Յունաստանի Խորհրդարանի Նախագահը Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգեց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով Հայաստան պաշտօնական այցելութիւն տուող Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 25 փետրուարին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի ընկերակցութեամբ Էվանկելոս Մէյմարաքիս ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին առջեւ:
Յունաստանի խորհրդարանի նախագահն ու անոր ընկերակցողները նաեւ ծաղիկներ զետեղեցին Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Անոնք նաեւ այցելեցին Յիշողութեան պուրակ, ուր Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը տնկեց արծաթափայլ եղեւնի:

