Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Ընկերակցութիւնը Նամակ Յղած Է Զուիցերիոյ Արդարադատութեան Նախարարին

«Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւնը Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարին յղած է նամակ մը, որուն մէջ հիասթափութիւն յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումին կապակցութեամբ: «Իբրեւ թուրք իրաւապաշտպաններ, մենք անմիջական վկաներն ենք այն բանի, թէ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Փոքր Ասիոյ միւս քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան ժխտումը ինչպէ՛ս կը ստեղծէ հակաժողովրդավարական համակարգ մը, որ կը նպաստէ ցեղապաշտութեան, այլատեացութեան տարածման եւ խօսքի ազատութեան ու մարդկային իրաւանց խախտումներու», կ՛ըսուի նամակին մէջ:

Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Յանուն Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու, ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան, մենք պիտի ցանկայինք մեր վստահութիւնը յայտնել, որ Տողու Փերինչեքը պատժելու վերաբերեալ Զուիցերիոյ դատարանի որոշումը քայլ մըն էր, որ կոչուած էր պաշտպանելու մեզ բոլորս, ամբողջ մարդկութիւնը ցեղապաշտութենէն: Մենք կը սատարենք Զուիցերիոյ դատարանի որոշումին, եւ անիկա իրաւասու է բողոքարկելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի 17 դեկտեմբերի որոշումը»:

17 դեկտեմբեր 2013-ին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը որոշեց, որ Զուիցերիա խախտած է իրաւունքը Թուրքիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի, որ կը մեղադրուէր ցեղային խտրականութեան մէջ, որովհետեւ հրապարակաւ ժխտած էր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:

 

Share this Article
CATEGORIES