Նախագահ Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Աւարտելու Աշխատանքային Ծրագիրը Եւ Ստանալու Խորհրդարանին Վստահութեան Քուէն` Նախքան Փարիզի Խորհրդաժողովը

Փարիզի խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերելիք երկիրներու դեսպաններուն հանդիպումը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Լիբանանի օժանդակելու նպատակով Փարիզի խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերելիք երկիրներու դեսպաններուն նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի, Միջազգային դրամատան եւ Գաղթականներու հարցերու գերագոյն խորհուրդին ներկայացուցիչները:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրները մասնակցին 15-16 մարտին տեղի ունենալիք Փարիզի խորհրդաժողովին:
Ան ըսաւ, որ Փարիզի խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի արժեւորուին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները եւ խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ պիտի քննարկուին Լիբանանի տրամադրուելիք քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական օժանդակութիւնները յաջողցնելու քայլերը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ բոլոր երկիրներուն եւ պետութիւններուն` օժանդակելու Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով անոր դէմ հետզհետէ աւելցող ապահովական սպառնալիքները, որոնք կը մարմնաւորուին ահաբեկչութիւններով:
Ան կոչ ուղղեց նախարարական յանձնախումբին` աւարտելու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը եւ ստանալու խորհրդարանին վստահութեան քուէն` նախքան Փարիզի խորհրդաժողովին կայացումը, որպէսզի այդ խորհրդաժողովին տրուելիք որոշումները շուտով գործադրուին:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան նմանօրինակ խորհրդաժողովներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ֆրանսական զէնքերով ու զինամթերքով զինելու գծով տրամադրուած սէուտական արտակարգ օժանդակութեան շրջագիծին մէջ խորհրդակցութիւնները բացառիկ հեզասահութեամբ կ՛ընթանան: Ան յոյս յայտնեց, որ Իտալիոյ խորհրդաժողովը լիբանանեան բանակին համար ըլլայ հզօր նեցուկ մը` պահպանելու համար Լիբանանի սահմանները, երկրին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ:
Իրենց կարգին, դեսպանները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Սլէյմանին` անոր հրաւէրին համար եւ ողջունեցին Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ վերահաստատեցին ամէն իմաստով Լիբանանի զօրակցելու առումով իրենց պետութիւններուն յանձնառութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահեց Փարիզի խորհրդաժողովի նախապատրաստական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալման եւ լիբանանցի ու ֆրանսացի բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի:
Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կարիքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

