Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Մշակումի Իր Ընթացքը Պիտի Շարունակէ

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 6:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբին չորրորդ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Պութրոս Հարպ, Ժըպրան Պասիլ, Սըժաան Քազզի, Նուհատ Մաշնուք եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին նիստը աւարտեցաւ առանց համաձայնութեան մը յանգելու, հակառակ անոր որ կարգ մը նախարարներ նիստը մեկնաբանեցին իբրեւ դրական կեցուածքներու նիստ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Իքլիմ Խարրուպի եւ Շուֆի կարիքները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Հաժժար յայտնեց, որ Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը պատճառ դարձած է լիբանանեան պետութեան տկարացումին եւ միլիսներու տարածումին:
Հաժժար խստիւ քննադատեց նաեւ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի եւ նախկին նախարարներ Ժըպրան Թաուք եւ Էլիաս Սքաֆ:
Վարչապետ Սալամ հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ վարչապետ Մաթիու Ռենզիի` շնորհաւորելով անոր նոր պաշտօնը:

