ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նախարարները
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան, Աւետիս Կիտանեան եւ ուժանիւթի ու ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները` Ժըպրան Պասիլը, Ռոնի Արայժին եւ Էլիաս Պու Սաապը:
Հանդիպումին ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէն շնորհաւորեց նախարարները նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:

