Հերմելի Մէջ Նահատակուած Հարիւրապետ Էլիաս Խուրի Եւ Զինուոր Համզա Ֆայթրունի Յանձնուեցան Հողին
Լիբանանեան բանակի հարիւրապետ Էլիաս Խուրի, որ շաբաթ երեկոյեան նահատակուեցաւ Հերմելի բանակի անցարգելին վրայ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին ընթացքին, երէկ յանձնուեցաւ հողին:
Էլիաս Խուրիի դիակը Պէյրութի զինուորական հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Զահլէ եւ ապա անոր ծննդավայրը` Ժտէյտէթ Ֆեքհա:
Գիւղին Մար Ժաուորժիոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Էլիաս Խուրիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն նախագահեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսը:
Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին Ռահհալ եպիսկոպոս շեշտեց, որ իրենք այս շրջանին պայքարող զաւակներն են եւ կառչած պիտի մնան այդ հողին, որ իրենց նահատակներուն արեամբ շաղախուած է:
«Մենք` իբրեւ իսլամներ եւ քրիստոնեաներ, այս շրջանին մէջ կ՛ապրինք միասնականութեամբ, համերաշխութեամբ եւ սիրով: Հերմելի պայթումին ընթացքին հարիւրապետ Խուրիի արիւնը խառնուեցաւ բանակի զինուորներէն Համզա Ֆայթրունիի արեան, եւ անոնք միաձուլուեցան, մենք եւս պէտք է այդպէս ապրինք, եւ այդ միասնականութիւնն է, որ պէտք է պաշտպանենք», ըսաւ ան:
Ռահհալ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ պայթումը գործողը իսլամին եւ քրիստոնեային միջեւ խտրութիւն չի դներ, այլ կը պայթեցնէ իր հաւատադրժողական սկզբունքներուն համաձայն:
«Բանակին նկատմամբ սէր եւ յարգանք կը տածենք, եւ կը պահանջենք, որ բանակին վրայ բարձրացող ձեռքերն ու ճնշումները չքանան, որպէսզի ան ազատ ու անկախ կերպով գործէ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, նոյն պայթումին ընթացքին զոհուած բանակի նահատակներէն Համզա Ֆայթրունիի դիակը երէկ առաւօտեան զինուորական հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Պաալպեք. անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ իմամ Ալիի մզկիթին մէջ:

