Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը պիտի սկսիք բարձր տրամադրութեամբ, որ պիտի շարունակուի մինչեւ օրուան աւարտը: Ձեր ուրախ տրամադրութիւնը պիտի ազդէ ձեր շրջապատին վրայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին, եթէ ունիք ճակատագրական խնդիր մը լուծելու վիճակ: Ուրիշը չի գիտեր ձեր ներաշխարհին պահանջը, եղէք իրատես:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Փորձուած անձը կրկին մի՛ փորձէք` պատասխանատու պաշտօն մը տալով անոր: Ձեր յոյսը կրնայ չիրականանալ, հետեւաբար իմաստուն պէտք է ըլլաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ստեղծագործական ձեր ոգեւորութիւնը շահեկան պիտի ըլլայ այսօր: Պիտի լսէք գնահատական խօսքեր` ձեր իւրայատուկ գործունէութեան համար: Շարունակեցէք նոյն թափով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր կողակիցին հետ պիտի ունենաք լուրջ խորհրդակցութիւն մը` նիւթական հարցով մը: Ձեր մտածումները պէտք է ըլլան խոհեմ եւ իրարու հետ հաշտ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ գրաւոր արտայայտութիւն մը պիտի ունենաք նամակի կամ պաշտօնական դիմումի մը պարագային, ձեր գրածը քանի մը անգամ կարդալէ ետք ղրկեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ներեցէք այն անձին, որ կամայ կամ ակամայ ձեր նկատմամբ զրպարտութիւն մը կատարած է: Առանց ջղայնանալու` բացատրութիւն պահանջեցէք իր յերիւրած սուտերուն համար: Ան զղջում պիտի արտայայտէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ բարեսիրական նուիրատուութիւն մը կատարէք, տուէք ձեր լուման, այսինքն` ձեր կարողութեան չափ: Յաւելեալ պատասխանատուութիւն մի՛ ստանձնէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր արտաքին տեսքը բարելաւելու համար դիմեցէք գեղագէտներու: Մասնաւորաբար հոգ տարէք վարսայարդարման եւ հագուստ կապուստի` առանց ծայրայեղ նորաձեւութեան հետեւելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընկերային առիթով մը հրաւէր մը պիտի ստանաք բարեկամներէ` մասնակցելու ընթրիքի: Երեկոն պիտի ըլլայ զուարթ եւ յուսատու: Փոխադարձեցէք նման հիւրասիրութեամբ մը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք սրամիտ զրուցելու շնորհք, որով պիտի արժանանաք գովեստի: Ձեր երկնատուր ձիրքերը արտայայտեցէք, երբ առիթը ներկայանայ ընկերութեան մէջ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիճակահանութեամբ կամ այլ բախտով գումար մը պիտի անցնի ձեր ձեռքը: Այս անակնկալը պիտի բարելաւէ օրուան ձեր մտահոգութիւնը: Յոյսով ապրեցէք, մի՛ ընկրկիք:

