Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան` Արագացնելու Իր Աշխատանքային Ծրագիրին Մշակումը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համախմբումը կոչ ուղղեց կառավարութեան` արագացնելու իր աշխատանքային ծրագիրին մշակումը, ոչ միայն ստանալու համար խորհրդարանի քուէն, այլեւ` լուծելու համար երկրին սպառնացող հարցերը:
Քանաան ընդգծեց սահմանադրական ժամկէտները յարգելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

