիի Քուէյթ կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Մախզումի յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարենայ լիբանանեան առումով գոյութիւն ունեցող հարցերը լուծել:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր եւ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթօ:

Share this Article
CATEGORIES