«ՀՅԴ-ն Մարտահրաւէրներուն Կը Նայի Բաց Աչքերով Եւ Պատրաստակամ` Մասնակից Ըլլալու Անոնց Լուծման» Ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան

Դաւիթ Իշխանեան
Անցեալ շաբաթավերջին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ ՀՅԴ 123-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս օրերուն աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը տօնէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 123-ամեակը, կը տօնէ որպէսզի վերաիմաստաւորուի անցեալը` ներկայի եւ ապագայի խնդիրներուն լուծման պատրաստակամութեան երդում տալով: «Նոյն պատրաստակամութեամբ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը այսօր կը տօնէ Դաշնակցութեան 123-ամեակը: Այս տօնը բոլորիս տօնն է: Ուրեմն թոյլ տուէք շնորհաւորելու բոլորդ` տօնին առիթով», ըսաւ ան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շնորհաւորեց նաեւ 1921 թուականի փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան առիթով: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին մօտ տակաւին պարզ ու թափանցիկ չեն լուսաբանուած այս ապստամբութեան էութիւնն ու անոր դասերը, բայց անիկա իր համաժողովրդական պոռթկումով 1988-ի նպատակը ը հետապնդէր: «Մեր ժողովուրդի բովանդակ շահերը ոտնահարող որեւէ երեւոյթ անընդունելի նկատելով, ըլլայ ցեղասպան թուրքին, պոլշեւիկ ռուսին կամ համայնավար ազերիին կողմէ, այդ պոռթկումը ազատ ու արդար ապրելու դրսեւորման հետեւանքն էր` պաշտպանելու սեփական իրաւունքներն ու շահերը», ընդգծեց Իշխանեան:
Իշխանեան շեշտեց, որ եթէ չըլլար 1890 թուականին Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ Ստեփան Զօրեանի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հիմնելու սուրբ նախաձեռնութիւնը, եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, 1921 թուականի փետրուարեան ապստամբութիւնը, չէր ըլլար 1967 թուականը, 1991-ը: Ուրեմն հպարտանանք, որ սերունդն ենք 100-ամեայ ազատատենչ ոգին կրող մեր պապերուն ու հայրերուն»:
Դաւիթ Իշխանեան նաեւ ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան որեւէ ամեակի տօնակատարութիւնը փառաբանութեան կամ գովաբանութեան հաւաք չէ, այլ` հաշուետուութիւն կատարուածին եւ չկատարուածին համար, անդրադարձ առկայ հիմնախնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հպարտութեամբ նշեց, որ այս օրերուն կ՛ամբողջանայ նաեւ ՀՅԴ կառոյցի Արցախի մէջ վերահաստատման 25-ամեակը: «Վերահաստատման, որովհետեւ քիչերը գիտեն, որ 1905-1921 թուականներուն ՀՅԴ Արցախի կառոյցը, իր շուրջ համախմբելով հազարաւոր արցախցի հերոսներ, փրկեց արցախցիները ցեղասպանութենէն ու տեղահանութենէն: Աւելի՛ն, յուլիս 1918-ին, Ղարաբաղի առաջին համագումարին վերահաստատուեցաւ, որ Ղարաբաղ մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան: Այդ ոգին փոխանցուեցաւ մեր սերունդին, եւ շատերը Դաշնակցութեան անդամագրուելու ճամբով փորձեցին իրականութիւն դարձնել տասնամեակներու երազանքը` Արցախը Մայր հայրենիքին վերամիաւորելու սուրբ գործը», նշեց Դաւիթ Իշխանեան:
Իշխանեան խօսեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին: Ըստ անոր, ՀՅԴ-ն մարտահրաւէրներուն կը նայի բաց աչքերով եւ պատրաստակամ` զանոնք լուծելու գործին մէջ: «Ժամանակն է, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ, քաղաքական գործիչ պատասխանատու ըլլայ իր ստանձնած պարտականութիւններուն համար` ըլլայ ատիկա ընդդիմութիւն, թէ իշխանութիւն: ՀՅԴ-ն ըլլալով ընկերվարական կուսակցութիւն` պատրաստակամ է ըլլալու ընկերային արդարութեան երաշխաւորը», նկատել տուաւ Իշխանեան: Իշխանեան շեշտեց Դաշնացութեան առաքելութեան անհրաժեշտութիւնը թէ՛ ներքաղաքական, թէ՛ արտաքին քաղաքական ասպարէզին մէջ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նաեւ ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան համար պայքարը երբեք դադար չէ ունեցած` տրուած ըլլալով, որ հայ ժողովուրդը տակաւին ունի արդար դատ, ազատ ապրելու իրաւունք եւ ցանկութիւն:
«Ըլլանք իշխանութիւն, թէ ընդդիմութիւն, Դաշնակցութիւնը ունի առաքելութիւն եւ նպատակ` Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի կերտումը: Արցախը այդ նպատակին մէկ մասնիկն է», եզրափակեց Իշխանեան:

