Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծած Է Սուրիական Հողերը Եւ Ոչ Թէ Լիբանանը

Իսրայէլեան օդուժին կողմէ նախանցեալ երեկոյեան գործուած ռմբակոծումներուն լոյսին տակ երէկ Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան կեցուածքներ, որոնք հերքեցին, թէ այդ ռմբակոծումները թիրախ դարձուցած են լիբանանեան հողերը:

Ժանթա Եահֆուֆ Սարյինի հովիտներէն փոխանցուած տեղեկագիրներուն համաձայն, հաստատուեցաւ, որ Իսրայէլ ռմբակոծած է սուրիական հողերը, որոնք Լիբանանին հետ սահմանամերձ շրջանի մէջ կը գտնուին:

Նապի Շիթի գիւղապետ Ժաաֆար Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանանի որոշ շրջանները հարուածող հաւատադրժողական շարժումներուն անդամներուն գործած պայթումներէն ետք, Ժանթա Եահֆուֆ Սարյինը սուրիական սահմանին կապող լեռնային բոլոր ճամբաները արդէն իսկ փակուած են ամիսներէ ի վեր:

Մուսաուի հերքեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ իսրայէլեան օդուժը այդ շրջանին մէջ հարուածած է Հըզպալլայի համար զէնքեր փոխադրող փոխադրատար մը` հաստատելով, որ ոչ ոք եւ ոչ մէկ ինքնաշարժ կրնայ այդ շրջաններէն անցնիլ:

Ան շեշտեց, որ Նապի Շիթ իսրայէլեան ռմբակոծումի թիրախ չէ դարձած եւ անոր բնակիչները լաւ վիճակի մէջ են:

Մուսաուի նշեց սակայն, որ Նապի Շիթի բնակիչները լսած են իսրայէլեան ռմբակոծումները, որովհետեւ Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջանի մէջ կը գտնուին:

Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հըզպալլա արաբական եւ արեւմտեան երկիրներէ ստացած է խորհուրդներ, որոնց հիման վրայ նշուած է, թէ Իսրայէլ ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ յանկարծ Հըզպալլա եւ սուրիական բանակը տապալեն Քալամունը, յատկապէս Եապրուտը, որ Իսրայէլի համար ռազմավարական կէտ մը կը նկատուի, իսկ այդ շրջանին վրայ Հըզպալլայի եւ սուրիական բանակի հակակշիռը Իսրայէլին վտանգ կը սպառնայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES