ՀՅ Դաշնակցութիւնը Զօրաւոր Կերպով Պաշտպանեց «Նայիրիտ» Գործարանին Հարցով Ժամանակաւոր Յանձնախումբ Ստեղծելու Գաղափարը

Արծուիկ Մինասեան` Ազգային ժողովին առջեւ համախմբուած «Նայիրիտ»-ի աշխատակիցներուն ուղղած խօսքին պահուն
Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին արտակարգօրէն քննարկուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցած` «Նայիրիտ գործարան» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մասնաւորեցման, ստանձնած վարկային պարտաւորութիւններուն եւ անհրաժեշտ ծաւալով տնտեսական գործունէութիւն չիրականացնելու պատճառները ուսումնասիրելու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու նախագիծը:
Հիմնական զեկուցող, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ «Նայիրիտ» գործարանի գործունէութեան վերաբերեալ բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացած են եւ գործարանը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը:
Պատգամաւորը յայտնեց, որ խնդիրին վերաբերեալ բազմաթիւ հրապարակումներ կը խօսին այն մասին, որ գործարանը կանխամտածուած դէպի սնանկացում կը տանին, ինչ որ Հայաստանի տնտեսութեան դէմ ուղղուած մարտահրաւէր է: «Որո՞նք են եւ ի՞նչ ձեւով ազդած են այս գործարանի գործունէութեան վրայ: Որեւէ ձեւով կարելի չէ պարզել, որովհետեւ այս հարցով քրէական գործերը մերժուած են եւ մութ պատմութիւններ մնացած են, իսկ գործարանը կուտակած է պարտքեր եւ 3000 աշխատակիցներ ալ անգործ մնացած են», ըսաւ պատգամաւորը:
Ան նշեց, որ «Նայիրիտ»-ի ապագան եւ ճակատագիր որոշելը պէտք է դառնայ Ազգային ժողովի կարեւոր խնդիրներէն մէկը, որովհետեւ անիկա պէտք է ունենայ մասնակցութիւն այս խնդիրները բացայայտելու գործին մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար պատասխանել պարզ այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը նախատեսուի «Նայիրիտ»-ի համար, արդեօ՞ք գործարանը պիտի վերագործարկուի: «Պատասխան չկայ: Մենք նաեւ կը տեսնենք տեղեկատուական կեղծ գրոհ գործարանին վերաբերեալ, իբրեւ թէ «Նայիրիտ»-ի հարցով մտահոգուած որոշ պաշտօնատարներ ջանք կը թափեն, որ գործարանը վերագործարկուի, սակայն այդ նոյն անձերն են «Նայիրիտ»-ի այսօրուան վիճակի մեղաւորները», ըսաւ Մինասեան` աւելցնելով, որ հոլովոյթները կը տանին դէպի կանխամտածուած սնանկացում, ինչ որ կը նշանակէ, որ գործարանի վերագործարկման կամ փրկութեան համար հիմքեր չկան:
Պատգամաւորը շեշտեց, որ շատ կարեւոր է այս հարցերու լուծման ուղղութեամբ ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծումը: Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վարդան Այվազեան նշեց, որ շարք մը նկատառումներէ մեկնելով, յանձնախումբը Դաշնակցութեան ներկայացուցած հարցադրման բացասական պատասխան տուաւ:
Ան նշեց, որ իր կարծիքով, կայ Դաշնակցութեան կողմէ քաղաքական շահարկման վտանգ, հակառակ պարագային` եթէ կայ կանխամտածուած սնանկացման կամ թալանի հոլովոյթ, ապա ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը չէ դիմած իրաւապահ մարմիններուն:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ Ազգային ժողովի նախագահին ելոյթը յոյս ներշնչեց, որ քաղաքական մեծամասնութիւնը կը ցանկայ հարցեր լուծել, բայց վերջին կէս ժամուան ընթացքին միանգամայն հակառակ պատկերը պարզուեցաւ:
Վարդանեան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը քաղաքական շահարկում ընողը չէ, այլ իր նպատակը կը վերաբերի գործարանի վերագործարկման:
Ան նշեց, որ «Նայիրիտ»-ի գոյութեան բոլոր տարիները շղթայակապ պատմութիւն մըն է` արտերկրի մէջ տնտեսական գայթակղութիւններու, պարտքերու եւ վարկերու, զորս քաղաքական մեծամասնութիւն չ՛ուզեր տեսնել: Ան ներկայացուց «Նայիրիտ»-ի վերաբերեալ բոլոր այն անօրինական փաստերը, որոնք այսօր ուսումնասիրման կարիքը ունին:
«Այսօր իրանական ընկերութիւն մը մտած է դատարան` պահանջելով, որ «Նայիրիտ» սնանկ յայտարարուի: Եւ եթէ սնանկ յայտարարուի, մոռցէք բոլոր պատմութիւնները: Ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելը միայն օգուտ պիտի բերէ գործին, ես ատիկա կ՛երաշխաւորեմ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան իր կարգին նշեց, որ ստեղծուած է հետաքրքրական իրավիճակ, երբ քաղաքական մեծամասնութիւնը կ՛առաջարկէ միասին աշխատիլ, այդ ընթացքին հարցեր ուսումնասիրել, իսկ յետոյ չ՛ուզեր:
«Մենք կ՛ըսենք` լաւ բան կ՛ընենք, չէ՞ք հաւատար, եկէք աշխատինք եւ աշխատանքով ցոյց տանք: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ կը մերժէք: Եթէ որեւէ մէկուն կը թուի, որ «Նայիրիտ»-ի հարցը կարեւորութիւն չունի, մենք կրնանք բազմաթիւ փաստեր ներկայացնել, թէ որքան կարեւոր է ատիկա», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ան նշեց, որ Վարդան Այվազեան կը մերժէ յանձնախումբ ստեղծելու առաջարկը, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը չէ դիմած իրաւապահ մարմիններուն, եթէ ունին ուսումնասիրութիւններ, բայց յանձնախումբը, ըստ Ռուստամեանի, կը ստեղծուի այդ ուսումնասիրութիւնները ուսումնասիրելու համար:
«Նայիրիտ»-ի Աշխատակիցներու Ցոյց`
Խորհրդարանին Առջեւ
«Նայիրիտ»-ի խումբ մը աշխատակիցներ Ազգային ժողովին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեցին` պահանջելով, որ Ազգային ժողովը հաստատէ ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցած նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծել «Նայիրիտ»-ի բոլոր խնդիրները ուսումնասիրելու նպատակով:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը նաեւ միացաւ «Նայիրիտ»-ի աշխատակիցներուն` յայտարարելով, որ իրենք եկած են արդարութիւն պահանջելու «Նայիրիտ»-ի աշխատակիցներուն համար:
Ուսանողական միութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան նաեւ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց սպասելու մինչեւ Ազգային ժողովի նիստին աւարտը, քանի որ նիստէն ետք իրենց պիտի մօտենան սատարող պատգամաւորները:

